Վարչապետարանին Մէջ Միքաթի – Ժրայսաթի Հանդիպում
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց աշխատանքի նախարար, դատաւոր Սելիմ Ժրայսաթին: Հանդիպումը ունէր պատշիրային բնոյթ:
Միքաթիի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Շարլ Ռըզք: Քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:
Հանդիպումէն ետք Ռըզք յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին աշխատանքը ընթացքի մէջ է` աւելցնելով, որ այդ ատեանը քիչ թէ շատ բոլորին համախոհութիւնը կը վայելէ:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ժորժ Քարաա:
Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ «Նահար» օրաթերթին յայտնեցին, որ պետական նշանակումներուն թղթածրարը մօտիկ ապագային կրնայ վերստին քննարկուիլ:
CATEGORIES Լիբանանեան