Քոլոմպիա Կը Փորձարկէ Պոկոթայի Զէնքի Արգելքը

Քոլոմպիոյ մայրաքաղաք Պոկոթայի մէջ այժմ կ՛ընթանայ զէնքի վերահսկողութեան ամէնէն լայնածիր փորձարկումը:

Չորեքշաբթի 1 փետրուարէն մինչեւ 30 ապրիլ զէնք կրելը արգիլուած է 7,3 միլիոն բանակչութիւն ունեցող քաղաքին մէջ:

Եթէ արգելքին արդիւնքը ըլլայ սպանութեանց թիւի էական նուազումը, ապա այդ արգելքը կրնայ մնայուն դառնալ:

Արգելքը ներկայացուած է քաղաքապետ Կուստաւօ Փետրոյի կողմէ, որ նախկին հրոսակ, մարտնչող մըն է:

«Մարդիկ, որոնք արտօնագիրով զէնք ունին, տակաւին կրնան պահել ատոնք իրենց տուներուն կամ գրասենեակներուն մէջ: Բայց անոնք այդ զէնքերը այլեւս չեն կրնար բերել հանրային վայրեր, կրել փողոցներուն մէջ, կամ ունենալ ինքնաշարժներուն մէջ», բացատրեց քաղաքապետին անձնակազմին ղեկավարը` Անթոնիօ Նաւարրօ Ուոլֆ:

«Այսպէս ընելով` մենք զանոնք կը պաշտպանենք երկու բանէ. թիրախ դառնալէ ոճրագործներու, որոնք կրնան ուզել անոնց զէնքերուն տիրանալ, եւ անակնկալ խելագարութեան մը պահուն զէնքերը օգտագործելէ», ըսաւ նախկին երեսփոխան եւ Նարինոյի կառավարիչը, որ Պոկոթայի քաղաքապետին նման` ձախակողմեան Էմ-19 յեղափոխական խումբէն 1990-ին զինաթափ եղած է:

Նաւարրօ ըսաւ, որ ինք չի կարծեր, որ քոլոմպիացիները «խելագարութեան պահեր ունենալու» աւելի հակուած են, քան` այլ մարդիկ:

Բայց իրողութիւնը, փաստը կը մնայ այն, որ Քոլոմպիա տակաւին աշխարհի ամէնէն վտանգաւոր վայրերէն մէկն է: Ըստ ոչ կառավարական Ժընեւի Հռչակագիր խումբի հրապարակած` «Համաշխարհային բեռը զինեալ բռնութեան 2011» խորագիրով զեկոյցին, Էլ Սալվատորէն, Իրաքէն, Ճամայքայէն եւ Հոնտուրասէն ետք, Քոլոմպիա 5-րդ ամէնէն բարձր դիրքը կը գրաւէ վայրագ սպանութիւններու աշխարհի ցուցակին մէջ:

Վատ Տղոց Հոգը Չէ

Երկրին մէջ սպանութիւններու բարձր համեմատութիւնը, անշուշտ, առնչուած է ընթացիկ զինեալ հակամարտութեան եւ «կազմակերպուած ահարկու ոճրագործութեան», ինչպէս կ՛ըսէ Խորխէ Ռեստրեփօ` Պոկոթա տեղակայուած Խաւերիանա համալսարանէն հետախուզող մը:

Փետրոյի առաջադրած արգելքը քննադատողները նշած են, որ հրազէններով կատարուած սպանութիւններուն մեծ մասը իրականացուած է չարձանագրուած, առանց արտօնագիրի զէնքերով, շատ հաւանաբար երկիր մաքսանենգուած` ձախակողմեան հրոսակներու եւ քրէական խումբերու կողմէ, որոնց հակակշիռին տակն են թմրեցուցիչ նիւթերու մաքսանենգութիւնն ու վաճառքը:

Փետրօ

«Վատ տղոց, յանցագործներուն, հոգը պիտի չըլլայ որեւէ արգելք, ինչպէս որ անոնք հետաքրքրուած չեն օրէնքով», ըսաւ ապահովութեան հսկող պահակ մը:

Բայց Նաւարրօ կը յիշէ 1990-ականներուն կատարուած ուսումնասիրութիւն մը, որ բացայայտած էր, թէ իւրաքանչիւր 3 սպանութիւններէն մէկը իրականացուած է օրինական միջոցով ձեռք բերուած զէնքով:

«Եւ ճշմարտութիւնը այն է, որ մենք  չենք գիտեր, թէ հրազէնով կատարուած սպանութիւններէն քանի՞ն իրականացուած է օրինաւոր զէնքերով», ըսաւ ան:

«Ոճրագործութիւններուն մէջ օգտագործուած շատ քիչ զէնքեր գրաւուած են իշխանութիւններուն կողմէ, միայն` 10 առ հարիւր: Եւ այսքան փոքր թիւերով կարելի չէ եզրակացնել, թէ ընդհանուր թիւի պարագային քանի՛ հատը օրինականօրէն գրանցուած զէնքով գործուած է եւ քանի հատը` չէ», բացատրեց Նաւարրօ:

«Ինչ որ գիտենք, այն է, որ ոճրագործութիւններուն ընթացքին օգտագործուած են օրինական զէնքեր, մասնաւորաբար` կռիւներու եւ անհանդուրժողական արարքներու ատեն:

«Եւ մենք գիտենք, որ անցեալ տարի Պոկոթայի մէջ 1600 սպանութիւններ կատարուեցան, եւ քիչ թէ շատ 60 առ հարիւրին պարագային հրազէններ օգտագործուեցան», ըսաւ ան:

Ռեստրեփոյի համար Փետրոյի գաղափարը ունի ներուժը` նուազեցնելու այս թիւերը, եթէ պատշաճ կիրարկուի:

«Նկատի առնելով, որ վախցած ոճրագործները, երբ դիմակալեն ոչ միայն իրենց զէնքերու կորուստը, այլեւ` ձերբակալուելու վտանգը, եւ որովհետեւ ոճրագործները աւելի հաւանական է, որ զէնք կը կրեն, քան օրինապահ քաղաքացիները, ուրեմն զէնքի արգելքը աւելի մեծ ազդեցութիւն պիտի ունենայ ոճրագործներուն, քան` օրինապահ քաղաքացիներուն վրայ», կը պնդէ ան:

Անցեալի Յաջողութիւններ

Քոլոմպիական գերատեսչութիւններէն ոմանց մէջ 2009-ի նոյեմբերէն 2010-ի յունուարին միջեւ հաստատուած զէնքի արգելքի վերաբերող Ռեստրեփոյի փորձագիտական վերլուծութիւնը արձանագրած է 23 առ հարիւր նուազում` ատրճանակով իրականացուած սպանութիւններու եւ 53 առ հարիւր նուազում` վիրաւորներու թիւի:

Փետրոյի առաջարկով արձակուած բոլոր կոչերով Քոլոմպիա նախապէս փորձարկած է հրազէնի արգելքներ:

Մասնակի արգելքներ, շաբաթավերջերու կամ տօնական եղանակներու ատեն, անցեալին հաստատուած են մայրաքաղաքին եւ Քոլոմպիոյ քաղաքներուն մէջ:

Եւ ոչ մէկ զէնք պիտի արտօնուի Մետելինի փողոցներուն մէջ, մինչեւ 2013 յունուար: Այս գծով տեղւոյն իշխանութիւնները բանակէն պահանջեցին Պոկոթայի կառավարիչին խնդրածին նման արգելք մը հաստատել:

Պոկոթայի քաղաքական նշանակութիւնը եւ ատոր յստակ չափը, սակայն ստիպած են շատերու ուշադրութիւն դարձնելու:

Նաեւ կայ խորհրդանշանը արգելքի մը, որ կու գայ Փետրոյէն, իր անցեալին լոյսին տակ:

Ռեստրեփօ Պի. Պի. Սի.-ին ըսաւ. «Քաղաքական տեսանկիւնէն շատ արժէքաւոր է, որ նախկին հրոսակ մը, անձ մը, որ ինքզինք զինաթափած է, քաղաքացիներէն կը խնդրէ զինաթափ ըլլալ»:

ԱՐԹՈՒՐՕ ՈՒԱԼԱՍ

«ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»

Share this Article
CATEGORIES