ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԳՈՒՄԱՐԵՑ ՀԱՆԴԱՐՏ ՈՒ ԽԱՂԱՂ ՆԻՍՏ ՄԸ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին` ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Նիստէն առաջ նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետին հետ` քննարկելու համար երկրին իրադարձութիւնները:
Կառավարութեան նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ 78 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք շեշտեց, որ նիստին սկիզբը նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Միքաթի ընդգծած են կառավարութեան աշխատանքը աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու անհրաժեշտութիւնը:
Տաուք նշեց, որ նախագահ Սլէյման շեշտած է, որ շինիչ երկխօսութիւնը եւ քննարկումը հիմնական մուտքը կը նկատուին կառավարութեան հարցերուն լուծման` նկատել տալով, որ վարչապետը հիմնական դերակատարութիւն ունի` նախարարներուն աշխատանքը աշխուժացնելու իմաստով:
«Նախագահ Սլէյման նշեց, որ հարկ է վերադառնալ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին, որուն առաջնահերթութիւններէն է պահպանել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը եւ լիբանանցի քաղաքացիներուն անվտանգութիւնն ու ծառայութիւնը: Կառավարութիւնը պէտք է պահպանէ իր միասնականութիւնը», ըսաւ Տաուք:
Տաուք աւելցուց, որ նախագահ Սլէյման նիստին ընթացքին շեշտած է, որ Լիբանանի սահմանադրութիւնը նախապատուութիւնը կ՛ընծայէ հարցերուն համախոհական լուծումներ գտնելու եւ ոչ թէ քուէարկութեան դիմելու, ինչպէս նաեւ կառավարութեան ներկայացուց իր ճամբորդութեան ծրագիրը:
Տաուք յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթի նիստին ընթացքին ողջունած է աշխատանքի նոր նշանակուած նախարար Սելիմ Ժրայսաթին` աւելցնելով, որ կառավարութեան նիստերուն վերսկսումով յաղթած կ՛ըլլան բոլոր լիբանանցիները:
«Վարչապետ Միքաթի յոյս յայտնեց, որ կառավարութիւնը ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնները եւ միասնականացնէ իր կամքը` գործադրելով տնտեսական եւ կառոյցներու վերաբերող բարեկարգումները, ինչպէս նաեւ իրականացնելով երկրին քաղաքական եւ ապահովական կայունութիւնը», ըսաւ Տաուք:
Տաուք յայտնեց, որ կառավարութեան յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ այսօր` վարչապետարանին մէջ: