Պոլսոյ Եւ Անգարայի Մէջ Հակահայ Ցոյց. «Բոլորդ Ալ Հայեր Էք, Բոլորդ Ալ Պոռնկորդիներ Էք» Բացագանչած Են Ցուցարարները
Լիբանանեան «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ աւելի քան 10 հազար թուրքեր «ըստ ազրպէյճանցիներու հարիւրաւոր զոհ պատճառած տխրահռչակ յարձակումի մը» տարելիցը նշելու համար հաւաք մը կատարած են:
«Էլ.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթի լրագրող Կիյոմ Փերիէ կը յայտնէ, որ «այս ցոյցը զօրակցութիւնը կը վայելէ, ջատագովուած է եւ ֆինանսաւորուած (Թուրքիոյ) արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ»:
Ցուցարարները, ներառեալ` աշխատաւորական համադաշնակցութիւններ եւ ազգայնական խմբակներ Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ երէկ հաւաք մը կատարած են դատապարտելու համար Հայաստանը եւ Ազրպէյճանի զօրակցութիւն յայտնելու համար: Ըստ տեղեկութեանց, հաւաքին մասնակցած է նաեւ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարը: Կարգ մը արեւմուտքցի լրագրողներ ապշած են ցոյցին ընթացքին տիրած ազգայնական ուժեղ զգացումներէն:
Փերիէ «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ գրած է. «Կարգախօսներուն բրտութիւնն ու ազգայնականութեան զեղումը ահարկու են: Թուրքիոյ համար ահաւոր պատկեր մը»: Ան մէջբերած է Հրանդ Տինքի համակիրներուն օգտագործած կարգախօսին աղաւաղումը եղող կարգախօս մը. «Բոլորդ ալ հայեր էք, բոլորդ ալ պոռնկորդիներ էք»:
Ծայրայեղ ազգայնականներ Սարքոզի մակնիշով զուգարանի թուղթեր բաժնած են: Փերիէ կը գրէ, որ «Խոջալուի 600 զոհերը պատրուակ կը ծառայեն հակահայ ատելութեան զեղումին համար: 1915-ի կրակը տակաւին կը վառի»:
Նոյնպիսի ցոյց մը տեղի ունեցած է նաեւ Անգարայի մէջ: