«Առաքելական Եւ Ազատ Եկեղեցիները Այսօր» Խորագրով Դասախօսութիւն` Դպրեվանքին Մէջ

Ուրբաթ, 3 փետրուար 2012-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, դպրեվանքին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն, որուն նիւթն էր` «Առաքելական եկեղեցիները եւ ազատ եկեղեցիները այսօր»:

Երկրորդ անգամ ըլլալով դասախօսեց մեր հիւր Ճորճ սրկ. Լէյլէկեանը, որ ամբողջ շաբթուան ընթացքին իր գիտութիւնը բաժնեց տղոց:

Յակոբ կիս. սրկ. Գարտանաքեանը իր բացման խօսքը աւարտելէ ետք, բեմ բարձրացաւ սիրելի տիրացուն, որպէսզի աւելի զարգացնէ ու զարդարէ ներկաներուն միտքերը:

Ան նախ եւ առաջ բացատրեց ազատ եկեղեցւոյ մեծագոյն պատճառը` ըսելով. «Անոնք պարզապէս ջղայնութեան ու բարկութեան հետեւանք են: Այսինչ կամ այնինչ անձը զայրանալով իր եկեղեցւոյ մեծաւորէն կամ եպիսկոպոսէն` կը հեռանայ անկէ ու կը հիմնէ իր ժողովարանը` զայն եկեղեցի կոչելով: Ան աղանդաւորներուն մասին խօսելէ աւելի, շեշտեց, թէ ինչպէ՛ս պէտք է դէմ դնել, պաշտպանուիլ այդպիսի վտանգներէ: Ան մեր պաշտպանութեան վահանը բնորոշեց երկու բաներով. ծիսագիտութիւն եւ աստուածաբանութիւն: Ան բացատրեց, թէ ծիսագիտութիւնն ու աստուածաբանութիւնը լաւ գիտնալով` կը պաշտպանենք մենք զմեզ. բացատրելով շարականը, ճաշոց գիրքը եւ մեր աստուածաբանութիւնը: Ան խօսքը աշակերտութեան ուղղելով ըսաւ, որ աշխարհը լեցուած է ամէն տեսակ աղտերով եւ մոլութիւններով, եւ դուք որպէս քահանաներ` ի՞նչ պիտի ընէք: Սոսկ Մաշտոցն ու ձեռաց խաչը բռնելով չէ, որ պիտի պաշտպանուիք, այլ այնպիսի բան պէտք է ընէք, որ իրականութեան մէջ կատարեալ ըլլաք»: Տիրացուն շեշտեց նաեւ, թէ մենք զմեզ պաշտպանելու կողքին, պարտաւոր ենք նաեւ նայիլ, թէ դիմացի կողմը` աղանդաւորը ի՛նչ կ՛ընէ, եւ մենք աւելին ընենք:

Դպրեվանեցիներուն ուղղելով իր խօսքը սարկաւագը ըսաւ. «Դուք բոլորդ քահանաներ էք եւ համոզուած եմ, թէ դուք պիտի կարենաք դիմադրել այդ դժուարութիւններուն»:

Աւարտին աշակերտներ եւ հիւրերը զիրենք հետաքրքրող հարցումները եւ կարծիքները յայտնեցին, որոնց մասին տիրացուն տուաւ յաւելեալ տեղեկութիւններ:

Տեսչութեան անունով շնորհակալական խօսք արտասանեց եւ երեկոն եզրափակեց դպրեվանքի հսկիչներէն Ստեփանոս վրդ. Փաշայեանը, որ իր խօսքը դպրեվանեցիներուն ուղղելով` ըսաւ. «Մենք միայն պիտի չբաւարարուինք ծէսով, շարականով կամ միայն աստուածաբանութեամբ, այլ ընդհակառակը, թէ՛ մեր աստուածաբանութիւնը, թէ՛ մեր ծէսը եւ թէ՛ մեր շարականները զիրար է, որ կ՛ամբողջացնեն. հետեւաբար մեր բոլորին պարտականութիւնն է ամէն ձեւով պատրաստ ըլլալ` մեր եկեղեցւոյ աստուածաբանութիւնը գիտնալով: Մենք անոնց դէմ պայքարելէ առաջ մենք զմեզ սրբագրենք, եւ երբ մենք զմեզ սրբագրենք, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ ծէսն ու աստուածաբանութիւնը լիովին կը գիտնանք, ինքնաբերաբար եւ` պայքարած կ՛ըլլանք»:

Իր խօսքէն ետք հայր սուրբը տեսչութեան եւ աշակերտութեան անունով բարի ճանապարհ մաղթեց տիրացուին, որ յաջորդ առաւօտն իսկ պիտի վերադառնար Սան Ֆրանսիսքօ, եւ թելադրեց աշակերտներուն, որպէսզի իրենց աղօթքներուն մէջ յիշեն տիրացու Ճորճը, անոր ծնողները եւ Սան Ֆրանսիսքոյի մեր հայ գաղութի ժողովուրդը:

Երեկոն փակուեցաւ գիշերային հաւաքական աղօթքով, որմէ ետք վերջին անգամ ըլլալով Ճորճ սարկաւագը դասարան առ դասարան տեսնուեցաւ դպրեվանեցիներուն հետ` խոստանալով կրկին վերադառնալ դպրեվանք եւ միշտ յիշել դպրեվանքը:

Share this Article
CATEGORIES