Հաղորդագրութիւն
Երկուշաբթի, 27 փետրուար 2012-ին, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան գրասենեակ այցելեցին պուլկարացի լրագրող եւ «Ղարաբաղի վէրքերը» վաւերագրական ժապաւէնի արտադրող Ցվեթանա Փասքալեւա եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան քարտուղար Վարդան Ադամեան ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներուն եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէնութեան:
Փասքալեւա անդրադարձաւ ժապաւէնի աշխատանքներուն եւ աւելցուց. «Այսօր մօտէն կը ճանչնամ հայրենասէր արի Ղարաբաղի ժողովուրդը եւ ականատես եղած եմ Ղարաբաղի հերոսական կռիւներուն»:
Փասքալեւա նաեւ ծանօթացաւ ԼՕԽ-ի գործունէութեան եւ շրջեցաւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ:
ԼՕԽ-Ի
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
CATEGORIES Գաղութային
