ՆԱԶՔԱՅԻ ԳԵՏՆԻ ՎՐԱՅԻ ՓՈՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

1939 թուականին օդանաւ մը կ՛անցնի Հարաւային Ամերիկայի Փերուի հարաւը գտնուող շրջանի մը վրայէն… օդաչուները կը տեսնեն գետնին վրայ երեւցող հսկայական պատկերներ. անոնց մէկ մասը երկրաչափական ձեւեր են, մինչ ուրիշներ անասուններ կը ներկայացնեն:

Այժմ մենք գիտենք, թէ այս պատկերները «գծուած են» աւելի քան 1700 տարիներ առաջ, հողագործ-ձկնորս նազքաներուն կողմէ. սակայն տակաւին մենք չենք գիտեր, թէ անոնք ինչո՞ւ գծուած են…

Փերուին հիւսիսէն մինչեւ հարաւը կանգնած է հսկայական լեռնաշղթայ մը` Անտեան լեռնաշղթան: Այս լեռնաշղթային եւ Խաղաղական ովկիանոսի միջեւ, ծովափի երկայնքին կը տարածուի հողամաս մը, ուր բուսականութիւնը հազուագիւտ է: Այս շրջանը ծածկուած է աւազի եւ քարերու ընդարձակ անապատներով, որոնք իրարմէ բաժնուած են լեռնաշղթայէն հոսող եւ ովկիանոսին մէջ թափող գետերու կողմէ փորուած լայն կամ նեղ ձորերով:

Փերուի մէջ բազմաթիւ մեծ քաղաքակրթութիւններ ծնած են անցեալին, 1533 թուականին սպանացիներուն ժամանումէն առաջ: Սպանացիներուն նուաճումները վերջ դրած են էնքաներու հզօր կայսրութեան: Այս քաղաքակրթութիւնները ուսումնասիրող հնագէտները անոնց տուած են իրենց գտնուած հնախօսական վայրերուն անունները. այս ձեւով անուանուած են Շաւենի, Փարաքասի եւ Նազքոյի քաղաքակրթութիւնները:

ԵԳԻՊՏԱՑՈՐԵՆ` ԱՆԱՊԱՏԻՆ ՄԷՋ

Նազքոյի քաղաքակրթութիւնը կը զարգանայ Փերուի հարաւը, Խաղաղական ովկիանոսի ծովափին եւ Անտեան լեռնաշղթային միջեւ, Ք. Ա. 200-100 թուականէն սկսեալ: Նազքաները իրենց գիւղերը կը շինէին Անտեան լեռնաշղթայէն հոսող ջուրի հոսանքներուն մօտ: Շնորհիւ ջրհորներու եւ ջրանցքներու ստորերկրեայ կատարելագործուած դրութեան մը` անոնք անապատին մէջ կ՛աճեցնէին եգիպտացորեն, լուբիա եւ պղպեղ:

Խաղաղական ովկիանոսի ափերուն երկայնքին անոնք ձուկ կ՛որսային եւ ծովային անասուններ կը հաւաքէին իրենց սնունդը ապահովելու համար: Անոնք ձեռք կը ձգէին անուշ գետնախնձոր, օպսիտիէն (հրաբխային քար մը), դիմայարդարումի փոշիներ, բուրդ կամ նոյնիսկ փետուրներ` բարձր հողերու, այսինքն Անտեան լեռնաշղթային վրայ ապրող ժողովուրդներէն, որոնց հետ անոնք տարբեր տեսակի իրեր կը փոխանակէին:

ԳԵՏՆԻ ՎՐԱՅ ՓՈՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ք. Ե. 2-րդ եւ 3-րդ դարերուն միջեւ նազքաները հսկայական «ճամբաներ» գծած են անապատին մէջ` գետնին վրայ փորագրուած նշաններ: Այս երկար գիծերը կը յառաջացուէին գետնին մակերեսը գտնուող հողի եւ քարի խաւը հեռացնելու համար` ճիշդ անոր տակը գտնուող աւելի բաց գոյնով հողը յայտնաբերելու համար:

Գետնէն դիտուած` կարծէք այս գիծերը անապատը կը կտրեն տարբեր ուղղութիւններով:

Սակայն, երբ մենք զանոնք երկինքէն կը դիտենք, կ՛անդրադառնանք, թէ անոնք հսկայական պատկերներ կը կազմեն: Կան տասնեակներով երկրաչափական ձեւեր (եռանկիւն, տրապեզ, զիկզակ…) եւ մօտաւորապէս յիսուն պարոյրներ, որոնք կրնան յիշեցնել հովերը կամ անձրեւը:

Կան նաեւ պատկերներ, որոնք կը ներկայացնեն անասուններ: Նազքաներուն համար անասունները աստուածներուն հետ ուղղակիօրէն կապուած էին, վարազահաւը (քոնտոր) (148 մեթր երկայնք), կապիկը (92 մեթր), սարդը (48 մեթր), բազմաթիւ պզտիկ թռչուններ (մեղրահաւերը, որոնցմէ կարգ մը օրինակներ կը հասնին մինչեւ 130 մեթրի)…

ԳԵՏԻՆԸ` ԵՐԿԻՆՔԷՆ ԴԻՏՈՒԱԾ

Անշուշտ, երբ նազքաները այս գիծերը փորագրած են, անոնք արհեստագիտական միջոցները չունէին երկինքին մէջ բարձրանալու` իրենց պատկերները ստուգելու համար: Անոնք բնաւ չեն կրցած այդ պատկերները իրենց ամբողջական ձեւով տեսնել: Հետեւաբար նազքաները պէտք էր ունեցած ըլլային երկրաչափական մեծ գիտութիւն` այդքան մեծ պատկերներ այդքա՛ն ճշգրտօրէն իրականացնելու համար:

Մօտաւորապէս վաթսուն տարիներէ ի վեր բազմաթիւ գիտնականներ փորձած են նազքաներու գետնի փորագրութիւններուն գաղտնիքը լուսաբանել. ինչի՞ կը ծառայէին այս հսկայական պատկերները, ի՞նչ էր անոնց դերը: Հաւանաբար կարգ մը փորագրութիւններ ծառայած են իբրեւ աստղաբաշխական դիրքերու բնորոշում (աստղերու դիրքերու նկատմամբ). բան մը, որ կարելիութիւնը պիտի տար հաստատելու երկրագործական աշխատանքներու օրացոյց մը:

Այժմ գիտնականներուն մեծ մասը կ՛ենթադրէ, թէ նազքաներուն համար անապատը կրօնական արարողութիւններու վայր մըն էր: Այս պատկերները կրնային ծառայած ըլլալ իբրեւ թափօրի ճամբաներ, այսինքն` կրօնական թափօրներ: Վստահաբար, որ այս թափօրները կապ մը ունէին Անտեան լեռնաշղթային վրայ թափած ջուրերուն ծովեզերքի հովիտներուն մօտ ժամանումին հետ, նոյեմբեր ամսուն: Ջուրը էական տարր մըն էր նազքաներուն համար, որոնք իրենց ջրանցքները լեցնելով` իրենց հունձքերը կ՛ապահովէին:

Ք. Ե. մօտաւորապէս 650 թուականին նազքաներու քաղաքակրթութիւնը մարեցաւ եւ փոխարինուեցաւ հուարիներու քաղաքակրթութեամբ. հուարիները պատերազմիկ ժողովուրդ մըն էին. անոնք եկած էին Անտեան լեռնաշղթայի հարաւի բարձր տարածքներէն:

 

Ե՞ՐԲ ՇԻՆՈՒԱԾ Է ԷՆՔԱՆԵՐՈՒ
ՄԱՉՈՒ ՓԻՉՈՒ ՔԱՂԱՔԸ

Անտեան լեռնաշղթային մէկ բարձրաւանդակին վրայ թառած Մաչու Փիչույի քաղաքը (Փերու) հաւանաբար շինուած է 15-րդ դարու կէսերուն: Լքուած եւ ամէնուն կողմէ մոռցուած` ան վերագտնուեցաւ 1911 թուականին:

Քեչուա հնդիկներու լեզուով մաչու փիչու կը նշանակէ` հին լեռ: Պատկառելի եւ աւերակները նորոգուած այս քաղաքը կը գտնուի ժայռոտ հրուանդանի մը վրայ, աւելի քան 2400 մեթր բարձրութեամբ, էնքաներու նախկին մայրաքաղաք Քուզքոյի շրջանին մէջ: Հովիտի վարի շրջանէն ան անտեսանելի է: Մասնագէտները կ՛ենթադրեն, թէ ան իբրեւ բնակավայր կը ծառայէր Էնքա կայսրութեան կայսրին եւ կրնայ ըլլալ նաեւ, որ կը ծառայէր իբրեւ պաշտամունքի վայր:

 

ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ՄՐՑԱՆԻՇ

Երկար փնտռտուքներէ եւ ուսումնասիրութիւններէ ետք, Անգլիոյ Քրանֆիլէ համալսարանը փաստած է, թէ աշխարհի ամէնէն շատ հոտող պանիրը զիէօ-պուլոնիըն էր, որ մեծ խնամքով կը պատրաստուի պարոն Ֆիլիփ Օլիվիէի կողմէ, Փա-տը-Քալէի (Ֆրանսա) իր ագարակին մէջ:

ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԷՆԷՆ ՀԱՐՈՒՍՏ
ԱՆԱՍՈՒՆՆԵՐԸ

Անոնց կարգին յիշենք Կունթըր 4-րդ գայլաշունը` Կունթըր 3-րդի «որդին». Քարլոթթա Լիպընշթայն կոմսուհին անոր ձգեց 130 միլիոն եւրօ հաշուող ժառանգութիւն մը: Թոպի Ռայմս պիշոնի հարստութիւնը կը հասնի 65 միլիոն եւրոյի. չիուաուայ Ֆրանքիի եւ Անի եւ Փեփէ լը փու կատուներուն հարստութիւնը` 15 միլիոն եւրոյի… Նոյնիսկ շեմփանզէ մը` Քուլու, իր տէրերէն ժառանգած է 60 միլիոն եւրօ:

ԺԱՄԱՆՑ

Կրնա՞ս գտնել պտուտակին հասցնող ճամբան:

Կրնա՞ս ամբողջացնել իւրաքանչիւր դէմք` գտնելով իրարու համապատասխանող երկու կողմերը:

Կրնա՞ս ամբողջացնել պատկերը` քառակուսիներուն հետեւելով:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES