Նախագահ Սլէյման Այսօր Կը Նախագահէ Կառավարութեան Նիստին
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման այսօր Պաապտայի մէջ պիտի նախագահէ կառավարութեան նիստին` ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Նշենք, որ կառավարութեան նիստին պիտի մասնակցի նաեւ նոր նշանակուած նախարար Սելիմ Ժրայսաթի:
Միւս կողմէ, շաբաթավերջին նախագահ Սլէյման նախագահական պալատին մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր կացութիւնը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Իքլիմ Խարրուպի ազգային հանդիպումի վարչական նոր խորհուրդը` գլխաւորութեամբ խորհուրդի նախագահ Ամեր Մաշմուշիի:
Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ Լիբանան իր ժողովրդավարական վարչակարգը պէտք է ճշգրիտ ձեւով գործադրէ, որովհետեւ այդ վարչակարգը Լիբանանի համար ապահովական կայունութիւն կրցած է ապահովել:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ Իրաքի նախագահ Ժալալ Թալապանիի անձնական ներկայացուցիչ սէյիտ Ալի Շուքրին, որմէ ստանձնեց յառաջիկայ մարտին Իրաքի մէջ տեղի ունենալիք արաբական վեհաժողովին ներկայ գտնուելու Լիբանանի հրաւէրը:
Նշենք, որ նախագահ Սլէյման նախագահեց աշխատանքային նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկեց Ռումանիա եւ Չեխիա կատարելիք իր պաշտօնական այցելութիւններուն մանրամասնութիւնները:
Նիստերուն ներկայ գտնուեցան արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս, պետական նախարար Մարուան Խէյրէտտին եւ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն Ապպաս Իպրահիմ: Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն Ժորժ Քարաա, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց իր ստանձնած կառոյցին վերաբերող հարցեր: