«Ընտրութիւններու Արդարութիւնը Պէտք Է Պարտադրուի` Կամաւորական Շարժումի Մը Միջոցով» Կ՛Ըսէ Հրանդ Մարգարեան
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան երէկ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին անդրադարձաւ Ազգային ժողովին մէջ գործարար պատգամաւորներու ըլլալ-չըլլալու մասին հարցումին: Ան նշեց, որ խորհրդարանը պէտք է ըլլայ քաղաքական ուժերու, քաղաքական դէմքերու համար, որոնք խորհրդարանական բեմը չեն օգտագործեր այլ նպատակներու, այլ` խորհրդարանական գործունէութեամբ կը նպաստեն երկրին զարգացման ընթացքին:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը անդրադարձաւ նաեւ Դաշնակցութեան համամասնական ցուցակին` նշելով, որ կուսակցութեան մէջ կան շատ մարդիկ, որոնք կրնան գլխաւորել ցուցակը: Ան ընդգծեց, որ ինք այսպիսի ցանկութիւն չունի եւ կը փափաքի չմասնակցիլ ընտրութիւններուն: Հ. Մարգարեան նաեւ աւելցուց, որ կուսակցութեան համամասնական ցուցակը պիտի հրապարակուի այն ժամանակ, երբ պահանջէ ժամանակացոյցը, եւ տակաւին չէ որոշուած, թէ ի՞նչ սկզբունքով անիկա պիտի կազմուի: Ըստ անոր, անիկա պէտք է որոշէ դաշնակցական մարմինը կամ ժողովը:
Պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, որ արդեօք հաւանակա՞ն է, որ ապագայ խորհրդարանին մէջ Դաշնակցութիւնը կրկին դաշինք կազմէ Հանրապետական կուսակցութեան հետ, Հ. Մարգարեան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը պատճառ չունի իշխող կուսակցութեան հետ դաշինք կազմելու, իսկ չկազմելու պատճառները շատ են: Ան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը շատ հաւանաբար դաշինք չկազմէ:
Անդրադառնալով այն հարցումին, թէ որքանո՞վ այսօր շահեկան է Դաշնակցութեան վիճակը, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը նշեց, որ այսօր ոչ մէկ քաղաքական ուժի համար ալ վիճակը նպաստաւոր է: Ան յայտնեց, որ պարզուած է կեղծ իրավիճակ մը, ուր կուսակցութիւնները, հազուադէպ բացառութեամբ կամ համեմատական տարբերութիւններով, չեն վայելեր ժողովուրդի իսկական համակրանքը, որ ուղղուած կ՛ըլլայ անոնց գաղափարախօսութեան, անոնց ծրագիրին եւ անոնց քաղաքական ուղղութեան: «Թերեւս մենք տարբեր ենք, որ մեզի որոշ առումով կը ճանչնան, առնուազն ազգային հարցերուն մէջ գիտեն, որ Դաշնակցութիւնը ինչ է, բայց միւսներուն պարագային կուսակցութեան գաղափարախօսութիւնը չէ, որ ժողովրդական յենարան ունի, աւելի շատ առանձին դէմքեր, առանձին անձեր են, որ ունին, եւ ես կը կարծեմ, որ անիկա լաւ բան չէ, նոյնիսկ վտանգաւոր է», նշեց Հրանդ Մարգարեան:
Դաշնակցական գործիչը անլուրջ նկատեց այն խօսակցութիւնները, որ ինք նախորդ շաբաթ հանդիպած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ եւ յաջողած է որոշակի համաձայնութիւններ ձեռք բերել ապագայ խորհրդարանին մէջ աթոռներ ունենալու համար:
Սակայն ան չհերքեց, որ պարբերաբար հանդիպում կ՛ունենայ նախագահին հետ, բայց ոչ թէ բանակցելու, այլ վիճելու, վիճաբանելու համար: Հ. Մարգարեան նշեց, որ նախագահը եւ Դաշնակցութիւնը վերջապէս այս պետականութեան հետ արտաքին քաղաքականութեան առումով կը համագործակցին թէ՛ Ղարաբաղի կամ Սումկայիթի հարցով, թէ՛ հայ-թրքական յարաբերութիւններու գծով կամ Հայաստանի համար նոր կարելիութիւններ ստեղծելու խնդիրով: Ան աւելցուց, որ բոլորը կը հանդիպին Սերժ Սարգսեանի հետ, բայց չեն համարձակիր ըսել, որովհետեւ անկեղծ չեն ժողովուրդին հետ:
Հ. Մարգարեան յայտնեց, որ ընտրութիւնները կրնան արդար ըլլալ, եթէ ատիկա պարտադրուի երկրին կամ իշխանութեան: Այդ նպատակով Դաշնակցութիւնը նախաձեռնած է արդար ընտրութիւններու կամաւորական շարժումի մը:
Ան նշեց, որ ժողովուրդին մէջ վստահաբար կան 2000, 4000, 10000 մարդիկ, որոնք անշահախնդրօրէն կ՛ուզեն, որ այս ընտրութիւնները իսկական ըլլան: Այդ 10000 անձերը պէտք է հրապարակ դուրս գան եւ պարտադրեն արդար ընտրութիւններ Հայաստանի մէջ: Ան ընդգծեց, որ խօսքը ֆիզիքական պարտադրանքի մասին չէ:
Հ. Մարգարեան նշեց, որ քաղաքական ուժերը ընտրատեղամասերուն մէջ մինչեւ այսօր չեն յաջողած հրապարակ բերել հաւատարիմ, չկաշառուող, օրէնքէն հասկցող, համարձակ այն մարդուժը, որ պիտի յաջողի տեղամասերուն մէջ պահպանել արդար ընտրութիւններու ընթացքը:
«Մենք նախաձեռնած ենք կամաւորական շարժումի եւ կ՛ուզենք, որ այն մարդիկը, որոնք այսօր ալ զէնք կը վերցնեն, սահման կ՛երթան հայրենիքը պաշտպանելու համար, պատրաստ են զոհաբերութիւններ կատարելու նոյն այդ մարդիկը արդար ընտրութիւններ պարտադրելու, արդար ընտրութիւնները երաշխաւորելու համար կամաւոր արձանագրուին», յայտնեց Մարգարեան:


