Անասնագիտական. Վագրաձիերուն Երիզաւոր Ստեւները Հեռու Կը Պահեն Ձիաճանճերը` Շփոթի Մատնելով Անոնց Տեսողութիւնը

Վերջերս շուէտացի խումբ մը մասնագէտներու կողմէ Հունգարիոյ մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, թէ վագրաձիերուն սեւ ու ճերմակ երիզաւոր ստեւները կը շփոթեցնեն արիւն ծծող ձիաճանճերը` այդպիսով հեռու պահելով զիրենք վագրաձիերէն:

Նախապէս մասնագէտներ բացատրած են, թէ վագրաձիերուն սեւ ու ճերմակ երիզաւոր ստեւները կը քողարկեն զիրենք երկար խոտերուն մէջ` այդպիսով նպաստելով, որպէսզի անոնք կարենան խոյս տալ գունակոյր առիւծներէն:

Էգ ձիաճանճերը կը սնանին արիւնով եւ իրենց ձուերը կ՛ածեն ջուրերուն մէջ: Անոնք  կը հրապուրուին տուեալ ուղղութեամբ մը արձակուած լոյսի ճառագայթներէն, շատ հաւանաբար քանի որ այդ շողարձակումները կը նմանին ջուրերէն ցոլացող ճառագայթներուն, որոնք իրենց ածած ձուերուն միջավայրը կը ներկայացնեն:

Նախապէս կատարուած ուսումնասիրութեան մը մէջ մասնագէտ Սիւզան Աքեսոն ու անոր ընկերակցող մասնագէտներու խմբակը գտած են, թէ ձիերուն ամբողջութեամբ սեւ ստեւները սրճագոյն եւ կամ ճերմակ ստեւներէն աւելի կը ցոլացնեն ճառագայթները: Այսուհանդերձ, մասնագէտները հետեւցուցած են, թէ սեւ ու ճերմակ երիզաւոր ստեւներով վագրաձիերը նուազ հրապուրիչ եղած են ձիաճանճ երուն, քան` ամբողջութեամբ սեւ ստեւներ ունեցող ձիերը:

Նորագոյն ուսումնասիրութեան մէջ մասնագէտները իրենց փորձարկումները կատարած են ձիու տեսք ունեցող երիզաւոր ու միագոյն խաւաքարտերու վրայ եւ գտած են, թէ վագրաձիերուն սեւ ու ճերմակ երիզաւոր ստեւներուն տեսքը ունեցող խաւաքարտերուն վրայ ամէնէն նուազ տարողութեամբ ձիաճանճերը հաւաքուած են:

Մասնագէտները նկատած են նաեւ, թէ որքան սեղմ եղած են խաւաքարտերուն սեւ ու ճերմակ երիզները, այնքան նուազ ձիաճանճեր հաւաքուած են անոնց վրայ: Մասնագէտները հետաքրքրական գտած են նշեալ երեւոյթը` նկատի ունենալով, որ նման սեղմ երիզներ գոյութիւն ունին վագրաձիերուն դէմքին ու սրունքներուն վրայ: Պէտք է նշել նաեւ, թէ այդ բաժիններուն մորթը ամէնէն բարակը եղած է, հետեւաբար վագրաձիերուն դէմքն ու սրունքները ծածկող ստեւներուն համեմատաբար սեղմ երիզաւորումը նպաստած է, որ այդ բաժիններուն մորթը կարելի եղած չափով նուազ վնասուի ձիաճանճերէն:

ԹԷ ԻՆՉՈ՞Ւ ՁԻԵՐՈՒՆ ՍՏԵՒՆԵՐԸ
ԵՐԻԶԱՒՈՐ ՉԵՆ ՎԱԳՐԱՁԻԵՐՈՒՆ ՆՄԱՆ

Մասնագէտ Աքեսոն հաւանական նկատած է, թէ վագրաձիերուն երիզաւոր ստեւներուն առընթեր, անոնց շունչն ու մարմնին ջերմաստիճանները եւս կրնան որոշ դերակատարութիւն ունենալ ձիաճանճերէն պաշտպանուելու գործընթացներուն մէջ:

Կարգ մը մասնագէտներ նշած են, որ եթէ վագրաձիերուն սեւ ու ճերմակ երիզաւոր ստեւները հեռու կը պահեն զիրենք ձիաճանճերէն, ապա ինչո՞ւ տարբեր տեսակի ձիերուն ստեւներուն վրայ եւս նման երիզաւորումներ չեն յառաջանար: Մասնագէտ Աքեսոնի համաձայն, տարբեր տեսակի ձիաճանճեր ամէնէն աւելի գոյութիւն ունին Ափրիկէի մէջ: Նկատի ունենալով, որ վագրաձիերը կ՛ապրին գլխաւորաբար Ափրիկէի մէջ, այսուհանդերձ, անոնց ստեւները ժամանակի ընթացքին եղափոխուած են` նման մեծ տարողութեամբ ձիաճանճերէ պաշտպանուելու համար: Մինչ այդ, մնացեալ ձիերը ընդհանրապէս նման տարողութեամբ ձիաճանճեր ունեցող միջավայրերու մէջ չեն եղած. հետեւաբար, անոնց ստեւները չեն եղափոխուած ժամանակի ընթացքին:

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES