Եւրոպական Միութիւնը Ղարաբաղեան Տագնապին Հարցով Որոշում Մը Որդեգրած Է

Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդը Պրիւքսելի մէջ երկուշաբթի օր գումարած իր նիստին ընթացքին որդեգրած է Հարաւային Կովկասի երկիրներուն վերաբերեալ որոշում մը, որուն մէջ կ՛ըսուի. «Եւրոպական Միութիւնը անհանգստացած է ղարաբաղեան տագնապին հարցով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններու դանդաղ յառաջընթացէն»:

Խորհուրդը Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատարին եւ Եւրոպական յանձնաժողովին կոչ կ՛ուղղէ` Լեռնային Ղարաբաղի համար յետտագնապային դիպաշարներ պատրաստելու, ինչ որ Եւրոպական Միութեան հետագայ ներգրաւման հիմք պիտի հանդիսանայ:

Որոշումին մէջ կը շեշտուին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի ջանքերը` լուծման հոլովոյթին մէջ: Եւրոպական Միութեան խորհուրդը անհանգստութիւն կը յայտնէ Ղարաբաղ-Ազրպէյճան գիծին վրայ լարուածութեան աճին առնչութեամբ` ընդգծելով հրադադարի դրութեան անյապաղ իրականացման ուղղուած միջոցներու կարեւորութիւնը եւ վստահութեան ամրապնդման ուղղութեամբ կատարուելիք քայլերը: Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է աշխուժ աջակցութիւն ցուցաբերելու վստահութեան ամրապնդման նպատակով եւ խաղաղութեան հաստատման համար քայլեր ձեռնարկելու գործին: Եւրոպական Միութիւնը այս առիթով կարեւոր կը նկատէ իր ներկայացուցիչներու Լեռնային Ղարաբաղ անարգել մուտքը:

 

Share this Article
CATEGORIES