ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ, երեսփոխան Սաատ Հարիրի շնորհակալութիւն յայտնեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին` Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին նկատմամբ իր յանձնառութեան եւ այդ ատեանին գործունէութիւնը երկարաձգելուն համար:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ տիրող տագնապին միակ լուծումն է արաբական նախաձեռնութիւն մը, որ գործադրուած է նաեւ Եմէնի մէջ:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Լիբանան հասնող սուրիացի գաղթականներուն պաշտօնական թիւը հասաւ 6916-ի: Ան նշեց, որ գաղթականները կ՛արժանանան լիբանանեան պետութեան հոգատարութեան:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի դարձած է մեծամիտ եւ սկսած է ուղղակի մեզ թշնամի նկատել: Անոնք նկատել տուին, որ միւֆթի Քապպանի իր կեցուածքներով հիմնական երկու նպատակ կը հետապնդէ: Անոնցմէ առաջինն է` վերընտրուիլ եւ Իսլամական հոգեւոր գերագոյն խորհուրդին ու իր նախագահութեան ընծայել երկրորդ նստաշրջանի առիթ մը, ինչպէս նաեւ չվաւերացնել այն բարեկարգումները, որոնք որդեգրուած են Տար Էլ Ֆաթուան բարգաւաճեցնելու նպատակով:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատի յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի կառավարութիւնը 11 միլիառ տոլարի գումարը մսխած է` առանց խորհրդարանին օրինագիծ մը ներկայացնելու:
ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ շեշտեց, որ պահանջուածը պետական նշանակումներուն գծով քաղաքական համախոհութեան յանգիլն է, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմին երկու երրորդին քուէներուն ապահովումը, եթէ հարցը քուէարկութեան կարիք ունենայ:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Ահմետ Քարամէ «Լիուա» օրաթերթին յայտնեց, որ կառավարութեան մօտ կայ աշխատանքի նոր եւ տարբեր ոգի մը, որ ապագային աւելի եւս պիտի դրսեւորուի` յաւելեալ արդիւնքներու արձանագրութեամբ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն յանձնառու է, որ աշխատանքի հրաժարեալ նախարար Շարպել Նահհասի դէմ ոչ մէկ վատ խօսք արձանագրուի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ իբրեւ ուժանիւթի նախարարութիւն իրենք անհրաժեշտ բոլոր միջոցներուն դիմած են եւ քարիւղի ու բնական կազի պեղումը սկսելու բոլոր կարիքները ապահոված: Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ պեղման որոշումը անմիջապէս տրուի:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին երեսփոխան Միշել Մըր շեշտեց, որ իր զաւակը` նախկին նախարար Էլիաս Մըր երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրելու մասին չի մտածեր եւ ոչ ալ երեսփոխանական ընտրապայքարներու յաղթելու միջոցներ ունի: Ան աւելցուց, որ այնքան ատեն որ ինք կարողութիւն ունի, ինք պիտի առաջադրէ իր թեկնածութիւնը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ ներկայ կառավարութեան պարտականութիւններուն մաս կը կազմէ ապարդիւն ըլլալ:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սելիմ Աուն «Նաշրա» կայքէջին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ կառավարական կազմին բաղկացուցիչներուն միջեւ վերջերս գոյացած համաձայնութիւնը կ՛ընդգրկէ բոլոր կէտերը, որոնց շարքին նաեւ պետական նշանակումները: Ան հերքեց, թէ նախկին նախարար Շարպել Նահհասի հաշուոյն որեւէ համաձայնութիւն գոյութիւն ունի:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ առաւօտեան ցած մակարդակի թռիչքներ գործեց Արքուպի, Հասպայայի եւ Ռաշայա Ուատիի վերեւ` ոտնձգութիւններ գործելով Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ եւ խախտելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը:
ՀԱՄԱՏ Սէյֆ Հիմամի նշանակուեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի արաբական երկիրներու շրջանային կրթական գրասենեակի տնօրէն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ներկայացուցիչ:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նասեր Քանտիլ շեշտեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ունեցած ժողովրդականութեան 50 առ հարիւրը սիւննի համայնքի զաւակներուն կողմէ կը ցուցաբերուի, հետեւաբար Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմի մը բռնկումին կամ բանակի բաժանման վտանգ չկայ:
«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ նախ եւ առաջ անհրաժեշտ է օրինականացնել 8,900 միլիառ լ. ոսկիի օրինագիծը, որուն արդէն իսկ համաձայն են Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն երեսփոխանները, եւ ապա անցնիլ դրական մթնոլորտի մը, որուն ընթացքին կարելի կ՛ըլլայ 11 միլիառ տոլարի հարցին լուծումը:
