Վարչապետ Միքաթի Հանդիպում Մը Ունեցաւ Իսլամական Հոգեւոր Գերագոյն Խորհուրդին Հետ

Վարչապետ Միքաթի` Իսլամական հոգեւոր գերագոյն խորհուրդի պատուիրակութեան հետ հանդիպման պահուն

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Իսլամական հոգեւոր գերագոյն խորհուրդը` գլխաւորութեամբ նախկին նախարար Օմար Մըսքաուիի, որ բաւարարուեցաւ յայտնելով, որ այդ հանդիպումը պիտի յաջորդէ շարք մը այլ հանդիպումներու, որոնց նպատակն է Տար Ֆաթուայի եւ բոլոր իսլամներուն միասնականութիւնը ամրապնդել:

Մըսքաուի յոյս յայտնեց նաեւ, որ ներկայ կացութիւնը բարելաւելու նախաձեռնութիւն մը առաջադրուի` աւելցնելով, որ այս առումով վարչապետ Միքաթի ամէն ջանք ի գործ դնէ:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեց Լեռնալիբանանի միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ալի Ժուզու:

Նշենք, որ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի Իսլամական հոգեւոր գերագոյն խորհուրդի ընտրութիւնները յետաձգեց` հիմնուելով վարչապետ Միքաթիի առաջադրած նախաձեռնութեան վրայ:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Մալեզիոյ դեսպան Իլանկօ Քարոպանան, Պէյրութի առեւտրականներու միութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ միութեան նախագահ Նիքոլա Շամմասի եւ քաղաքացիական ապահովութեան Եազա միութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Զիատ Աքըլի:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ յայտնեց, որ իրեն համար կարեւորագոյնը այն է, որ Լիբանանին ներկայացուած առիթները չկորսուին: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի կողմէ Սուրիոյ եւ ընդհանրապէս շրջանին մէջ տիրող տագնապներէն ինքզինք զանց կացուցելու կեցուածքը արդիւնաւէտ դուրս պիտի գայ:

«Ես շատ բաներ կը լսեմ, սակայն կ՛աշխատիմ միայն ի նպաստ Լիբանանին», ըսաւ վարչապետ Միքաթի` աւելցնելով, որ ինք հաւատարիմ է լիբանանեան իր ինքնութեան:

Վարչապետ Միքաթի հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ իրեն հասած է հիւսիսային Լիբանանի մէջ արգիլեալ գօտի մը յառաջացնելու պահանջը: Ան հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը ներքին եւ արտաքին իր դերակատարութեան համար քաղաքական ոչ մէկ որոշումի կը կարօտի:

Share this Article
CATEGORIES