Լիբանանի Ֆութպոլի Կրտսերներու Ախոյեանութիւն. ՍԱՖԱ – ՀՄԸՄ` 4-3
Լիբանանի ֆութպոլի կրտսերներու ախոյեանութեան (1995-1996-ի ծնունդ) 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 26 փետրուարին ՀՄԸՄ-ի կրտսերները կրեցին իրենց երկրորդ պարտութիւնը` Սաֆայէն, 4-3 արդիւնքով (կիսախաղ` 1-1)
Իւրաքանչիւր անգամ, որ ՀՄԸՄ կը յառաջանար իր մրցակիցին վրայ, Սաֆայի մարզիկները կը նշանակէին իրենց հաւասարութեան կոլը: Մրցումին 93-րդ վայրկեանին, Սաֆա բախտաւոր գտնուելով նշանակեց իր յաղթանակի կոլը:
ՀՄԸՄ-ի յաջորդ մրցակիցն է Խըյուլ: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ Սին էլ Ֆիլի դաշտին վրայ` կիրակի, 4 մարտին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:
CATEGORIES Մարզական

