Պրայզա Մասնակցած Է Թաքսիմի Հակահայ Ցոյցին. «Հայկական Լոպին Ամբողջ Չարութիւնը Վրաս Թափեց» Կ՛Ըսէ Պրայզա

«Այսօր Թաքսիմ, վաղը` Երեւան. գիշեր մը յանկարծ կրնանք գալ»

Ազրպէյճանական «1news.az» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Մեթիու Պրայզա յայտարարած է, որ «այն բանէն ետք, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա 1915-ի դէպքերը ցեղասպանութիւն չանուանեց, հայկական լոպին որոշեց ամբողջ չարութիւնը վրաս թափել»:

Կայքէջը կ՛ընդգծէ, որ թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին հետ ունեցած զրոյցին մէջ Պրայզա աւելցուցած է, թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական լոպին ամէն ինչ կատարած է զինք կողմնակալ ներկայացնելու համար: «Այժմ անոնք ինծի դէմ կ՛օգտագործեն իմ` Թուրքիա տեղափոխուելու հանգամանքս: Այո՛, ես կը սիրեմ Թուրքիան, սակայն ատոր հետ մէկտեղ կը սիրեմ նաեւ Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը: ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ եղած տարիներուն ես յաճախ հանդիպում ունեցած եմ հայկական կողմին հետ, եւ հայ պաշտօնատար անձեր երբեք զիս կողմնակալութեան մէջ չեն մեղադրած: Հայկական լոպին, սակայն, այդ ամէնէն զատ զիս կշտամբեց նաեւ Զէյնա Պարանի հետ ամուսնութեանս համար. անոնք կը նկատէին, որ Պարանի` ծագումով թուրք ըլլալու հանգամանքը վրաս ազդեցութիւն պիտի ունենայ: Անոնք, սակայն, այնքան անհիմն մեղադրանքներ են, որ քննարկել անգամ չեմ ուզեր», ըսած է դիւանագետը:

Օրաթերթի թղթակիցին հետ զրոյցին մէջ Պրայզա չէ բացառած, որ դեսպանի իր ասպարէզը սեփական ամուսնութեան «զոհ» դարձաւ:

Հայկական լոպիին հասցէին իր կատարած մեղադրանքներուն կողքին, սակայն, Պրայզա մասնակցած է Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ հակահայ ցոյցին, որուն ընթացքին «բոլորդ հայեր էք, բոլորդ պոռնկորդիներ էք», «այսօր Թաքսիմ, վաղը` Երեւան» կարգախօսեր հնչած էին:

Ազրպէյճանական «Anspress.com» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Պրայզա Թաքսիմ հրապարակին վրայ այսպէս կոչուած «Խոջալուի ցեղասպանութեան» 20-ամեակի տարելիցին նուիրուած ցոյցին մասնակցած է: Դիւանագէտը այժմ իր կնոջ հետ Պոլիս կը բնակի:

Ցոյցի մասնակիցներուն շարքին եղած են նաեւ ազրպէյճանցի գործարար Մուպարիզ Մանսիմով, Ազրպէյճանի խորհրդարանի երեսփոխաններ եւ ուրիշներ: Տարբեր տուեալներով, ցոյցին մասնակիցներուն թիւը կը հասնի 100 հազարի:

Share this Article
CATEGORIES