«Մենք Գերմանիոյ Խորհրդարանին Հետ Պէտք Է Խօսինք Ազգային Ժողովի Մակարդակով» Կ՛Ըսէ Արմէն Ռուստամեան

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր, արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Արմէն Ռուստամեան երէկ Ազգային ժողովին նիստին ընթացքին նշեց, որ «Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը զինեալ տագնապի վերածելու, անոր էութիւնը նենգափոխելու եւ խաղաղ բանակցային հոլովոյթը խոչընդոտելու Ազրպէյճանի պատասխանատուութեան մասին» իր հեղինակած յայտարարութեան բնագիրը դարձեալ ընդգրկուած չէ նիստի օրակարգին վրայ, ինչ որ Ազգային ժողովի ընթակարգի խախտում է:

«Հերթական նենգափոխումը տեղի ունեցաւ մեր քառօրեաներու արանքին մէջ: Ազրպէյճան նոր հոլովոյթի սկսաւ, որ Պունտըսթակը (Գերմանիոյ խորհրդարան) ճանչնայ իր յայտնի թեզերը, եւ քանի որ այս յայտարարութիւնը չէինք ընդունած, մենք ստիպուած եղանք բոլոր խմբակցութիւններով նամակ յղել` այդ հոլովոյթը կասեցնելու համար: Եթէ ըլլար յայտարարութիւնը, անոր կարիքը հաստատ չէր ըլլար: Գերմանիոյ խորհրդարանին հետ պէտք է խօսիլ Ազգային ժողովի մակարդակով», ըսաւ Ա. Ռուստամեան:

«Կը կարծեմ բոլորս ալ կը հասկնանք, որ ատիկա հոլովոյթ է, որ Ազրպէյճան պիտի շարունակէ անկախ անկէ, որ մենք յայտարարութիւն ըրած ենք, թէ ոչ», յայտնեց Ազգային ժողովի նախագահ Սամուէլ Նիկոյեան եւ նշեց, որ եթէ յայտարարութիւններով կարելի ըլլար այսպիսի հոլովոյթներու դէմ կենալ, ապա օրական երկու անգամ յայտարարութիւն կը կատարուէր: Ըստ անոր, յայտարարութիւնը այն գործիքը չէ, որով կարելի պիտի ըլլայ խնդիրը լուծել:

Հարցին միջամտեց նաեւ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան` նշելով, որ երկու գումարման խորհրդարանները ստիպուած եղած են խմբակցութիւններու ստորագրութիւններով հաստատել Հայաստանի զիջման սահմանաեզրը` կապուած Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին հետ:

Վ. Յովհաննիսեան նշեց, որ քանի որ Հայաստան չունէր յայտարարութիւն կատարելու իրաւունքը, գտնուեցաւ այդ ձեւը` ստորագրութիւններու ձեւը: Հիմա Հայաստան ունի այդ իրաւունքը, բայց ստեղծուած է վախի իրավիճակ մը, որուն իբրեւ արդիւնք կարելի չ՛ըլլար օգտագործել Հայաստանի ձեռքին եղած բաւական հզօր զէնքը: Ան աւելցուց, որ նոյնիսկ խմբակցութիւններու կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները լուրջ զէնք կը դառնային դեսպանատուներու ձեռքին, քանի որ միջազգային կառոյցներուն մէջ խորհրդարանի ձայնը շատ աւելի կարեւոր է, քան գործադիր իշխանութիւնը, որովհետեւ խորհրդարանը կը ներկայացնէ ժողովուրդին տեսակէտը:

«Մեզի արգիլած են փաստօրէն ժողովուրդի տեսակէտը արտայայտել եւ արտաքին յարաբերութիւններով կը զբաղի միայն գործադիր իշխանութիւնը. ասիկա ճիշդ ձեւ չէ, ասիկա կը տանի պարտութիւններու: Մենք ժողովուրդին տեսակէտը յայտնելու իրաւունքը չենք օգտագործեր` անով թուլացնելով Հայաստանի դիրքը», ըսաւ Վահան Յովհաննիսեան:

Share this Article
CATEGORIES