Վարչապետ Միքաթի Քննարկեց Կրթութեան Նախարարութեան Վերաբերող Ծրագիրներ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի մարդասիրական օժանդակութեանց եւ արտակարգ իրավիճակներու հարցերով ներկայացուցիչ Վալերի Ամոսը, որուն ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին:
Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ Օքսֆըրտ համալսարանի լիբանանեան գիտութեանց ամպիոնի նախագահ Ժորժ Օսայլին, որմէ ստացաւ «Բռնարարքներու արմատները լուծելու» խորհրդաժողովէն բխած տեղեկագիրը:
Տեղեկագիրին մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանան իր բոլոր զաւակներուն համար միացեալ երկիր է:
Միւս կողմէ, վարչապետարանին մէջ յայտարարուեցաւ «Տիրասաթի» ծրագիրը` ներկայութեամբ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասսան Տիապի եւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիի:
Քոնելլի շեշտեց, որ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ յանձնառու մնալ լիբանանցիներուն օժանդակութեան` բարելաւելու համար պետական ուսման որակը եւ լիբանանցի բոլոր երեխաներուն ուսում ստանալու առիթներ ապահովելու համար:


