Ըստ Հանրապետութեան Միւֆթիին` Իսլամական Հոգեւոր Գերագոյն Խորհուրդի Ընտրութիւնները` 22 Ապրիլին
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ իսլամ կրօնաւորներու հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան իսլամական եւ լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Քապպանի շեշտեց, որ իսլամական միասնականութիւնը իրենց գերագոյն նպատակն է` աւելցնելով, որ իսլամական սադրանքներ նախապատրաստող կողմերը ձախող դուրս պիտի գան այս կացութենէն եւ անոնք երբեք պիտի չկարենան թիրախ դարձնել հանրապետութեան միւֆթիին դիրքը:
Միւս կողմէ, «Նահար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, Քապպանի յայտնեց, որ Իսլամական հոգեւոր գերագոյն խորհուրդի ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ 22 ապրիլին` աւելցնելով, որ զանոնք յետաձգելու կարիքը չկայ:
CATEGORIES Լիբանանեան