Լիբանանեան Բանակը Կ՛Ուղղուի Պրիթել
Լիբանանեան բանակի զօրամաս մը նախանցեալ երեկոյեան ուղղուած է Պրիթել գիւղաքաղաքը` Զահլէի մէջ սուրիացի քաղաքացիներ Պարրաք եւ Ալի Իզէտտիններու առեւանգումին լոյսին տակ:
Նոյն տեղեկութիւններուն համաձայն, առեւանգողներուն կողմէ սուրիական հեռաձայնային թիւէ մը կատարուած են հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ, որոնց հիման վրայ 3 միլիոն տոլարի գումար պահանջուած է` ազատ արձակելու համար առեւանգուած քաղաքացիները:
Միւս կողմէ, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ կարգ մը քաղաքական անձնաւորութիւններու կողմէ կատարուած անպատասխանատու յայտարարութիւնները, քննադատութիւններն ու դատապարտումները, ինչպէս նաեւ բանակը թիրախ դարձնող սխալ ուղղութիւնները պէտք էր ուղղուէին երկրին քաղաքական իշխանութեան եւ կառավարութեան, որ պատասխանատու է երկրին գերագոյն քաղաքականութեան որդեգրման եւ երկրին սահմանագծման:
Նոյն աղբիւրները նկատել տուին, որ բանակը տառացիօրէն կը գործադրէ Լիբանանի կառավարութեան քաղաքական որոշումը, եւ եթէ հաշուետու կողմ մը պիտի ըլլայ, այդ ալ կառավարութիւնն է եւ ոչ բանակը:
Բանակի հրամանատարին մօտիկ աղբիւրները հաստատեցին, որ զօր. Քահուաժիի մօտիկ աղբիւրները նկատել տուին, որ Թրիփոլիի մէջ ապահովական կայունութիւնը եւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը պարտադրողները եղած են զօր. Քահուաժիի մօտիկ զինուորական պատասխանատուները:
Նոյն աղբիւրները շեշտեցին, որ լիբանանեան բանակը լիբանանեան քաղաքական կողմերէն նոյն հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի` աւելցնելով, որ բանակին համար երկրին ապահովական կայունութիւնը կարմիր գիծ է: