Ամին Ժեմայէլ Ընդունեց Միւֆթի Շաարը
Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ երէկ Սին Էլ Ֆիլի իր բնակարանին մէջ ընդունեց հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի Մալեք Շաարը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան թէ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ չէզոքութիւն անուան տակ երկխօսութիւն մը կատարելու նախաձեռնութիւնը ողջունելի է` աւելցնելով, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը անպայման իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ այդ երկխօսութեան:
Իր կարգին, միւֆթի Շաար յայտնեց, որ Իսլամական հոգեւոր գերագոյն խորհուրդի անդամները անակնկալի մատնուած են` հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի կողմէ ընտրութեան հրաւէրով: «Անոնցմէ շատեր նկատեցին, որ ընտրութիւններուն կոչը չի համապատասխաներ որդեգրուած օրէնքներուն ու կանոններուն», ըսաւ Շաար:
Ան նկատել տուաւ, որ միւֆթի Քապպանի եւ պետական պաշտօնատարներ այդ հարցը լուծելու ընթացքին մէջ կը գտնուին, եւ յոյս յայտնեց, որ այդ հարցը իր քաղաքական եւ վարչական չափէն աւելի չի մեծնար:
Շաար կոչ ուղղեց Ժեմայէլին մասնակցելու Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունենալիք «Կրօններու երկխօսութիւն» նիւթով խորհրդաժողովին:

