Մասնագիտական Եւ Իրաւական Քննարկումներ Կատարելէ Ետք «Հայոց Ցեղասպանութիւնը` Ճանաչումէն Հատուցում» Երկօրեայ Համագումարի Եզրափակիչ Նիստերը

Ուրբաթ օր սկիզբ առած եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ կազմակերպուած «Հայոց ցեղասպանութիւնը` ճանաչումէն հատուցում» նիւթով միջազգային երկօրեայ համագումարը իր աշխատանքները շարունակեց շաբաթ օր:

Համագումարի երկրորդ եւ վերջին օրուան` «Դէպի հայկական իրաւունքներու եւ կալուածներու որակական եւ քանակական ցանկ մը» խորագիրը կրող առաջին նիստը ընթացք առաւ առաւօտեան ժամը 9:00-ին: Նիստին նախագահեց Բրիտանիոյ Օքսֆորտ համալսարանի ընկերաիրաւական ուսումնասիրութեանց կեդրոնի գործող տնօրէն փրոֆ. Մարինա Քուրչեան: Առաջին զեկուցաբերն էր Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի քաղաքական գիտութեանց դասախօս փրոֆ. Ժան Կէօքճեան, որ ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատկանող կալուածները: Ան նշեց, որ իթթիհատական կառավարութենէն ետք քեմալական կառավարութիւնը եւս հայապատկան կալուածները գրաւելու յաւելեալ քայլեր որդեգրեց` Թուրքիոյ հողերէն հեռացուածները զրկելով իրենց իրաւունքները պահանջելու իրաւունքէն:

Երկրորդ զեկուցաբերն էր Միացեալ Նահանգներու Ճորճ Ուաշինկթըն համալսարանի միջազգային եւ բաղդատական իրաւաբանական ուսումնասիրութեան բաժանմունքի համատնօրէն փրոֆ. Սիւզան Քարամանեան: Ան իր «Ցեղասպանութեան տնտեսական երեսը» զեկուցումին մէջ նշեց, որ 1915-ին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները տնտեսական ենթահող ալ ունին, եւ զանոնք հասկնալու համար հարկ է հասկնալ 1800-ական թուականներուն պատահածները: Ան յայտնեց, որ քրիստոնեաները տնտեսական գետնի վրայ թրքական հասարակութեան մէջ նախաձեռնող եւ աշխուժ տարր մըն էին, ինչ որ անոնց նկատմամբ լարուածութիւն ստեղծեց: Իբրեւ օրինակ ան նշեց, որ 1913-ին հայկական առեւտուրի եւ արտադրութեանց պոյքոթի քաղաքականութիւն մը կիրարկուեցաւ:

Փրոֆ. Քարամանեան յայտնեց, որ ցեղասպանութեան դրդապատճառներէն մէկը տնտեսական նախանձն ու տնտեսական շահն էր` նշելով, որ վերջինս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանք էր, այսինքն` բազմաթիւ թուրքեր Հայոց ցեղասպանութեան իբրեւ արդիւնք տնտեսական շահեր ապահովեցին:

Առաջին նիստին վերջին զեկուցաբերն էր թուրք այլախոհ պատմաբան փրոֆ. Թաներ Աքչամ, որ «Հայկական կալուածներու օրինականացուած գրաւումին ետին ցեղասպանական նպատակը» խորագիրով զեկուցումին մէջ ներկաներուն հետաքրքրական տեղեկութիւններ փոխանցեց: Ան յայտնեց, որ թրքական օրէնսգիրքին մէջ գոյութիւն ունին 70-80 օրէնքներ, որոնք կը վերաբերին Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ հայկական կալուածներու հարցին:

Փրոֆ. Աքչամ ընդգծեց, որ հայերու բնաջնջումը պարզապէս մանրամասնութիւն մըն էր, իսկ կարեւոր հարցը հայերուն վերադարձն ու կալուածներու վերատիրացման պահանջը կանխարգիլելն էր: Ուստի այդ նպատակին ծառայող օրէնքներ որդեգրուեցան: Ան նշեց, որ հայապատկան կալուածներու գրաւումը թրքական օրէնքին մէջ ներկայացուեցաւ իբրեւ կառավարութեան կողմէ այդ կալուածներուն հայերուն փոխարէն կառավարում մը, որպէսզի պետութիւնը գողի երեւոյթ չունենայ: Ոչինչ կատարուած է ապօրինի կերպով, սակայն այդ օրէնքները ցեղասպանութեան բաղադրիչ մէկ մասն են:

Թուրք այլախոհ պատմաբանը ընդգծեց, որ ոչ իսկ մէկ օրէնք կայ, որ կ՛արգիլէ կալուածները հայերուն վերադարձնել, սակայն օրէնսդրութիւնը այնպէս է, որ «ձեզ ոչ մէկ տեղ կ՛առաջնորդէ»: Ան յայտնեց, որ Լոզանի եւ թրքական օրէնքներու հիմամբ Թուրքիա չի կրնար հերքել, թէ կալուածները հայերուն կը պատկանին: Ան ըսաւ, որ ցեղասպանութիւնը իբրեւ տեղահանում կը ներկայացուի, սակայն չկայ որեւէ օրէնք, որ կը նշէ, թէ հայերը ինչպէ՛ս պիտի վերաբնակեցուին` աւելցնելով, որ անոնց վերադարձը բացառուած է: Ան վերոնշեալ օրէնքներուն իբրեւ օրինակ նշեց 30 մայիս 1915-ին եւ 10 յունիս 1915-ին որդեգրուած եւ հայերու ինչքերը կառավարելուն վերաբերող օրէնքները, որոնց հիմամբ պետութիւնը ինք ձեռք առաւ ինչքերը եւ հայերուն արգիլեց զանոնք կառավարել, ինչպէս նաեւ սեպտեմբեր 1915-ի օրէնքը, որ կը պահանջէ այդ կալուածներուն արժէքը փոխանցել իրենց իրաւատէրերուն:

Փրոֆ. Աքչամ յայտնեց, որ 1920-ին որդեգրուած է օրէնք մը, որ բացայայտ կերպով ինչքերը կը վերադարձնէ հայերուն, սակայն քեմալականները ջնջեցին զայն եւ վերականգնեցին 1915-ի օրէնքները: Ան յայտնեց, որ Լոզանէն ետք 1924-ին օրէնքը բարեփոխուեցաւ եւ իրաւունք տրուեցաւ կալուածները վերադարձնելու այն հայերուն, որոնք իրենց ինչքերուն հետ Թուրքիոյ մէջ կը գտնուէին, սակայն օրէնքով ամէն ինչ կատարուեցաւ այս ընթացքը արգելակելու:

Փրոֆ. Աքչամ այլ հետաքրքրական բացայայտում մը կատարելով նշեց, որ բոլոր արեւմտահայերը մինչեւ 1964 Թուրքիոյ քաղաքացիներ էին, սակայն այդ թուականէն ետք անոնք դադրեցան քաղաքացիներ ըլլալէ եւ անոնց ինչքերը գրաւուեցան: Ան ըսաւ, որ մինչեւ այդ թուականը 1928-ին որդեգրուած օրէնք մը կը պահպանէր հայերուն քաղաքացիութիւնը:

Կէս ժամ դադարէ մը ետք, ընթացք առաւ օրուան երկրորդ նիստը, որ կը կրէր «Փոխհատուցման հոլովոյթի հեռանկարները» խորագիրը: Նիստի նախագահն էր Նափոլիի համալսարանի փոխնախագահ, Միջազգային օրէնքի դասախօս փրոֆ. Ճիուզեփփէ Քաթալտի, որ յայտնեց, որ անցեալ դարը մարդկային իրաւանց տարածման դար մը եղաւ, իսկ ներկայ դարը պէտք է մարդկային իրաւանց գործադրութեան դար մը ըլլայ, այլապէս մեծ կորուստ մը պիտի ըլլայ: Ան ըսաւ, որ անհրաժեշտ է ճամբու քարտէս մը գծել, որպսէզի Հայոց ցեղասպանութեան նման հարցերու համար միջազգային եւ տեղական իրաւական բեմերու վրայ նոր առիթներ ստեղծուին:

Նիստի առաջին զեկուցաբերն էր Միացեալ Նահանգներու Վորչեսթըր համալսարանի պատմաբանութեան դասախօս փրոֆ. Հանրի Թերիօ, որ «Կորսուած հայկական կալուածներու վերատիրացման ջանքեր» խորագիրով իր զեկուցումին մէջ յայտնեց, որ հարցի իրաւական հետապնդումին ընթացքին պէտք է նկատի ունենալ, որ օրէնքը ուժին կը հետեւի, ուստի պէտք է իրաւաբանական աշխատանքին կողքին նաեւ քաղաքական եւ քարոզչական աշխատանք կատարել: Ան նշեց, որ ցեղասպանութիւնը միայն հայերու եւ թուրքերու հարցը չէ, այլ ամբողջ մարդկութեան:

Փրոֆ. Թերիօ նշեց, որ հատուցումը մասնակի ձեւով չի կրնար ըլլալ, այլ` ընդլայնուած, աւելցնելով, որ ցեղասպանութիւնը շարունակուող հոլովոյթ մըն է: Ան յայտնեց, որ իրաւական հոլովոյթները կը հիմնուին անհատական պարագաներու վրայ եւ ոչ թէ հաւաքական:

Փրոֆ. Թերիօ ընդգծեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան փոխհատուցումը հայ ժողովուրդին եւ հայկական պետութեան համար գոյութենական հարց մըն է` աւելցնելով, որ հայկական ինքնութիւնը յաւելեալ դար մը պիտի չապրի, եթէ Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով յառաջացած հարցերը չդարմանուին:

Պատմաբանութեան դասախօսը նշեց, որ ցեղասպանութիւնները կը դադրին այն ատեն, երբ զոհերը բաւարարաչափ կը լուսանցքայնացուին, եւ այն ատեն մնացեալ աշխատանքը պատմութեան դանդաղ հոլովոյթին կը վստահուի, ինչպէս պատահեցաւ Ամերիկայի կարմիր հնդիկներուն պարագային: Ան ըսաւ, որ 10 տարի առաջ ոչ ոք կը խօսէր հատուցման մասին, իսկ այժմ հայկական հասարակութեան մէջ ու միջազգային բեմին վրայ մեծ փոփոխութիւն մը տեղի ունեցած է եւ հատուցման գաղափարին ի նպաստ համաշխարհային շարժում մը յառաջացած է:

Երկրորդ նիստին երկրորդ զեկուցաբերն էր «Յուշամատեան» ծրագիրի տնօրէն եւ աւագ խմբագիր, պատմաբան փրոֆ. Վահէ Թաշճեան, որ «1920-ին Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ ֆրանսական իշխանութեանց ճամբով Թուրքիոյ մէջ հայկական կալուածներու վերատիրացում» խորագիրով զեկուցումին մէջ յայտնեց, որ նշեալ թուականներուն Լիբանան եւ Սուրիա ֆրանսական հոգատարութեան տակ կը գտնուէին, ուստի բնական էր մտածել, թէ հոգատար իշխանութիւնները պիտի պաշտպանէին հայ գաղթականներուն իրաւունքները, սակայն Ֆրանսա Թուրքիոյ հետ համաձայնութիւն մը կնքելով անտեսեց այդ իրաւունքները: Ան ներկաներուն ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան արխիւներէն օրինակներ:

Երկրորդ նիստին երրորդ զեկուցաբերն էր Անգարայի անկախ նախաձեռնութեան ազատ համալսարանէն փրոֆ. Սայիտ Չեթինօղլու, որ «Թրքական օրէնքին մէջ կորսուած հայկական կալուածներու կարգավիճակը» խորագիրով իր զեկուցումին մէջ յայտնեց, որ հայերու կալուածներուն տիրացան տեղական ազդեցիկ դէմքերը: Ան ըսաւ, որ 1928-ին հայերուն տրուեցան անցագիրներ, որոնք վերանորոգելի չէին եւ կարելի էր միայն մէկ անգամ գործածել:

Երկրորդ նիստին չորրորդ զեկուցումը ներկայացուց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Քեն Խաչիկեան` հիմնական նիւթ ունենալով «Եկեղեցական կալուածներու վերադարձին հարցը` Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսին մէջ»:

«Հայոց ցեղասպանութիւնը` ճանաչումէն հատուցում»  միջազգային համագումարի երրորդ նիստին բացումը տեղի ունեցաւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, որուն նիւթն էր «Վերադարձի հոլովոյթին հայեցակարգը»:

Այս նիստին նախագահն էր ՄԱԿ-ի միջազգային օրէնքի յանձնախումբի փոխհամակարգող եւ Շուէտի Լունտ համալսարանի միջազգային օրէնքի դասախօս փրոֆ. Մարի Ժաքոպսըն:

Ապա Քամպրիճ համալսարանի միջազգային օրէնքի Լաութըրփաչթ կեդրոնի տնօրէն փրոֆ. Ռոճըր Օքիֆ խօսեցաւ «Միջազգային պատասխանատուութիւնը մշակութային ունեցուածքի աւերման ու փճացման մէջ» նիւթին մասին:

«Քանդումն ու վերականգնումը միջազգային օրէնքին մէջ» նիւթին անդրադարձաւ Վիեննայի համալսարանի հասարակական միջազգային օրէնքի դասախօս փրոֆ. Իրմկարտ Մարպօ:

Օրուան երրորդ դասախօսն էր Միլանոյի կաթողիկէ համալսարանի դասախօս փրոֆ. Կապրիէլ Տելլա Մորթէ:

Երեք զեկուցումներէն ետք, մասնակիցները առին դադար մը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ համագումարի փակման նիստը:

Համագումարին եզրափակիչ նիստը կայացաւ շաբաթ, 25 փետրուար 2012-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, մասնակցութեամբ Լիբանանէն, Միացեալ Նահանգներէն, Աւստրիայէն, Գերմանիայէն, Իտալիայէն, Թուրքիայէն, Անգլիայէն եւ այլ երկիրներէ ժամանած իրաւագէտներու, դասախօսներու, Հայ դատի աշխատանքներու մասնակիցներու, ինչպէս նաեւ Լիբանանի խորհրդարանի անդամներու:

Նիստին բացումը կատարեց դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, որ հաստատեց, որ Թուրքիան ժառանգորդն է Օսմանեան կայսրութեան, եւ Հայոց ցեղասպանութեան ոճիրին գծով ունի միջազգային պատասխանատուութիւն:

Ան ըսաւ, որ Ցեղասպանութիւնը շարունակուող ոճիր է, այնքան ատեն որ խնդիրը ամբողջովին արդար լուծում չէ ստացած: Իր խօսքին մէջ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ամփոփեց համագումարին նշուած յատկանշական եւ կարեւոր կէտերը:

Ապա համագումարին մասնակիցները արտայայտեցին իրենց եզրափակիչ տեսակէտներն ու մէջբերումները, որոնց խօսքերէն ետք, երկօրեայ համագումարին եզրափակիչ պատգամը ուղղեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը:

Վեհափառը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն, որոնք ոչ միայն ներկայ գտնուեցան, այլեւ` քննարկումներուն եւ արժեւորումներուն իրենց մասնագիտական եւ իրաւական մասնակցութիւնը բերին:

Արամ Ա. կաթողիկոս հաստատեց, որ համագումարը լաւագոյն առիթը հանդիսացաւ մօտէն ծանօթանալու Հայոց ցեղասպանութեան հարցին գծով իրաւական տուեալներուն, եւ միջազգային իրաւական մակարդակի վրայ աշխատանքներ կատարելու կարելիութիւններուն:

Վեհափառը ըսաւ, որ Թուրքիա հաւանական է, որ շարունակէ Ցեղասպանութեան ուրացման քաղաքականութիւնը` կասեցնելու համար ճանաչումներու ընթացքը: Արամ Ա. կաթողիկոս պատրաստակամութիւն յայտնեց հատուցման հարցը ներկայացնելու եւ հետապնդելու միջազգային ատեաններուն մէջ:

Խօսելով Հայաստանի Հանրապետութեան դերակատարութեան մասին` վեհափառը շեշտեց, որ պետութիւնը պէտք է իր գործօն մասնակցութիւնը ունենայ ճանաչման եւ հատուցման աշխատանքներուն գծով:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը հաստատեց, որ կաթողիկոսութիւնը` իբրեւ ցեղասպանութեան զոհ, բարոյական եւ օրինական պարտականութիւնը եւ արդար իրաւունքը ունի Թուրքիոյ ներկայացնելու իր կալուածներուն եւ ունեցուածքներուն պահանջը:

Վեհափառը աւելցուց, որ 1915-ին հայութեան դէմ կատարուած անմարդկային ոճիրը երեւակայութիւն չէ, այլ` Օսմանեան կայսրութեան համաթրքական քաղաքականութեան արտայայտութիւնը:

Կալուածներու վերատիրացման գծով Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ, որ հայ կաթողիկէ եւ աւետարանական յարանուանութիւններու եւ քաղաքական կուսակցութիւններու ղեկավարութիւններուն հետ միասնաբար պիտի քննարկուին Ցեղասպանութեան հատուցման հարցով միջազգային օրէնքին դիմելու կարելիութիւնները` ՄԱԿ-ի խողովակներով:

Աւելի՛ն. վեհափառը յայտնեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը պատրաստ է հատուցման հարցով դիմելու Մարդկային իրաւունքներու Եւրոպական ատեանին, եւ այս իմաստով, Հայաստանի պետութիւնը պէտք է ունենայ առանցքային դերակատարութիւն:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը իր պատգամը եզրակացուց հաստատելով, որ պահանջատիրութիւնը արդարութիւն է, ո՛չ աւելի եւ ո՛չ ալ պակաս:

Յայտնենք, որ ուրբաթ գիշեր ի պատիւ համագումարին մասնակիցներուն տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի սրահին մէջ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES