Անասնագիտական. Պիծակները Կը Ճանչնան Իրարու Դէմքերը

Յունուարի սկիզբը Միացեալ Նահանգներու մէջ պիծակներու վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, թէ անոնք կարողութիւն ունին ճանչնալու եւ մեծ ճշգրտութեամբ յիշելու իրարու դէմքերը:

Անասունները ընդհանրապէս իրենց նմանները կը ճանչնան տարբեր միջոցներով: Սակայն մասնագէտներ նկատած են, թէ իրարու դէմքերուն նայած ատեն շատ աւելի բարդ գործընթաց մը տեղի կ՛ունենայ անասուններուն ուղեղին մէջ, քան` տարբեր առարկաներու նայած ատեն:

Նորագոյն ուսումնասիրութեան մէջ ամերիկացի խումբ մը մասնագէտներ երկու տեսակի պիծակներ տեղադրած են անգլերէն թի. տառին ձեւով պատրաստուած անել բաժիններ ունեցող կերտուածքի մը մէջ: Իւրաքանչիւր պիծակ նշեալ կերտուածքին մէջ տեղադրուած է առանձնաբար: Մասնագէտները անոնցմէ իւրաքանչիւրին ցոյց տուած են երկու տեսակի պիծակներու դէմքի նկարներ, որոնցմէ մէկը միշտ ալ տեղադրուած է պիծակին աջ կողմը, իսկ միւսը` անոր ձախ կողմը: Նշեալ նկարները իբրեւ նշանասիւն ծառայած են անել բաժիններ ունեցող կերտուածքին մէջ իր ուղղութիւնը գտնել փորձող պիծակին` նկատի ունենալով, որ կերտուածքի իւրաքանչիւր բաժինին մէջ այդ դէմքի նկարներէն մէկուն հետեւիլը անարգել հասցուցած է զինք դէպի յաջորդ բաժինը, իսկ երբ միւս նկարին հետեւած է, ապա արգելքներու հանդիպած է եւ ստիպուած եղած է փոխել իր ուղղութիւնը: Այսուհանդերձ, նման փորձառութիւն մը անմիջապէս սորվեցուցած է պիծակին, թէ պիծակի դէմքի նկարներէն մէկը իր «փրկութեան» ճամբան է, իսկ միւսը` որեւէ օգտակարութիւն չունի իրեն:

Մասնագէտները միեւնոյն փորձարկումը կրկնած են վերոնշեալ պիծակներուն վրայ` այս անգամ պիծակի դէմքի նկարները փոխարինելով տարբեր ձեւի ու չափի կերտուածքներու նկարներով, եւ գտած են, թէ պիծակները շատ աւելի դանդաղօրէն սորված են իրենց ուղղութիւնը ճշդող կերտուածքներուն նկարները, քան` պիծակներու դէմքի նկարները:

Վերոնշեալ փորձարկումները հետեւցնել տուած են, թէ պիծակները յատուկ կարողութիւն ունին դէմքեր ճանչնալու, մասնաւորաբար` տարբեր տեսակի պիծակներու դէմքերը:

ՊԻԾԱԿՆԵՐՈՒՆ ԻՐԱՐՈՒ ԴԷՄՔԵՐԸ ՃԱՆՉՆԱԼՈՒ
ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՊԱՀՊԱՆԷ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ

Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող ամերիկացի մասնագէտ Մայքըլ Շիհան ըսած է, թէ իրարու դէմքեր ճանչնալու պիծակներուն ունեցած կարողութիւնը առնչուած է իրենց ընկերային բարդ կառոյցին հետ: Ան բացատրած է, թէ պիծակները կ՛ապրին հաւաքաբար եւ ընդհանրապէս կ՛ունենան բազմաթիւ թագուհիներ: Անոնց մօտ բազմանալու իրաւունքը միայն թագուհիներուն չէ վերապահուած, այլ` բոլորին: Նաեւ բոլորը կ՛ուզեն իշխող ըլլալ, հետեւաբար իրարու դէմքերը ճանչնալը կը նպաստէ, որպէսզի անոնք կարենան գիտնալ, թէ ո՞վ որո՞ւ յաղթեց, ինչպէս նաեւ` ո՞վ աւելի բարձր դիրք ունի ընկերային կառոյցին մէջ: Այսուհանդերձ, նման ազդակներ կը նպաստեն, որ պիծակները կարենան պահպանել խաղաղութիւնը իրենց միջավայրին մէջ:

Մասնագէտները գտած են, թէ կարգ մը տեսակի պիծակներու ապրած միջավայրը ունի միայն մէկ թագուհի: Նշեալ պիծակները հետաքրքրականօրէն շատ կը նմանին իրարու, ինչպէս նաեւ անոնց մօտ իրարու դէմքերը ճանչնալու կարողութիւնը զարգացած չէ այնպէս, ինչպէս որ զարգացած է մնացեալ պիծակներուն մօտ:

ՄԱՐԴՈՑ ՈՒ ՊԻԾԱԿՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ԶՈՒԳԱՀԵՌՆԵ՞Ր…

Մասնագէտները հետամուտ են բաղդատական մը կատարելու դէմքեր ճանչնալու մարդոց ու պիծակներուն ունեցած կարողութեան միջեւ: Անոնք նշած են, թէ պիծակներուն աչքերը ամբողջութեամբ կը տարբերին մարդոց աչքերէն, ինչպէս նաեւ` անոնց ուղեղները համեմատաբար աւելի փոքր են մարդոց ուղեղներէն:

Մասնագէտներուն համաձայն, թէեւ որոշ տարբերութիւններ անպայմանօրէն գոյութիւն ունին մարդոց ու պիծակներուն ուղեղին մէջ տեղի ունեցած դէմքեր ճանչնալու գործընթացներուն միջեւ, բայց եւ այնպէս նշեալ գործընթացներու կարգ մը հիմնական սկզբունքները կը նոյնանան մարդոց ու պիծակներուն մօտ:

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES