Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Ժեմայէլը
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլը:
Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:
Միւս կողմէ, «Ախպար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Ժեմայէլ շեշտած էր, որ իրենք իբրեւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւն եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժեր կը զօրակցին սուրիացի ժողովուրդին, որ կը պայքարի իր ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան համար:
Ժեմայէլ շեշտեց, որ Լիբանանը պէտք է հեռու պահել միջսուրիական բախումներէն, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ լիբանանցիները երկփեղկուած են:
Ժեմայէլ շեշտեց, որ ինք համաձայն է Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ դրական չէզոքութիւն պահելու կեցուածքին` աւելցնելով, որ այս հանգրուանը պատմական է` փաստելու համար, որ Լիբանան միջամուխ չ՛ըլլար սուրիացիներուն ներքին հարցերուն, ինչպէս նաեւ չի փափաքիր, որ անոնք միջամտեն ներլիբանանեան իրադարձութիւններուն: