Թուրքիան` Իր Բազմաթիւ Երեսներով

վարի սիւնակներուն մէջ կը ներկայացնենք «փունջ» մը յօդուածներ, զորս քաղեցինք, թարգմանեցինք եւ մէկտեղուած կը հրամցնենք մեր ընթերցողներուն: Այս մէկտեղումին նպատակն է բազմակողմանի եւ համապարփակ պատկեր մը ներկայացնել Թուրքիոյ մէջ տիրող քաղաքական սուր պայքարին, որուն բազմաթիւ երեսներէն քանի մը հատը կ՛արտացոլան երկրի մամուլին մէջ:

Այս յօդուածներէն առաջինը` Էճէ Թեմելքուրանի «Թուրք լրագրողները սարսափած են…», ցոյց կու տայ, թէ մինչեւ ո՛ւր կրնան հասնիլ ճնշումները, եւ քաղաքական ու քարոզչական պատերազմին ճակատամարտներն ու ընդհարումները։ Բրիտանական «Տը Կարտիըն»-ի մէջ լոյս տեսած այս յօդուածին մէջ Թեմելքուրան կառավարութեան ճնշումներուն կը վերագրէ «Միլլիյէթ» օրաթերթէն իր գործէ արձակումը, ինչպէս նաեւ` այլ լրագրողներու արգելափակումը:

«Հրանդի մակաբոյծները» խորագրեալ իր յօդուածին մէջ Էթիէն Մահճուպեան «Թուտէյզ Զաման»-ի էջերէն կը դատապարտէ Թեմելքուրանն ու ուրիշներ, որոնք իրենց կրած հալածանքներուն ետին կը տեսնեն Տինքի կեանքը խլած ուրուականները, եւ անոր պէս զոհեր կը սեպեն իրենք զիրենք, մինչ իրենք օրինազանցներ կրնան ըլլալ: Հոս հարկ է նշել, որ «Զաման» կը նկատուի Ֆեթհուլլահ Կիւլենի կրօնական շարժումին մօտիկ լրատուամիջոց մը, թէեւ շարժումը չէ անոր սեփականատէրը:

«Թուրքիոյ հաղորդամիջոցները» խորագրեալ յօդուածին մէջ Ս. Քինիքլիօղլու կ՛օգնէ լրագրողներու ձերբակալութիւններն ու մամուլին էջերուն մէջ մղուած պայքարը տեղադրելու քաղաքական համայնապատկերին մէջ, թէեւ անիկա չէ անոր հիմնական թեման ու նպատակը:

Քաղաքական հարթութեան անցնելով` «Գամող թրքական ողբերգակատակերգութիւն» յօդուածին մէջ լրատուամիջոցներուն միջոցով արտայայտուած բեւեռացումի մէկ այլ դրսեւորումը կը տեսնենք դատական եւ ապահովական համակարգերուն բախումներուն մէջ:

Եզրափակելու համար, «Այժմ երեք պետութիւններ կան, այլ ոչ թէ` երկու» յօդուածը մի առ մի կ՛անուանէ այդ լրատուական, դատական, ապահովական ոլորտներուն մէջ ընդհարումներու ետին կանգնող քաղաքական ուժերն ու անոնց դերակատարութիւնները: Յօդուածը նաեւ ազգայնական եւ աշխարհիկ «Հիւրրիյէթ»-ի էջերէն կը խօսի Թուրքիոյ իսլամականներու երկփեղկումին մասին:

Վստահաբար այս «Յօդուածափունջը» սպառիչ տեղեկութիւններով մանրամասն ու յստակ քարտէսը չի գծեր Թուրքիոյ մէջ քաղաքական ուժերուն, անոնց դիրքերուն եւ կռուաններուն, նաեւ` մեծ ու փոքր ճակատամարտերու դաշտերուն:

Այսուհանդերձ, անիկա «աւելի լայն բացուած կարկինով» մը կը փորձէ ներկայացնել այդ քարտէսին վրայ տեղ գրաւած տարբեր երանգները:

Ճ.

—————————————————————

ԹՈՒՐՔ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐԸ ՍԱՐՍԱՓԱԾ ԵՆ,
ԲԱՅՑ ՄԵՆՔ ՊԷՏՔ Է ՊԱՅՔԱՐԻՆՔ
ԱՅՍ ԱՀԱԲԵԿՈՒՄԻՆ ԴԷՄ

Ներառեալ իմ անտարբեր «շնորհակալ եմ»-ին` հեռաձայնային զրոյցը նուազ քան վայրկեան մը տեւեց: «Թերթին սեփականատէրը… ըը… պիտի չնորոգէ… ձեր պայմանագիրը… կը ցաւիմ»:

Զիս նախապէս զգուշացուցած էին ձերբակալուած երկու լրագրողներուն մասին «շատ գրելու» համար, եւ իմ վերջին երկու յօդուածներս (մէկը` լրագրողներու դէմ վարչապետին պատերազմին մասին, եւ միւսը` քիւրտերու իրաւունքներու մասին) վիճայարոյց նկատուած էին: Այնպէս որ, զրոյցը անսպասելի չէր:

Սակայն յետոյ եկաւ Թուիթըրի վրայ ընթերցողներու պոռթկումը: Յօդուածագիր իմ պաշտօնակիցներէս ոմանք եւս բողոքեցին իմ աշխատանքէ արձակումին քաղաքական դրդապատճառներուն համար (մինչ կառավարութեան կողմնակիցները ըսին. «Այդ կինը արժանի էր ատոր»):

Քանի մը օր տեւեց, մինչեւ որ աւելի մեծ նկարը տեսնեմ: Բայց երբ տեսայ, ես անդրադարձայ, որ ատիկա առնչուած էր անհետացած 3 պաշտօնակիցներու. մէկը` սպաննուած, եւ երկուքը` բանտարկուած, նաեւ` պատմութիւն մը, որ սկսած է 5 տարի առաջ:

19 յունուար 2007-ին հայ լրագրող Հրանդ Տինք օր ցերեկով սպաննուեցաւ Պոլսոյ իր գրասենեակին առջեւ: Անձ մը, որ հազիւ 17 տարեկան էր սպանութեան ժամանակ, 5 տարի ետք յանցաւոր հռչակուեցաւ Տինքի սպանութեան համար: Սակայն Թուրքիոյ մէջ սպանութիւններու պատմութեան քաջածանօթ անձերուն համար ասիկա քաղաքական սպանութիւն էր:

Ոճիրէն երկու օր ետք ես պիտի տեսակցէի Հրանդին հետ, որպէսզի խորհրդակցինք գիրքի մը շուրջը, զոր ինք կ՛ուզէր, որ ես գրեմ հայկական սփիւռքի մասին:

Փոխարէնը` ես վազեցի ոճիրին վայրը եւ ինքզինքս գտայ իր արիւնի աւազանին մէջ:

Յետոյ ես խորապէս յանցաւոր զգացի, որ իր դէմ եղած մահուան սպառնալիքները շատ թեթեւի առած եմ, եւ այս զգացումը զիս մղեց, որ գրեմ «Խորունկ լեռը» (գիրքը, զոր ինք խնդրած էր): Ես այն ատեն չէի գիտեր, սակայն Հրանդի հարիւր հազարաւոր յուղարկաւորներուն մէջ կային երկու ուրիշներ, որոնք բուռն փափաք ունէին իրենց աշխատանքը ձօնելու Հրանդին: Անոնք իմ ընկերներս եւ պաշտօնակիցներս են. Նետիմ Շեներ եւ Ահմեթ Շիք:

Յաջորդ չորս տարիներուն «Միլլիյէթ» թերթին մէջ հրատարակուած յօդուածները նշեցին այս հարցին մէջ ոստիկանութեան անտարբերութիւնը, անհոգութիւնը, գաղտնի սպասարկութեան կողմէ փաստերու քողարկումը, եւ այն իրողութիւնը, ապացոյցը, որ պետական բաժանմունքները նախապէս գիտէին Հրանդին դէմ սպանութեան դաւ մը նիւթուելուն մասին:

Սակայն շուտով ձերբակալուեցաւ այդ տեղեկագիրներուն հեղինակը` Նետիմ Շեներ: Ձերբակալութիւնը կատարուեցաւ իր գիրքին հրատարակութենէն երեք ամիս ետք: Գիրքին խորագիրն է` «Կարմիր ուրբաթը. ո՞վ կոտրեց Հրանդի գրիչը»: Հեղինակը Հրանդ Տինքի հարցին վերաբերեալ իր գտածները մէկտեղած է եւ ոճրագործները առնչած` պետութեան: Հաղորդավար Ահմեթ Շիք, մինչ այդ, նոյնիսկ ժամանակ չէ ունեցած նոյն նիւթին մասին իր գիրքը հրատարակելու, նախքան ձերբակալուիլը, նոյն օրը` 3 մարտ 2011:

Երկու մարդիկն ալ այժմ 11 ամիսէ ի վեր բանտն են եւ ամբաստանուած են անդամակցելու համար ահաբեկչական կազմակերպութեան մը, որ կրնայ սպաննած ըլլալ Տինքը: Ասիկա Էրկենեքոնն է` թաքուն կազմակերպութիւն մը, ենթադրաբար կազմուած` հանգստեան կոչուած զօրավարներէ, լրագրողներէ եւ քաղաքական գործիչներէ, որոնք կ՛ըսուի, թէ ծրագրած են հանրածանօթ անձնաւորութեանց սպանութիւններու շղթայ մը, որպէսզի քաոս յառաջացնեն եւ ճամբայ հարթեն զինուորական յեղաշրջումի մը:

Ըստ դատարանին մէջ անոնց ուղղուած ամբաստանագիրին, անոնց տարիներու լրագրողական աշխատանքը քող մըն է ծածկելու համար անոնց ահաբեկիչի իսկական ինքնութիւնը:

Լրագրողներու դէմ, որոնք շարունակեցին անդրադառնալ, գրել իրենց ձերբակալուած պաշտօնակիցներուն մասին, վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հրապարակային, բացայայտ սպառնալիքները սկսած են աստիճանաբար մարիլ` Նետիմի եւ Ահմեթի դատական լսումներէն առաջ: Այդ լսումները սկսան անոնց ձերբակալութենէն ամիսներ ետք:

Բայց 27 դեկտեմբերին, հակառակ ձերբակալուելու վախին, Թուրքիոյ խիզախ լրագրողները դատավարութենէն սկսան Թուիթըր ընել: Շաբթուան մը փաստը յստակ դարձուց, որ լրագրողներէս ոեւէ մէկը կրնայ նոյնպէս ձերբակալուիլ եւ ահաբեկչութեան յանցանքին համար ամբաստանուիլ, որովհետեւ այն բոլորը, որոնք կ՛առնչուին Ահմեթին, Նետիմին եւ Էրկենեքոն կազմակերպութեան, իրենց համակարգիչներուն մէջ վարակուած փաստաթուղթ է, հեռաձայնային պատահական զրոյցներ եւ իրենց յաջորդ գիրքերուն համար կատարուած հարցազրոյցներ: Ամբաստանագիրը այնքան այլանդակ, ծիծաղելի էր, որ դատարանի դահլիճին մէջ մնայուն խնդուք կար:

23 յունուարի անոնց վերջին լսումներէն առաջ եւ Տինքի սպանութենէն հինգ տարի ետք, ոճիրին առնչութեամբ վճիռ տրուեցաւ: Դատարանը մերժեց ճանչնալ, ընդունիլ բացայայտ առնչութիւնները ոճրագործներուն եւ պետութեան միջեւ: Ասիկա յանգեցուց 30 հազար անձերու մասնակցութեամբ բուռն ցոյցի մը: Երեք օր ետք, Նետիմ իր պաշտպանական յայտարարութեան ատեն յստակացուց, որ ինք կը հաւատայ, թէ իր արգելափակուած մնալը Տինքի դատին մէջ փաստերը քողարկելու փորձին մէկ մասն է: Նետիմ ըսաւ. «Իրականութեան մէջ լաւ է, որ ես տակաւին բանտն եմ, երբ Տինքի վճիռը կ՛արձակուի»: Ան չէ նշած ոճիրին հետ հաստատուած կապեր ունեցող բոլոր պաշտօնատարներուն, սպաներու պաշտօնի բարձրացումը` կառավարութեան որոշումով:

Ահմեթ, մասնագէտ մը` խորհրդարանական կազմակերպութիւններու, գրած էր գիրք մը` «Իմամի բանակ», բացայայտելով, որ ինչպէս գաղտնի սպասարկութիւն թափանցած է Ֆեթուլլա Կիւլեն շարժումը (չափաւորական իսլամական ցանց մը): «Իբրեւ ընկերվարական` ես հաճելի կը գտնեմ զինեալ, ազգայնական, ահաբեկչական ցանցի` Էրկենեքոնի անդամակցելու համար ամբաստանուիլը»:

Մինչ դատավարութիւնը կը շարունակուի, Ահմեթ եւ Նետիմ ստիպուած պիտի ըլլան հինգերորդ անգամ իրենք զիրենք պաշտպանելու:

Էրկենեքոնի հարցով հարցաքննութիւնները հինգ տարի առաջ սկսան, եւ հակառակ հազարաւորներու ձերբակալութեան եւ արգելափակման` ոչ մէկ վճիռ տրուեցաւ: Ըստ խօսքի ազատութեան ջատագովներուն, Էրկենեքոնի դատավարութիւնը, Քիւրտիստանի հասարակութիւններու միութեան (ՔԱԿ-ի առնչուող զինեալ շարժում) դատավարութեան հետ, կառավարութեան համար վերածուած է առձեռն, յարմար գործիքի մը` նեղելու, յոգնեցնելու համար ընդդիմութիւնը:

Երկուքն ալ հակաահաբեկչական տխրահռչակ օրէնք մը կ՛օգտագործեն չէզոքացնելու համար կառավարութեան հակառակորդները: Եւ Հրանդ Տինքի սպանութենէն քանի մը օր առաջ ներքին գործոց նախարար Իտրիս Նայիմ Սահին ըսաւ. «Ահաբեկչութիւնը բազմերես երեւոյթ մըն է, որ կը ներառէ հոգեբանութիւն եւ արուեստ…: Երբեմն ատիկա պաստառի, կտաւի վրայ է, երբեմն` բանաստեղծութեան, առօրեայ գրութիւններու, յօդուածներու, նոյնիսկ մանրավէպերու, ճոքերու մէջ: Մենք գիտենք, որ ահաբեկչական ցանց մը կրնայ ներառել համալսարանի պատասխանատու մը, ընկերակցութիւն մը, կամ ոչ պետական, քաղաքացիական կազմակերպութիւն մը»:

Այս մտայնութեան պատճառով Լրագրողներ առանց սահմանի կազմակերպութեան մամլոյ ազատութեան ցուցանիշին մէջ Թուրքիա 179-ի վրայ 148-րդ կը դասուի (քիչ մը բարձր` Աֆղանիստանէն, եւ մնայուն սայթաքելով): Աւելի կարեւորը` լրագրողներու միջեւ լռելեայն երկիւղը անկարելի է թիւերով ներկայացնել. նկատի ունենալ, որ 3500 քիւրտ եւ թուրք քաղաքական գործիչներ, 500 ուսանողներ եւ 100 լրագրողներ այժմ արգելափակուած են:

Վարչապետ Էրտողան 26 յունուարին ըրաւ յայտարարութիւն մը` ըսելով, որ ձերբակալուած լրագրողները ճաղերու ետին են ոչ թէ լրագրութեան համար, այլ` սեռային բռնաբարումներու կամ ահաբեկչութեան իրենց յանցանքներուն, ոճիրներուն համար: Ինչպէս հինգ տարի առաջ Տինք իր վերջին յօդուածին մէջ ըսաւ, մենք` լրագրողներս կը նմանինք «երկիւղած տատրակներու»: Մէկը` սպաննուած, երկու լրագրող` բանտարկուած, ես` գործազուրկ: Եւ ինչպէս Նետիմ իր վերջին պաշտպանական յայտարարութեան մէջ ըսաւ. «Ատիկա կը ցաւցնէ»:

ԷՃԷ ԹԵՄԵԼՔՈՒՐԱՆ

«Տը Կարտիըն»

 

ՀՐԱՆԴԻ ՄԱԿԱԲՈՅԾՆԵՐԸ

Հրանդ Տինքի սպանութիւնը զինք իրմէ բացի այլ բանի մը վերածեց` դարձնելով ընդհանուր օգտագործման գործիքի մը:

Այս այլափոխութեան առաջին քայլը Հրանդը ներկայացնելն է իբրեւ «աշխարհիկ ձախակողմեան» մը, այն աստիճան, որ հասարակութեան հետ ունեցած Հրանդին զգացական կապերը անիմաստ ըրաւ: Եւ այսպիսով, մենք կը տեսնենք Հրանդը վերագծուած, վերաձեւաւորուած` իբրեւ ընկերութենէն գրեթէ բարձր կերպար մը, հերոս մը, որ նոյն ատեն ընկերութենէն դուրս է:

Այս այլափոխութեան երկրորդ քայլով պետութիւնը ներկայի ընտրուած կառավարութեան հետ տեղեր, դիրքեր կը փոխանակէ, այնպէս որ, մինչ ազատութիւններու համար պայքարի առանցքը կառուցուած է իբրեւ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան (ԱԲԿ) ընդդիմութիւն, կայ փորձ մը պետութիւնը վերակենդանացած տեսնելու Էրկենեքոնի հարցերուն ապաօրինականացումով: Բայց այս դիրքորոշումը, որ կրնայ «գաղափարական անբարոյականութիւն» պիտակաւորուիլ, պայմանաւորուած է Հրանդի վրայ հիմնուած պատեհապաշտութեամբ, եւ նաեւ Հրանդը սկսած է վերածել տափակ, դատարկահոգի գոյացութեան մը:

Հրանդի յիշատակին կառքի մը վերափոխումը, կատարուած Թուրքիոյ մէջ ձախի անունով, ոչ այլ ինչ է, քան` մակաբոյծներու տարտղնումը, որպէսզի իմաստազրկեն իրադարձութիւն մը, որ իրականութեան մէջ խոր յարգանքի եւ պարզութեան արժանի է: Այսպիսի վերջին օրինակ մը եկաւ գրող Էճէ Թեմելքուրանի գրիչէն: Տիկնոջ յօդուածը, հրատարակուած` «Կարտիըն» օրաթերթին մէջ, անկասկած գտաւ որոշ դրական արձագանգներ արեւմտեան աշխարհիկ շրջանակներու մէջ: Բայց այն մարդոց համար, որոնք ծանօթ են Թուրքիոյ, ընկալումի եւ ըմբռնումի բացակայութեան համադրումը, ինքզինքին հաւատարմագիր տալու մարմաջին հետ, իսկապէս արժանի է փտած գրութիւն նկարագրութեան, անուանումին:

Թեմելքուրան իր յօդուածին համար հետեւեալ վերնագիրը ընտրած է. «Թուրքիոյ լրագրողները շատ վախցած են, բայց մենք պէտք է պայքարինք այս ահաբեկման դէմ»:

Այս բառերէն մենք անմիջապէս կը հասկնանք, որ Թեմելքուրան ենթադրաբար մեզի ցոյց կու տայ խիզախութեան օրինակ մը, իր պաշտօնակից լրագրողներուն համար` ղեկավարութեան չափանիշ մը:

Բայց, դժբախտաբար, ինչ որ կը յաջորդէ, խեղճութիւն մըն է եւ, ճշմարտութիւնը ըսելու համար, զաւեշտական վերլուծում մըն է: Ըստ այս վերլուծումներուն, տիկին Թեմելքուրանի հեռացումը «Հապեր-Թիւրք» օրաթերթէն, ակնբախօրէն հետեւանք էր կառավարական ճնշումի մը ռազմավարութեան, որ կ՛երթայ այնքան խոր, որքան` Հրանդի սպանութիւնը: Ինչպէս ան կը գրէ, Հրանդի սպանութեան իսկական ցանկութիւնն ու սպանութեան գործադրութիւնը իրականութեան մէջ կը պատկանին կառավարութեան:

Անշուշտ, Թեմելքուրան չի խօսիր Էրկենեքոնի ամբողջ դաւադրութեան մասին, որ մենք գիտենք խոստովանութիւններէն: Նաեւ չի խօսիր ԱԲԿ-ն իբրեւ միայն կիսաօրինական պատկերացնելու փորձերուն կամ այլ ոճրագործութիւններու մասին: Փոխարէնը` տիկինը Էրկենեքոնը իբրեւ «անհիմն պնդում, վկայութիւն» մը կը ներկայացնէ` հիմնականին մէջ ակնարկելով, որ «քաոս ստեղծելու եւ յեղաշրջումի մը գետինը պատրաստելու» վկայութիւնները կեղծ են:

Կարճ խօսքով, Թեմելքուրանի գաղափարները ներկայացուած են հանրածանօթ ծայրայեղ ազգայնական թեզերու շրջանակին մէջ, իր բառերով մեզի յիշեցնելով, որ ինք գաղափարապէս հեռու չէ Էրկենեքոնի աշխարհէն:

Որպէսզի այսպիսի փտած հիմքերու վրայ նոյնիսկ «շրջագայի», մարդ, իրօք, կարիքը ունի առկախ կամուրջի մը, որուն միջոցով  կրնաք մէկ իրականութենէն միւսը ոստոստել: Թեմելքուրան այսպիսի կամուրջ մը կ՛օգտագործէ, երբ խօսքը կը վերաբերի Ահմեթ Շիքի եւ Նետիմ Շեների ձերբակալութիւններուն: Թեմելքուրան կ՛երթայ բաւական հեռու` պնդելու համար, որ միայն այս երկու լրագրողներն էին, որոնք իսկապէս ուսումնասիրեցին, թէ ի՛նչ պատահած է Հրանդ  Տինքի սպանութեան քուլիսներու ետին: Մէկ կողմ դնելով այս հիմնաւորումին սխալը` պէտք է նկատել, որ Շեների գիրքը այն տպաւորութիւնը կու տայ, թէ ինք կը փորձէ պաշտպանել ոչ միայն քաղաքական որոշ գործիչներ, այլեւ` զինուորականներ: Իսկ ինչ կը վերաբերի Շիքի գիրքին, ատիկա ոչ միայն որեւէ կապ չունի այս բնաբանին հետ, այլ հիմնականին մէջ գրուած է փաստելու համար, որ Կիւլեն շարժումը ազդեցութիւն ունի պետութեան վրայ: Շեներ մեղադրուած է ոչ թէ իր գրած մէկ գիրքին պատճառով, այլ` Հանեֆի Ավճըի հրատարակած այլ գիրքի մը պատճառով:

Իրականութեան մէջ կը թուի, թէ խնդիրը այն է, որ այս երկու անձերուն գրութիւնները, Էրկենեքոն շրջանակներուն ի նպաստ կը գործեն, եւ մենք տակաւին չենք գիտեր ճշմարտութիւնը: Բայց այս անձերուն առնչութեամբ ձեռքի տակ եղող  իսկական բնաբանը ոչ մէկ կապ ունի քաղաքական գաղափարներու եւ իրենց մասնակցութեան մասերուն հետ:

Այն փաստը, որ Շեներ «Հրանդին համար» պոռաց, երբ ձերբակալուեցաւ, եւ թէ Շիք ըսաւ. «Անոնք, որոնք կը դպնան, կ՛այրին» (եթէ ասոնք պարզապէս չափազանցութիւններ չեն, որոնք ցոյց կու տան, թէ այս մարդիկը իրենք զիրենք որքան կարեւոր կը նկատեն), ատիկա ճշմարտացիօրէն կը նշէ աւելի խոր տկարութիւն մը` իրենց ներքին աշխարհներուն մէջ:

Այս երկու լրագրողներուն դատավարութեան պայմանները ոչ մէկ ձեւով կարելի է ընդունիլ:

Խնդրոյ առարկայ թերթէն Թեմերքուրանի աշխատանքէ արձակումին պատճառները պէտք է յայտարարուին հասարակութեան, եւ կարեւոր է, որ այս պատճառները տրամաբանական ըլլան: Բայց զոհագործումի այս պարագաները եւ Հրանդ Տինքը իբրեւ գաղափարական գործիքներու օգտագործումը կարելի է միայն մէկ բառով բնութագրել. անբարոյական: Որովհետեւ, ոչ միայն ճշմարտութիւնները աղաւաղուած են, անձ մը, որ գազանաբար սպաննուած է, նոյնպէս աղաւաղուած է եւ ապա օգտագործուած` ճշմարտութիւնը վերակառուցելու համար:

Նոյն ատեն, Թեմելքուրան չէ մոռցած ըսելու, թէ իր գրած գիրքը «ուզուած» է Հրանդին կողմէ, կամ աւելցուցած` քանի մը շփոթեցնող բառեր, ներքին գործոց նախարարութենէն: Այնպէս որ, ԱԲԿ-ն իջեցնելով կառավարութեան այդ նախարարին մակարդակին` տիկին Թեմելքուրան ինքզինք կը դասէ Հրանդի ճիշդ կողքին:

Կը պարզուի, որ իրականութեան մէջ բոլոր «թուրք» լրագրողները չէ, որ կը վախնան, ընդհակառակը, անոնք շատ խիզախ են: Այնքան, որ անոնք նոյնիսկ չեն վարանիր ընթացիկ անօրինականութիւններու սահմանը անցնիլ` շահարկելով Թուրքիայէն դուրս Թուրքիոյ մասին պատկերացումները:

ԷԹԻԷՆ ՄԱՀՃՈՒՊԵԱՆ

«Թուտէյզ Զաման»

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱՄԻՋՈՑՆԵՐԸ

Ես երբեք չեմ տեսած երկիր մը, ուր հաղորդամիջոցները նման տարողութեամբ ուշադրութեան կեդրոն կ՛ըլլան: Նաեւ, ես երբեք չեմ տեսած երկիր մը, ուր յօդուածագիրներէն կը պահանջուի ամէն օր յօդուած մը գրել: Ես հազիւ երկու յօդուած կրնամ գրել շաբթուան մը մէջ եւ չեմ կրնար երեւակայել, որ կրնամ ամէն օր յօդուած մը գրել:

Այո, ես միւսներուն նման վառ երեւակայութիւն չունիմ, սակայն ես անհեթեթ կը նկատեմ, որ յօդուածագիր մը ամէն օր նոր սիւնակ մը արտադրէ: Անոնք ե՞րբ  ժամանակ կ՛ունենան պրպտում, հետազօտութիւն ընելու, հարցի մը խորքը նայելու, կամ ուրիշներու հետ հաղորդակցելու, յարաբերելու` հարստացնելու համար իրենց աշխատանքը: Ես չեմ գիտեր: Համոզուած եմ, որ այսպէս շատ յաճախ գրելու ճնշումը բամբասանքներու բազմաթիւ սիւնակներ կ՛արտադրէ, ինչպէս նաեւ` շատ լաւ չուսումնասիրուած, չհետազօտուած հաղորդում:

Զարմանալի չէ, որ մենք մնայուն  կերպով այս երկրին մէջ հաղորդամիջոցները կը քննարկենք:

Անշուշտ նաեւ այլ պատճառ, թէ ինչո՛ւ լուսարձակները հաղորդամիջոցներու վրայ կեդրոնացած են, այն փաստն է, որ մենք բնականոն, վստահելի ընդդիմութիւն չունինք այս երկրին մէջ:

Գլխաւոր երկու ընդդիմադիր կուսակցութիւնները հեռու են որեւէ ձեւի մարտահրաւէր ըլլալէ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան (ԱԲԿ): Բնականոն ընդդիմութեան բացակայութեան պարագային, ժողովրդավարական կարգի մը մէջ հաղորդամիջոցներու դերակատարութիւնը նոյնիսկ աւելի նշանակալի կը դառնայ:

Հաղորդամիջոցները, լրատու միջոցները կը ծառայեն իբրեւ ծանրութեան կեդրոն` ընդդիմութեան եւ քննադատութեան ձայն բարձրացնելով: Ասիկա առողջ բան է, եթէ կը կատարուի արհեստավարժ կերպով, առանց շեղումի, կողմնակալութիւններու:

Տասնամեակներ շարունակ թրքական մամուլը նուրբ, թոյլ յարաբերութիւն ունեցած է իշխանութեան հետ: 1950-ական թուականներուն հաղորդամիջոցներու յարաբերութիւնը ժողովրդավարական կուսակցութեան հետ, 1970-ականներու քաոսը եւ, անշուշտ, վարչապետ Էօզալի նշանաւոր որոշումը` թերթերու սակերը բարձրացնելու, բաւական փոփոխական ժամանակներ էին, զորս մենք բոլորն ալ տեսած ենք:

Այս օրերուն խօսքի ազատութեան հարցը բուռն կերպով կը քննարկուի ե՛ւ Թուրքիոյ մէջ, ե՛ւ Թուրքիայէն դուրս: Թուրքիոյ մէջ արգելափակուած լրագրողներու թիւը դարձած է քննարկումներու հիմնական, տարրական խնդիրը: Հաւանական է, որ ասիկա երկար ատեն շարունակուի այնպէս, ինչպէս այս հարցերուն պարագային կը պատահի: Բոլորին շահերէն կը բխի, որ այս հարցերը անմիջապէս, արագօրէն փակուին, եզրակացուին:

Կան շարք մը պատճառներ, թէ ինչո՛ւ թրքական հաղորդամիջոցները քննարկումի տարրական նիւթերն են այս երկրին մէջ:

Նախ եւ առաջ` տեղեկութիւններ հաղորդելու որակը Թուրքիոյ մէջ խեղճ է: Ես անձամբ 1990-ականներուն աշխատած եմ իբրեւ արտաքին քաղաքականութեան լրագրող: Բազմաթիւ լրագրողներ իրենց մարզերուն մէջ բաւարար մասնագիտութիւն չունին: Ասիկա շատ դժուարին եւ մրցունակ միջավայր մըն է, եւ` պատճառներէն մէկը, թէ ես ինչո՛ւ լրատուութեան ասպարէզը լքեցի, ճնշումը յաղթահարելու իմ անկարողութիւնս էր:

Այսուամենայնիւ, հաղորդամիջոցներու մէջ սկզբունային հարցը կառուցային, կերտուածքային է: Լրատու աղբիւրներու բազմաթիւ սեփականատէրեր նաեւ ունին առեւտրական այլ գործեր, ասպարէզներ: Ասիկա շահերու բախում կը յառաջացնէ կառավարութեան հետ:

Եթէ հաղորդամիջոցներու խումբ մը սեփականատէրն է վառելանիւթի կայանի ցանցի մը եւ հարկերէն խուսափելու համար տուգանքի  ենթարկուած է ելեւմուտքի նախարարութեան կողմէ, լրատու միջոցներու խումբը անմիջապէս կը դիմէ կառավարութիւնը քննադատելու միջոցին, որպէսզի իշխանութիւններուն կողմէ աւելի բարենպաստ վերաբերմունքի արժանանայ:

1990-ական թուականները ականատես եղան պարագաներու, երբ վարչապետները իրենց բաճկոնները կը կոկէին, կը կոճկէին հաղորդամիջոցներու պոսերուն առջեւ:

Հաղորդամիջոցներու պոսերը քոալիսիոններ կը կազմէին եւ կառավարութիւններ կը տապալէին, եւ անոնք մեծ ազդեցութիւն ունեցան քաղաքական որոշումներու կայացման կեդրոններուն վրայ:

Ատիկա յստակօրէն շատ կեղտոտ գործառնութիւն էր:

Մենք պէտք ունինք հաղորդամիջոցներու նոր օրէնքի մը, որ լրատու միջոցներու սեփականատէրերուն կ՛արգիլէ առեւտրական այլ գործեր ունենալու: Անոնք պէտք է այլ ասպարէզներու մէջ աշխատին, կամ միայն գործեն հաղորդամիջոցներու մարզին մէջ: Փոխընտրութիւնը շահերու բախումներ միայն կը ստեղծէ եւ շատ դիւրաւ կը խարդախուի, ձեռնածութեան կ՛ենթարկուի առեւտրական շահերու կողմէ:

Ասիկա փոքր խնդիր մը չէ: Ասիկա հիմնական մարտահրաւէր մըն է, որ պէտք է դիմակայել, եթէ մենք բնական ժողովրդավարութիւն մը կ՛ուզենք դառնալ:

Այսինքն թրքական հաղորդամիջոցները տակաւին կը գործեն իբրեւ կարեւոր ուժ մը, որ կը վերահսկէ կառավարութեան գործունէութիւնները եւ, այսպիսով, կը ծառայէ իբրեւ խիստ կարեւոր ծանրութեան կեդրոն` քննելով եւ հսկելով կառավարութիւններ: Տակաւին կան շատ հետաքրքրական, տեղեակ եւ խիզախ լրագրողներ, որոնք կը մասնակցին քննարկումներու եւ ձեւաւորեն հանրային կարծիքը:

 ՍՈՒԱԹ ՔԻՆԻՔԼԻՕՂԼՈՒ

«Զաման»

«ԳԱՄՈՂ» ԹՐՔԱԿԱՆ
ՈՂԲԵՐԳԱԿԱՏԱԿԵՐԳՈՒԹԻՒՆ

Բաւական «ապշեցուցիչ» է (գործածելու համար Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպանին բառը), որ սպայակոյտի նախկին պետը բանտարկուի ահաբեկչութեան մեղադրանքով: Սակայն հարցերը այժմ նոյնիսկ աւելի արտառոց ընթացք ստացան, երբ Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի պետ` Հաքան Ֆիտան եւ գործակալութեան նախկին բարձրաստիճան պաշտօնատարներ ձերբակալելու հրամանագիր ստորագրուեցաւ` պատասխանելու համար քրտական ահաբեկչութեան օգնելու վերաբերեալ մեղադրանքներուն:

Նոյնիսկ աւելի համեմուեցաւ վհուկներու սարսափազդու ապարը, երբ Պոլսոյ մէջ հակաահաբեկչական պայքարի երկու բարձրաստիճան պաշտօնատարներ կառավարութեան կողմէ ազատ կացուցուեցան Ֆիտանն ու ՄԻԹ-ի նախկին անդամներ հարցաքննութեան ենթարկելու որոշումին լուրը տարածուելէ ետք:

Երկու պաշտօնատարներն ալ խորապէս ներառուած են «ՔՀՄ-ի դատավարութեան» մէջ, որուն մէջ ներառուած է թրքական հողին վրայ անկախ Քիւրտիստանի մը համար պայքարող ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը ըլլալու համար մեղադրուած խումբ մը: Մօտ երկու տասնեակ անձեր, որոնց շարքին` ընտրուած տեղական պաշտօնատարներ, հրատարակիչներ եւ ակադեմականներ, կալանաւորուած են այս հետաքննութեամբ, որուն մէջ, ինչպէս վերջերս պարզուեցաւ, ներառուած են քիւրտեր, որոնց համար կ՛ըսուի, թէ ՄԻԹ-ի լրտեսներ են:

Ուրեմն այս երկրին մէջ դատախազները այնքան լա՞ւ են, որ յաջողութեամբ կը վնասազերծեն թրքական պետութեան բարձրագոյն մակարդակի վրայ եղող «ահաբեկիչները»: Կամ, արդեօ՞ք մենք այս զարգացումները պէտք է տեսնենք` ԱԲԿ-ի (Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւն, Ա.) երկրի իշխանութեան ղեկը ստանձնելէն ետք (եւ ատենէ մը ի վեր իմ բնորոշումովս) տեղի ունեցող «յետժամանակակից քաղաքացիական պատերազմի» լոյսին տակ:

Այս մթնոլորտին մէջ անխուսափելի է, որ Ֆիտանը եւ ՄԻԹ-ի նախկին պաշտօնատարները ձերբակալելու հրամանագիրը շատերու կողմէ պիտի մեկնաբանուի իբրեւ արդարադատութեան մէջ բոյն դրած հակակառավարական տարրերու կողմէ փոխհատուցում, բանակի սպայակոյտի պետ զօրավար Իլքեր Պաշպուղի` «ահաբեկչութեան» մեղադրանքով կալանաւորման:

Այսպէս, կ՛ըսուի, թէ դատական համակարգը եւս ունի իր կառավարամէտ տարրերը, որոնք արմատին վրայ են, այժմ հանրածանօթ դատական հարցերու, որոնց միջոցով դատական հետապնդումի կ՛ենթարկուին` լրագրողներ, զինուորական բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, նախկին ոստիկանապետեր եւ բազմաթիւ այլ անձեր, ենթադրաբար` կառավարութիւնը ապօրինի միջոցներով տապալելու փորձին համար:

Վարկածը այն է, որ մասնաւորաբար դատական համակարգին մէջ եղող եւ կառավարութեան «քրտական բացումը» դատապարտողները այժմ կը գործեն: Ըստ այս պնդումին, Ֆիտան (որ մեղադրուած էր ՔԱԿ-ի տարրերու հետ Օսլոյի մէջ գաղտնի զրոյցներու համար) այդ ատեն գործած է կառավարութեան ցուցմունքներով, յանձնարարականով:

Եզրակացութիւնը այն է, որ այս հետաքննութիւնը պէտք է առաջնորդէ մինչեւ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:

Նկատի ունենալով Թուրքիոյ մէջ հակաիսրայէլեան մթնոլորտը, որ ներկայացած ամէն առիթի կը հրահրուի Էրտողանի կողմէ, կան նաեւ մարդիկ, որոնք կը հաւատան, թէ Ֆիտանի միջադէպին ետին Իսրայէլ կանգնած է: Պնդումը այն է, որ Իսրայէլ չի սիրեր տեսնել, ինչ որ այդ մարդիկը կը կարծեն (անշուշտ ըստ էութեան սխալ), «իսլամական» մը` իբրեւ Թուրքիոյ լրտեսներու վարպետը, եւ, հետեւաբար, Օսլոյի հանդիպումին ձայնագրութիւնը սպրդեցուցած են մամուլին, որպէսզի Ֆիտանն ու Էրտողանը հարուածեն, նուաստացնեն:

Ուրիշներ կ՛ըսեն, թէ ասիկա չէ հարցը, եւ կը մատնանշեն, ըստ իրենց, լուրջ ճեղք մը ՄԻԹ-ի (որ կառավարութեան վերահսկողութեան տակ է) եւ, յատկապէս Պոլսոյ մէջ, հակաահաբեկչական պաշտօնատարներու միջեւ: Վերջինները կ՛արձագանգեն` Միացեալ Նահանգներ բնակող իսլամ առաջնորդ Ֆեթհուլլա Կիւլենի, որ շատերու կողմէ` կը դիտուի իբրեւ Թուրքիոյ մէջ քուլիսներու ետին ամէնէն ազդեցիկ դերակատարներէն մէկը:

Մինչ Կիւլեն իսլամական է, ան այդուամենայնիւ կու գայ ծայրայեղ ազգայնական անցեալէ մը, եւ պնդումը այն է, որ ան նաեւ կ՛ընդդիմանայ կառավարութեան քրտական բացուածքին, ինչպէս նաեւ` Էրտողանի կառավարութեան այլ գործողութիւններուն: Այնպէս որ, «Մաւի Մարմարա»-ի դէպքին գծով կառավարութեան գործունէութեան Կիւլենի կողմէ դատապարտումը ցնցող ալիքներ անցուցած է իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան (ԱԲԿ) ընդմէջէն:

Այնպէս որ, ամբողջովին յստակ չէ, թէ այս հանգրուանին հարցը «արմատաւորուած քեմալականներ» ընդդէմ «բարձրացող իսլամականներ» յետժամանակակից քաղաքացիական պատերազմի մը բոցավառումն է, կամ ասիկա ընողն է` «ազգայնական իսլամականներ» ընդդէմ «անարատ իսլամականներ» պայքարը:

Մեր ամբողջ գիտցածը այն է, որ թրքական այս ողբերգակատակերգութեան ծալքերը կը շարունակուին բացուիլ, եւ իրենց ճամբուն վրայ, դաւին խտացումին հետ, անկասկած յայտնաբերել բազմաթիւ անսպասելի եւ բեւեռացնող անակնկալներ:

ՍԵՄԻՀ ԻՏԻԶ

«Հիւրրիյէթ»

 

ԱՅԺՄ ԵՐԵՔ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԱՆ,
ԱՅԼ ՈՉ ԹԷ` ԵՐԿՈՒ

Անցեալ տասնամեակին, քաղաքական վերլուծաբաններ, որոնք մեկնաբանեցին թրքական հարցերը, յաճախ խօսեցան Անգարայի մէջ «երկու պետութիւններու» մասին:

Առաջինը` քեմալական երկարատեւ հիմնարկ-կառոյցն է, որ կ՛իշխէր զինուորականութեան, արդարադատութեան եւ դիւանակալութեան մեծ մասին:

Երկրորդը` կրօնական պահպանողականներու շրջանակն էր` գլխաւորութեամբ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան (ԱԲԿ):

2002 թուականէն ի վեր ԱԲԿ շահած է իւրաքանչիւր ընտրութիւն եւ, այսպիսով, աստիճանաբար աւելցուցած է իր իշխանութիւնը, ուժը: Բացի ատկէ, Էրկենեքոն կամ «Պալիոզ» (լախտի հարուած) կազմակերպութիւններու քրէական գործերը հետապնդած են յեղաշրջումի փորձեր` նոր պետութեան դէմ, զայն փրկելով հինին ցասումէն:

Այս հարցերը հետզհետէ աւելի խնդրայարոյց, վիճայարոյց եղած են, երբ աւելի ու աւելի մարդիկ ձերբակալուած են, եւ ոմանք սկսած են պնդել, թէ մեղադրանքները ամբողջովին շինծու, կեղծ են:

Սակայն «բանտին մէջ գտնուող լրագրողներէն» մէկուն` Թունճայ Էօզքանի պարագային, Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին վերջերս տուած որոշումը կը ջրէ, կը հերքէ այդ պնդումը: Եւրոպական ատեանը յայտարարած է, որ կան «հաստատ, ամուր փաստեր»` Էրկենեքոնի գոյութիւնը իբրեւ յանցագործ կազմակերպութիւն հաստատող, եւ թէ կրնայ ըլլալ, որ Էօզքան հրահանգներ կը ստանար Էրկենեքոնէն:

Այլ խօսքով, հակառակ որոշ չափազանցութիւններու, աւելորդաբանութիւններու, «ուրուային պետութեան» ճզմումը արդարացուած էր:

Նոյն ատեն երկրորդ ճակատ մը բացուած էր, այս անգամ` «նոր պետութեան» եւ ՔԱԿ-ի (զինեալ եւ ապօրինի` Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւն) միջեւ: Հոս եւս դատեր բացուած են, ընդդէմ` ՔՀԿ-ի, ՔԱԿ-ի քաղաքային ցանց, ահաբեկչական գործունէութեան մասնակցելու համար ամբաստանութեամբ հազարաւոր քիւրտ գործիչներու ձերբակալումով: Հոս եւս որոշ չափազանցութիւններ տեղի ունեցան, երբ «ահաբեկչական գործունէութեան մասնակցիլը» կրնայ պարզապէս ըլլալ` դասախօսութիւն մը տալը «քիւրտերու ինքնորոշման հարցը» նիւթին մասին, այնպէս` ինչպէս փրոֆ. Պիւշրա Էրսանլը եւ գրող Ռակըպ Զարաքոլու վկայած են:

Ժամանակի թաւալումին հետ, սակայն, ինչպէ՛ս շարունակելու հարցին շուրջը տեսակէտներու տարբերութիւններ ի յայտ եկան «նոր պետութեան» մէջ:

Բաւական կոպիտ բնորոշումով մը երեւան ելան բազէներ եւ աղաւնիներ:

Ըստ բազէներուն, Էրկենեքոնի եւ Լախտի հարուածի հարցերով ձերբակալութիւնները ոչ միայն արդարացի են, այլ աւելին անհրաժեշտ է «պետութիւնը մաքրելու» համար: (Կը թուի, թէ անոնք յետսատտամեան Իրաքի մէջ տեղի ունեցած «պաասականազերծման» նման բան մը կ՛ուզեն): Երբեմն անոնք կը մեղադրեն Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կառավարութիւնը` այս շատ անհրաժեշտ մաքրագործումին մէջ բաւարար չափով հաստատակամ չըլլալուն համար:

Ըստ նոյն բազէներուն, ՔԱԿ եւ ՔՀԿ եւս պէտք է ուժի կիրարկումով ճզմուին նախքան «լուծումի» մը գոյացումը: Էրտողանի կառավարութիւնը եւս անցեալ տարի այս եզրակացութեան եկաւ ՔԱԿ-ի հետ «բացուելու» եւ «բանակցութեան» ժամանակաշրջանէ մը ետք: Բայց Էրտողանի կառավարութիւնը նաեւ ուզեց սեղանի վրայ ձգել բանակցութիւնները, որոնք կը վարէր ոչ այլ ոք, քան Էրտողանի վստահելի օգնականը` Հաքան Ֆիտան, Թուրքիոյ Ազգային գաղտնի սպասարկութեան ՄԻԹ-ի ղեկավարը:

Այժմ, որոշ ատեն մը այս լարուածութիւնը մնաց, բայց անցեալ շաբաթ ատիկա վերածուեցաւ բացայայտ ճգնաժամի մը, երբ յատուկ լիազօրութիւններով դատախազը ուզեց հարցաքննել Ֆիտանը եւ ՄԻԹ-ի այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ` «ՔԱԿ-ի հետ գործակցելու» համար: («Փաստը` ՔԱԿ-ի մէջ ՄԻԹ-ի լրտեսներու գոյութիւնն էր, որ կը բացատրուի ահաբեկչական խումբ թափանցելու ՄԻԹ-ի օրինական գործով):

Կառավարութիւնը բուռն կերպով հակադարձեց եւ անմիջապէս մշակեց օրէնք մը, որ ՄԻԹ-ի ղեկավարներուն իրաւական անձեռնմխելիութիւն կը շնորհէ:

Այդ ատենէն ի վեր ամէն ոք կը խօսի լռելեայն պատերազմի մը մասին` «ոստիկանութեան հետախուզութեան եւ նոր արդարադատութեան» եւ ՄԻԹ-ի միջեւ, որոնք յաջորդաբար կը ներկայացնեն բազէներու եւ աղաւնիներու տեսակէտները` քրտական հարցին շուրջը:

Բայց, աւելի խոր մակարդակի վրայ, ասիկա կը թարգմանուի իբրեւ լարուածութիւն մը` ԱԲԿ-ի կառավարութեան եւ Կիւլեն շարժումին միջեւ, որ ժողովրդական իսլամական համայնք մըն է, ենթադրաբար հզօր` ոստիկանութեան եւ նոր արդարադատութեան մէջ:

Հարցերը այստեղէն ո՞ւր պիտի երթան, յստակ չէ:

Բայց, ինչ որ կարծես թէ յստակ է, հետեւեալն է. Թուրքիոյ մէջ չկայ միայն երկու պետութիւն` հինը եւ նորը:

Նկատի ունենալով, որ նոր պետութիւնը բաժնուած է երկու խմբակցութիւններու, փաստօրէն այժմ կան երեք պետութիւններ:

ՄՈՒՍԹԱՖԱ ԱՔԻՈԼ

«Հիւրրիյէթ»

 

 

Share this Article
CATEGORIES