Պըրրի Ընդունեց Քըրթպաուին
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ ընդունեց արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Միւս կողմէ, Պըրրի խորհրդարանական միացեալ յանձնախումբերը հրաւիրեց նիստի մը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ չորեքշաբթի օր` առաւօտեան ժամը 10:30-ին:
Պէտք է աւելցնել, որ Պըրրի այսօր կէսօրին պիտի նախագահէ խորհրդարանի դիւանի եւ խորհրդարանական յանձնախումբերու նախագահներու եւ քարտուղարներու յատուկ նիստին:
CATEGORIES Լիբանանեան


