Թաքսիմի Հակահայ Ցոյցին Մասին Յաւելեալ Մանրամասնութիւններ

Կիրակի օրուան հակահայ ցոյցէն տեսարան մը

Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ մէջ կիրակի օր Խոջալուի դէպքերուն առիթով կատարուած են երկու ցոյցեր, որոնցմէ մէկը ուղղակի հակահայ դիրքորոշում ունէր ու հակահայ գրգռութիւններու թատերաբեմ էր, իսկ երկրորդը ընդհակառակն` կը պահանջէր, որ վերջ տրուի հայերու դէմ այդ ատելավառ գրգռութիւններուն եւ շեշտը կը դնէր ազգերու եղբայրութեան վրայ` նշելով, որ «Խոջալուի պատահարը Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրանալու համար իբրեւ գործիք պէտք չէ գործածուի»: Սակայն առաջինը շատ ուժեղ էր, իսկ երկրորդը` տկար:

«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ տեղի ունեցած առաջին ցոյցին ընթացքին ցուցարարները Ազգային շարժում կուսակցութեան եւ Ազրպէյճանի դրօշներ բարձրացուցած էին եւ յաճախ ազգայնական կարգախօսներ կ՛արձակէին, ինչպէս` «Գորշ գայլերը հոս են, հայերը ո՞ւր են»: Բարձրացուած պաստառներուն վրայ հայերու դէմ նախատական խօսքեր ալ եղած են: Օրաթերթը կը նշէ, որ օրերէ ի վեր այս ցոյցին համար որմնազդներ կախուած էին քաղաքին ամէն կողմը եւ որմնազդներուն վրայ մեծադիր գիրերով կը կարդացուէր «Մի՛ հաւատար հայկական սուտերուն» նախադասութիւնը: Ցոյցի ընթացքին յաճախ արձակուած են Հրանդ Տինքը սպաննող Օկիւն Սամասթի ի նպաստ կարգախօսներ:

Ցոյցին մասնակցած են պաշտօնական անձնաւորութիւններ ալ, ինչպէս` Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Իտրիս Նայիմ Շահին, Պոլսոյ կուսակալ Հիւսէյն Աւնի Մութլու, Ազրպէյճանի խորհրդարանի անդամ Թենզիլէ Ռիւսթեմհանլը: Շահին իր խօսքին մէջ ըսած է, որ թուրք ժողովուրդը աշխարհի բոլոր անիրաւուածներուն պաշտպանն է:

«Թարաֆ» օրաթերթը իր երկուշաբթի օրուան թիւի առաջին էջին գլխաւոր նիւթը դարձուցած է ցոյցին օգտագործուած պաստառ մը, որուն վրայ գրուած էր` «Բոլորդ հայ էք, բոլորդ պոռնկորդի էք»: Թրքական օրաթերթը կը նշէ, որ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարն ալ «այդ ստորին պաստառին» առջեւ խօսք արտասանած է: Ան ըսած է, որ «արիւնը գետինը պիտի չմնայ»: Օրաթերթը կը նշէ նաեւ, որ կային այլ պաստառներ, որոնցմէ մէկը կը կրէր հետեւեալ գրութիւնը. «Այսօր Թաքսիմ, վաղը` Երեւան: Գիշեր մը անակնկալ կերպով կրնանք գալ»: Ցուցարարներ, որոնք սպիտակ պերէ կը կրէին, ինչպէս կրած էր Տինքի ոճրագործը, ուզած են քալել դէպի «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրատունը:

«Զաման» օրաթերթը իր երկուշաբթի օրուան թիւին մէջ գրած է, որ այս ցոյցին առընթեր «կարգ մը լուսանցքային ազգայնապաշտ շրջանակներ ջանացին խափանել այս ցոյցը` արձակելով ցեղապաշտ եւ նախատական կարգախօսներ», անոնք հաւաքուած են Կալաթասարայի երկրորդական վարժարանին առջեւ եւ քալած դէպի Թաքսիմ, Պոլսոյ մէջ ֆրանսական հիւպատոսարանին առջեւ սեւ ծաղկեպսակ զետեղած են եւ ճաշարանի մը մէջ կախուած Միացեալ Նահանգներու դրօշը վար առնելով անոր տեղ կախած Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի դրօշները:

«Մարմարա» կը նշէ, որ երկրորդ ցոյցը իրականութեան մէջ ցոյց մը չէր, այլ` մամլոյ հաղորդագրութեան մը ընթերցումը: Այս ձեռնարկը կազմակերպուած է Թուրքիոյ Ընկերվարական ազրպէյճանցիներու միութեան կողմէ` Եիւքսել պողոտային վրայ: Կազմակերպիչները պահանջած են, որ Խոջալուի մէջ պատահած սպանդը հայերուն դէմ գրգռութիւններ հրահրելու իբրեւ նախանիւթ չգործածուի: Հաղորդագրութիւնը կը շեշտէր ազգերու եղբայրութիւնը:

Հաղորդագրութեան մէջ ըսուեցաւ, որ ազրպէյճանցի ազգայնապաշտները, որոնք Թուրքիոյ վրայ շարունակ ճնշում կը գործադրեն եւ կը պահանջեն, որ Հայաստանի սահմանը փակ մնայ եւ նոյնիսկ չեն արտօներ, որ Թուրքիա պահ մը դէմ առ դէմ գայ իր անցեալին հետ, միանալով Թուրքիոյ ազգայնապաշտներուն, գրեթէ անելի մատնած են Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ազատ երկխօսութեան մթնոլորտը:

Հաղորդագրութիւնը, որ շեշտը կը դնէ ազգերու եղբայրութեան վրայ, կը յայտնէ, որ ոչ մէկ ցաւ կրնայ գերիվեր ըլլալ ուրիշ ցաւէ մը: Հաղորդագրութեան հեղինակները կ՛ըսեն, որ իրենք խստիւ դէմ են Խոջալուի սպանդը Հայոց ցեղասպանութեան հետ բաղդատելու փորձին: «Խոջալուի պատահարը Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրանալու իբրեւ գործիք պէտք չէ գործածուի», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ, որուն հեղինակները պնդեցին նաեւ, որ «հիմա ազգայնապաշտները դիմած են «Բոլորս ալ ազրպէյճանցի ենք» կարգախօսին, որպէսզի ջրեն Հրանդ Տինքի սպանութեան առիթով ազնիւ մարդոց միասնութեան զգացումները արտայայտող բարձրացած «Բոլորս ալ հայ ենք» կարգախօսը»:

Հաղորդագրութեան ընթերցումը վերջ գտած է ազգերու եղբայրութիւնը ընդգծող բացագանչութիւններով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES