Անասնագիտական. Մեքսիքայի Ծոցին Մէջ Ապրող Երփնաշերտ Շանաձուկերը Սկսած Են Ուտել Ցամաքային Թռչուններ

2010-ին Մեքսիքայի ծոցին մէջ մեծ տարողութեամբ թափուած քարիւղը իր ուշագրաւ ազդեցութիւնը ունեցաւ ծովային տարբեր անասուններուն ու միջավայրին վրայ: Այսուհանդերձ, հակառակ քարիւղը ջուրերէն զտելու կապակցաբար ցարդ տարուած ջանքերուն, Մեքսիքայի ծովեզերքին մեծ մասը տակաւին ծածկուած կը մնայ քարիւղով:

Վերջերս խումբ մը ծովային անասնագէտներու կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, թէ Մեքսիքայի ծովեզերքը ծածկող քարիւղէն ցոլացող լոյսը շփոթեցուցած է ցամաքային թռչունները, որոնք կա՛մ մխրճուած են քարիւղին մէջ, եւ կամ ալ ուժասպառ ըլլալով` ինկած են ծովուն մէջ:

Ամերիկացի անասնագէտ Քրիսթին Շեփըրտ ըսած է, թէ 2010-էն ի վեր Մեքսիքայի ծոցին մէջ թափուած քարիւղին պատճառով սատկող ցամաքային թռչուններուն թիւը կը շարունակէ աճ արձանագրել:

Ամերիկացի այլ մասնագէտ մը` Մարքըս Տրայմոն շանաձուկերու վրայ կատարած իր ուսումնասիրութիւններէն մէկուն մէջ գտած է, թէ Մեքսիքայի ծոցին երփնաշերտ շանաձուկերը 2010-էն ի վեր սկսած են մեծ տարողութեամբ ցամաքային թռչուններ ուտել:

Մասնագէտ Տրայմոն ըսած է, թէ երփնաշերտ շանաձուկերուն թռչուն ուտելը տարօրինակ երեւոյթ մը չէ` նկատի ունենալով, որ անոնք սովորաբար կ՛որսան ու կ՛ուտեն ծովային թռչուններ, սակայն Մեքսիքայի ծոցին մէջ ապրող երփնաշերտ շանաձուկերուն ստամոքսէն վերցուած որսերու նմուշները ցոյց տուած են, թէ այս վերջինները կը պատկանին ցամաքային թռչուններու մարմնին տարբեր մասերուն:

Նման յայտնաբերումէ մը ետք մասնագէտ Տրայմոնի ընկերակցող մասնագէտներու խմբակը բռնած է Մեքսիքայի ծոցին մէջ ապրող աւելի քան յիսուն երփնաշերտ շանաձուկեր, որոնք ծովեզերքէն մօտաւորապէս 8 – 16 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ եղած են: Անոնք անդամահատած են նշեալ շանաձուկերուն ստամոքսը եւ գտած են փետուրներ ու կտուցներ, ինչպէս նաեւ` թռչունի ոտքեր ու մարմնի տարբեր բաժիններ, որոնք բոլորն ալ պատկանած են ցամաքային թռչուններու, ինչպէս, օրինակ, փայտփորներու, տարմիկներու ու տանագրերու ընտանիքին:

Մասնագէտ Շեփըրտ հաւանական գտած է, թէ երփնաշերտ շանաձուկերը հետզհետէ սկսած են սորվիլ ծովեզերեայ ա՛յն վայրերը, ուր ինկած են ցամաքային թռչունները: Այսուհանդերձ, ան նկատած է, թէ նշեալ տեսակի շանաձուկերը սկսած են շատ աւելի յաճախադէպօրէն երեւիլ Մեքսիքայի ծոցին քարիւղով ծածկուած ծովեզերեայ բաժիններուն ու անոնց շուրջ, ուր 2010-էն ի վեր կը յայտնուին քարիւղին մէջ մխրճուած եւ կամ ուժասպառ ըլլալով ծովուն մէջ ինկած մեծ թիւով ցամաքային թռչուններ:

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES