Թեհրանի Մէջ Ահմատինեժատ Ընդունեց Ղոսընը

Ղոսըն եւ Ահմատինեժատ

Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն շաբաթավերջին պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Իրան, ուր ընդունուեցաւ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի կողմէ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւելու հեռանկարները:

Ըստ իրանեան ԻՐՆԱ պաշտօնական լրատու գործակալութեան, հանդիպումին ընթացքին նախագահ Ահմատինեժատ զգուշացուցած է Ղոսընը` նկատել տալով, որ թշնամիները կը փորձեն խախտել լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը: Ան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն զգաստ մնալու, որպէսզի կարելի ըլլայ տապալել այդ դաւադրութիւնը:

Ահմատինեժատ շեշտած է, որ Լիբանան սիրոյ եւ մարդկայնութեան առաջին շարքերուն վրայ կը գտնուի, եւ այդ պատճառով ալ թշնամիները կը փորձեն խախտել լիբանանեան ազգային միասնականութիւնն ու գոյակցութիւնը: «Հետեւաբար լիբանանցիները պէտք է զգաստ ըլլան եւ եւ զգուշ` տապալելու համար այդ դաւադրութիւնները», ըսաւ ան:

Ահմատինեժատ յայտնեց նաեւ, որ կարգ մը կողմեր լիբանանցի եւ իրանցի ժողովուրդները իրենց քաղաքական ծրագիրները խոչընդոտող արգելքներ կը նկատեն եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն ընդդիմանալու մարդկայնութեան` ի խնդիր իրենց նպատակներուն իրագործումին:

Ան շեշտեց, որ այս պատճառով ալ Իրան եւ Լիբանան պէտք է իրարու նկատմամբ յաւելեալ զօրակցութիւն ցուցաբերեն եւ իրարու նեցուկ կանգնին:

Անդրադառնալով Դիմադրութեան դէմ բանեցուող ճնշումներուն` Ահմատինեժատ շեշտեց, որ Իրանի դէմ ճնշումները հետզհետէ կը խստանան, որովհետեւ հիմնական նպատակը Իսրայէլի փրկութիւնն է, «սակայն անոնց երազները պիտի չիրականանան, որովհետեւ աշխարհը փոխուած է եւ անոնց պատմական ժամանակաշրջանը վերջ գտած` իրեն հետ վերջ տալով նաեւ ամբողջ աշխարհին տիրող վարչակարգին, ինչպէս նաեւ առիթ տալով աւելի մարդկային եւ արդար վարչակարգի մը հաստատումին», ըսաւ ան:

Նախագահ Ահմատինեժատ շեշտեց, որ իրանցիներուն եւ լիբանանցիներուն միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդուած են ու պատմական` ընդգծելով, որ այն ժողովուրդները, որոնց միջեւ յարաբերութիւնները հիմնուած են անձնական շահերու, իշխանութեան, ատելութեան եւ քաղաքական խաղերու վրայ, վերջ կը գտնեն:

Միւս կողմէ, Ղոսըն հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ իրանցի իր պաշտօնակիցին, Ահմետ Վահիտիի հետ:

Հանդիպումէն ետք Ղոսըն դրուատեց Իրանի կեցուածքը` լիբանանեան բանակին ու Դիմադրութեան նկատմամբ: Ան նշեց, որ ներկայիս լիբանանեան բանակն ու Դիմադրութիւնը կատարեալ համագործակցութեան մէջ են եւ Լիբանանի մէջ հետզհետէ կ՛ամրապնդուի բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն տարազը:

Ղոսըն շնորհակալութիւն յայտնեց Իրանի` 2006-ի իսրայէլեան պատերազմին ընթացքին Լիբանանի նկատմամբ անոր ցուցաբերած կեցուածքներուն համար, եւ մաղթեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները աւելի եւս ամրապնդուին ու աշխուժանան:

Պատասխանելով Լիբանանի դէմ նոր պատերազմ մը սանձազերծելու իսրայէլեան սպառնալիքներուն մասին հարցումի մը` Ղոսըն շեշտեց, որ Իսրայէլի կողմէ նման յիմարութեան մը գործուելուն պարագային Լիբանան իր հզօր ու միացեալ բանակով, ինչպէս նաեւ հզօր Դիմադրութեամբ դէմ պիտի դնէ անոր եւ անգամ մը եւս զայն պարտութեան պիտի մատնէ:

Ղոսըն նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին կարեւորութեամբ շեշտուած է նաեւ Լիբանանի ազգային միասնականութեան եւ ապահովական անվտանգութեան պահպանումին անհրաժեշտութիւնը:

Իր կարգին, Իրանի պաշտպանութեան նախարարը ընդգծեց, որ Իրանի համար Լիբանան դիմադրութեան եւ գոյատեւման պայքարի խորհրդանիշ մըն է:

«Լիբանանեան բանակին օժանդակութիւնն ու զօրակցութիւնը Իրանի ռազմավարական քաղաքականութեան մաս կը կազմէ, հետեւաբար Լիբանան պէտք է հզօր բանակ մը ունենայ, որպէսզի շրջանին մէջ կարենայ պաշտպանել իր շահերը», ըսաւ Վահիտի:

Նշենք, որ Ղոսըն հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհիի հետ: Քննարկուեցան շրջանային զարգացումները:

Սալեհի ընթրիք մը սարքեց ի պատիւ նախարար Ղոսընի:

Share this Article
CATEGORIES