50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 2 ԱՊՐԻԼ 1961 )

ԿԷՍՕՐՈՒԱՆ ՏՈՄՍԵՐ

ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ Է, ԲԱՅՑ… ՀԱՒԱՏԱՑԷՔ

Պէյրութ հետզհետէ արդիական քաղաք կը դառնայ: Իր աշխարհագրական սքանչելի դիրքն ու երկրի բարեբեր կլիման մեծապէս կը նպաստեն մայրաքաղաքի հսկայաքայլ յառաջդիմութեան: Քանի մը տարուան ընթացքին շինարարական հսկայ աշխատանքներ կատարուած են: Քաղաքի անմիջական շրջանակներուն թէ արուարձաններուն մէջ ամէն օր կը բարձրանան բազմայարկ շէնքեր, կը բացուին նոր ճամբաներ եւ կը հիմնուին հանրային նորանոր հաստատութիւններ: Պէյրութի մարզական աւանը նմանը չունի Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ եւ հպարտութիւն կը պատճառէ բոլոր լիբանանցիներուն:

Բայց եթէ ձեզի ըսեն, թէ նոյն համեմատութեամբ կը զարգանայ նաեւ օրէնքներու հանդէպ պարտադրանքը, մի՛ հաւատաք:

Ներկայ գտնուա՞ծ էք երբեք մարզական աւանի մէջ տեղի ունեցող խաղերուն: Երբեմն տասնեակ հազարներու հասնող մարզասէր հասարակութիւնը հսկայ աւանի 20 դռներէն միայն երկուքէն ներս կ՛առնուի: Հասկնալի է անշուշտ եւ արդար` մտահոգութիւնը: Մուտքի վրայ լաւ հսկողութիւն ընելու անհրաժեշտութիւնը պարտադիր կը դարձնէ այդ զգուշութիւնը: Մանաւանդ բազմութիւնը յաճախ կանուխէն կը ներկայանայ կիշէն` տեղ գրաւելու համար: Կամաց-կամաց, բաղդատաբար նուազ խճողումով եւ իրարանցումով ներս կ՛առնուին մարզասէրները:

Բայց եթէ ձեզի ըսեն, թէ նոյն ձեւով տեղի կ՛ունենայ նաեւ ելքը, անհաւատալի է, բայց հաւատացէք:

Կը վերջանայ խաղը. բազմութիւնը մէկ անգամէն կը խուժէ դուրս: 20 հսկայ դռներէն 18-ը կրկին փակ են եւ միայն երկու կիսաբաց դռներ կան խուժող բազմութիւնը դուրս առաջնորդող: Հրմշտուքն ու իրարանցումը ծայր կու տան: Աղջիկներ ու երեխաներ ոտքի տակ կ՛երթան: Կարգապահութեան հսկող ուժերը կը մնան ականատեսի դիրքին մէջ: Անոնք, որոնք կը յաջողին ճեղքել մարդկային ծովը եւ դուրս հասնիլ, դրան սեմին փակուած կը մնան. օթոպիւսները գոցած են ճամբան: Այսպէս ժամերով կը ստեղծուի խառնաշփոթ եւ շատ անգամ` վտանգաւոր վիճակ մը:

Եթէ ձեզի ըսեն, թէ իշխանութիւնները ապահովութեան ու կարգապահութեան հսկելու համար նախազգուշութիւններ ձեռք առած են եւ` կարեւոր ուժեր տրամադրած, հաւատացէք: Բայց, եթէ ըսեն նաեւ, որ կարգ ու կանոնը հաստատելու իր վիճակի կ՛ըլլան, եւ ժողովուրդը ապահով տուն կը վերադառնայ, մի՛ հաւատաք:

ԴԻՏՈՂ

 

ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՏՕՆԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԲԱԶՄՈՒԹԻՒՆ
ԲՈԼՈՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնը այս տարի բացառիկ շուքով տօնուեցաւ լիբ. թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ: Հաւատացեալներու խուռներամ բազմութիւն մը հետեւեցաւ եկեղեցական հոգեպարար արարողութիւններուն:

Նկատելի էր մանաւանդ երիտասարդութեան խուռներամ բազմութիւնը, ինչ որ աննախընթաց եւ միանգամայն խրախուսիչ երեւոյթ մըն է, որ ցոյց կու տայ նոր սերունդին հայեցիութեան չափանիշը:

Անթիլիասի կաթողիկոսանիստ մայր տաճարին մէջ պատարագեց դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին վրդ. Սարգիսեան: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ կաթողիկոսը տուաւ խորիմաստ պատգամ մը:

Ս. Նշան մայր եկեղեցիին մէջ պատարագեց եւ քարոզեց լիբանանահայ թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեան:

Շրջանի միւս եկեղեցիներուն մէջ ալ պատշաճ շուքով տօնուեցաւ Ս. Զատիկը, հոգեշունչ քարոզներով:

 

Share this Article
CATEGORIES