Լիբանանի Ճատրակի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններ

Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի նոր կազմը

Երէկ` կիրակի, 26 փետրուարին, Արարատ միութեան մարզական կեդրոնին մէջ (Խալիլ Պատաուի) տեղի ունեցան Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի ընտրութիւնները, որոնք կլիմայական աննպաստ պայմաններուն պատճառով շաբաթով մը յետաձգուած էին:

Իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած էին 16 անձեր` 12 աթոռի համար:

Սակայն նախքան ընտրութիւնները, չորս անձեր` Ալի Շահրուր, Ժաք Պետրոսեան, Էլի Հուլիշեան եւ Իզզաթ Քրայթեմ, իրենց առաջադրած թեկնածութիւնը յետս կոչեցին:

Ասիկա պատճառ դարձաւ, որ մնացեալ 12 թեկնածուները ինքնաբերաբար ընտրուին նոր ֆետերասիոնի անդամ` հակառակորդ թեկնածուներու չգոյութեան պատճառով:

Նոր ընտրուած ֆետերասիոնին մաս կը կազմեն ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչը` Վարդան Նաճարեան, Նազարեթ Սէօքիւնեան, Մոհամետ Պատըր, Հիւսէյն Համմուտ, Ֆետի Իտ, Ռոլան Ախրաս, Էլիաս Խէյրալլա, Խալետ Պատիհ, Հենի Միքաթի, Սամիհ Աժաժ, Ալի Ժաուիշ եւ Շըհատէ Ապու Նըմրի:

Ընտրութենէն անմիջապէս ետք նոր ֆետերասիոնը իր նոր նախագահը ընտրեց Մոհամետ Պատըրը:

Ֆետերասիոնին մնացեալ պաշտօններուն բաժանումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` երեքշաբթի:

ԱՅԼ գետնի վրայ, ՀՄԸՄ Պէյրութի ակումբին մէջ (Զոքաք Պլաթ) ճատրակի մրցաշարքը, որ ֆետերասիոնի ընտրութիւններուն նման շաբաթով մը յետաձգուած էր, տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 4 մարտին:

Այս ուղղութեամբ թէեւ յառաջիկայ քանի մը օրերուն յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի փոխանցուին, սակայն բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին իրենց անունները արձանագրել, պէտք է հեռաձայնեն հետեւեալ պատասխանատուներուն. Վրէժ Աբրահամեան` 03-336205 եւ Էլի Հուլիշեան` 03-705210:

Share this Article
CATEGORIES