«Եւրոպական Միութիւնը Կ՛Ուզէ Լեռնային Ղարաբաղի Հարցի Լուծման Աջակցելու Հարցին Մէջ Աւելի Կարեւոր Դեր Խաղալ» Կ՛Ըսէ Էշթըն
Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթըն Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդի նիստէն առաջ յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնը պիտի ուզէր Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման աջակցելու հարցին մէջ աւելի կարեւոր դեր խաղալ:
«Այդ տագնապը շատ բարդ է եւ անհրաժեշտ է զայն լուծել», ըսած է Էշթըն` ընդգծելով, որ նիստի ընթացքին Հարաւային Կովկասի մէջ գոյութիւն ունեցող իրավիճակին վերաբերեալ լայնածաւալ քննարկումներ պիտի կատարուին, իսկ քննարկումներուն գլխաւոր նիւթերէն մէկը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծումը պիտի ըլլայ:
«Մենք պիտի քննարկենք, թէ Եւրոպական Միութեան խորհուրդը այդ առնչութեամբ ի՛նչ կրնայ ընել», ըսած է Էշթըն եւ աւելցուցած, որ հակառակ այն իրողութեան, որ Եւրոպական Միութիւնը ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցին մէջ միջնորդ չի հանդիսանար, այդուհանդերձ, կառոյցը շրջանին մէջ յատուկ ներկայացուցիչ նշանակած է Ֆիլիփ Լըֆորը: