ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի համաշխարհային համադաշնակցութիւնը շեշտեց, որ Լիբանանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան նկատմամբ միջազգային զօրակցութիւնը ընթացքի մէջ է:
ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Նազեմ Խուրի ընդգծեց, որ պետական նշանակումներուն քննարկումը պիտի կատարուի նախագահ Սլէյմանի Ռումանիա եւ Չեխիա այցելութիւններէն ետք:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ատնան Արաքժի յայտնեց, որ Սուրիոյ սահմանադրութեան գծով տեղի ունեցած հանրաքուէն փաստած է նախագահ Պաշշար Ասատի նկատմամբ սուրիացիներուն կառչածութիւնը:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի մեկնեցաւ Փարիզ:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է համախմբուին Դիմադրութեան շուրջ, որովհետեւ ան բոլորին կողմէ թիրախ կը նկատուի:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի «Լիուա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին մերժեց մեկնաբանել Սուրիոյ մասին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կեցուածքները: Ան շեշտեց, որ հիւսիսային Լիբանանի մէջ ապահովական գօտի մը ստեղծելու երազները անել կացութեան մատնուած են:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեց, որ ինք լրջօրէն կը մտածէ խորհրդարանէն հրաժարելու մասին` աւելցնելով, որ ինք Մուսթաքպալ հոսանքի քաղաքական ուղեգիծին հետ հարց չունի, այլ` յուսախաբ եղած է Աքքարի մէջ բարեկարգումներ իրագործելու Մուսթաքպալի խոստումներէն:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը թռիչքներ գործեց Մազարեհ Շեպաայի եւ Կոլանի վերեւ` ոտնձգութիւններ գործելով լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ:
ԻՍԼԱՄ քարոզիչ շէյխ Ահմետ Ասիր Սայտայի Պիլալ պըն Ռապպահ մզկիթին մէջ տեղի ունեցած նստացոյցի մը ընթացքին կոչ ուղղեց այսօր Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ բազմամարդ ցոյց մը կատարելու` զօրակցելու համար սուրիացիներուն փրկութեան, ինչպէս նաեւ նեցուկ կանգնելու Լիբանանի մէջ իսլամ արգելափակեալներուն:
«ԱՄԱԼ» շարժումը եւ Ֆաթհը հրապարակեցին միացեալ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ անոնք կոչ ուղղեցին ապահովելու Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն բարօրութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆարես Պուէյզ յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ վերջերս արձանագրուած ապահովական միջադէպերը ամրան ամպերու նման պիտի անցնին:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը ամբաստանեց գերակայութեան բարդոյթէ տառապելու ախտով եւ կոչ ուղղեց զինելու սուրիական ընդդիմութիւնը: