Թեհրանի Մէջ Ղոսըն – Ժալիլի Հանդիպում
Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն, որ եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնած էր Իրան, երէկ Թեհրանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Սայիտ Ժալիլիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ղոսըն վերահաստատեց, որ լիբանանցիներն ու լիբանանեան բանակը կը զօրակցին Դիմադրութեան` յոյս յայտնելով, որ լիբանանցի եւ իրանցի պատասխանատուներուն միջեւ խորհրդակցութիւնները շարունակուին, յատկապէս նկատի ունենալով պաշտպանութեան մարզին շրջագիծին մէջ գործակցութիւնը:
Իր կարգին, Ժալիլի շեշտեց, որ Դիմադրութեան առումով Լիբանան իւրայատուկ դերակատարութիւն ունի: Ան նկատել տուաւ, որ շրջանային տարազները սկսած են փոխուիլ եւ դառնալ ի նպաստ Դիմադրութեան, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Իսրայէլ տուժած է:
Միւս կողմէ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ լոյս տեսնող «Խալիժ» օրաթերթը դիտել տուաւ, որ իրանեան բանակը զէնք ու զինամթերք պիտի տրամադրէ լիբանանեան բանակին: Իր տեղեկութիւնները քաղելով իրանեան աղբիւրներէն` «Խալիժ» կը նշէ, թէ լիբանանեան եւ իրանեան բանակներուն միջեւ գործակցութեան առումով Ղոսըն Թեհրանի մէջ ստորագրած է շարք մը համաձայնութիւններ, երբ ան երկրորդ անգամ ըլլալով տեսակցած է իրանցի իր պաշտօնակիցին` Ահմետ Վահիտիի հետ: