Թրքական Կողմին Ճնշումներուն Հակառակ Ձերբակալուած Երիտասարդները Ազատ Արձակուեցան

Հինգշաբթի, 23 փետրուարի երեկոյեան խումբ մը ԼԵՄ-ական եւ ԶՈՄ-ական երիտասարդներ մուտք գործեցին Պէյրութի «Մոնրօ» պանդոկ, ուր տեղի կ՛ունենար «Օվըրսիզ Էճիւքէյշըն Էճընսիզ» ընկերութեան կազմակերպութեամբ թրքական համալսարաններու ցուցահանդէս մը: Երիտասարդները այս առիթով դատապարտումի թռուցիկներ ցրուեցին ներկաներուն:

Հաւաքին ներկայ թուրքերը բիրտ հակազդեցութիւն ցոյց տալով թռուցիկի ցրուումի քաղաքակիրթ ոճին, պատճառ դարձան ուժի գործածութեան, որուն պատճառով ներքին ապահովութեան ուժերը միջամտեցին եւ ձերբակալեցին 13 հայ երիտասարդներ ու զանոնք ենթարկեցին ժամանակաւոր ազատազրկման:

Անհրաժեշտ միջամտութիւնները կատարուելով` նոյն գիշերը ազատ արձակուեցան չորս երիտասարդներ, ուրբաթ օր չորս այլ երիտասարդներ, իսկ շաբաթավերջէն ետք, երէկ կէսօր ազատ արձակուեցան հինգ երիտասարդներ:

Կարեւոր է նշել նաեւ, որ թրքական իշխանութիւնները Պէյրութի մօտ իրենց դեսպանատան ճամբով ոգի ի բռին լծուած էին դատական իշխանութիւններուն վրայ ճնշումներ բանեցնելու աշխատանքին, բան մը, որ բուռն հակազդեցութեան արժանացաւ ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքին կողմէ:

Share this Article
CATEGORIES