Ղոսըն – Սալեհի Հանդիպում
Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն երէկ Թեհրանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:
Հանդիպումէն ետք Ղոսըն մաղթեց, որ լիբանանցի եւ իրանցի պատասխանատուներուն միջեւ գործակցութիւնը եւ խորհրդակցութիւնները շարունակուին, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանի եւ Իրանի միջեւ փոխյարաբերութիւններն ու փոխադարձ գործակցութիւնը բարելաւել:
Սուրիոյ մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ղոսըն ցաւ յայտնեց Սուրիոյ կառավարութեան եւ սուրիացիներուն վրայ բանեցուած ճնշումին համար, ինչպէս նաեւ յոյս յայտնեց, որ Սուրիա կարենայ այս հանգրուանը յաջող կերպով դիմագրաւել:
CATEGORIES Լիբանանեան