Նախագահ Սլէյման Մեկնեցաւ Ռումանիա
Նախագահելէ ետք կառավարութեան նիստին, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Ռումանիա, ուրկէ պիտի ուղղուի նաեւ Չեխիա:
Կը նախատեսուի, որ նախագահ Սլէյման հանդիպումներ ունենայ Ռումանիոյ եւ Չեխիոյ նախագահներուն, երկու երկիրներու պետական պատասխանատուներուն եւ նոյն երկիրներուն լիբանանեան գաղութներուն հետ:
Նշենք, որ նախագահ Սլէյմանի ընկերակցեցաւ Առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյման եւ պաշտօնական պատուիրակութիւն մը:
CATEGORIES Լիբանանեան