Ֆրանսայի Սահմանադրական Խորհուրդը Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծը Հակասահմանադրական Նկատեց
Նախագահ Սարքոզի Կառավարութեան Յանձնարարեց
Նոր Օրինագիծ Մը Մշակել
Ֆրանսայի սահմանադրական Խորհուրդի ցեղասպանութեանց ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի հակասահմանադրական նկատելու որոշումէն բաւարարուած չըլլալով` նախագահ Նիքոլա Սարքոզի յանձնարարած է իր կառավարութեան մշակել օրինագիծի նոր խմբագրուած տարբերակ մը, զայն դարձեալ ներկայացնելու համար Ֆրանսայի ծերակոյտին:
Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը Ֆրանսայի սահմանադրութեան հակասող նկատեց: Սահմանադրական խորհուրդին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ «Խորհուրդը կը նկատէ, որ ժխտումի համար տուգանք եւ քրէական պատասխանատուութիւն սահմանելով, օրէնսդիրները հակասահմանադրական ոտնձգութիւն կատարած են խօսքի եւ արտայայտութեան ազատութեան նկատմամբ»:
Խորհուրդը, սակայն, 29 յունուար 2001-ին որդեգրուած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման օրէնքին վերաբերեալ որեւէ վճիռ չէ արձակած: Որոշումը որդեգրուած է փակ, գաղտնի քուէարկութեամբ:
ՀՅԴ Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակի տնօրէն Հրաչ Վարժապետեան կը յայտնէ, որ պայքարը տակաւին չէ աւարտած, եւ Հայ դատի գրասենեակը պատրաստ է ամէն ինչ զերոյէն սկսելու: Ամենայն հաւանականութեամբ, այս խնդիրին կապակցութեամբ նոր օրինագիծ պիտի ստեղծուի եւ ուղարկուի Ֆրանսայի խորհրդարան:
Վարժապետեան կը յայտնէ, որ Ֆրանսայի հայութիւնը քայլերու պիտի ձեռնարկէ եւ պիտի բողոքէ վճիռին դէմ, որովհետեւ այդ որոշումը թրքական լոպիի ճնշումին արդիւնք է: «Սահմանադրական խորհուրդի այս որոշումը կը նշանակէ թրքական ճնշումներուն ենթարկուիլ: Քաղաքական հաշիւներ էին, ինչ որ Ֆրանսայի պէս երկրի մը անյարիր է», կը նշէ ան:
Պիւշ տիւ Ռոնի շրջանէն ընտրուած երեսփոխան Վալերի Պուայէի ներկայացուցած օրինագիծը 22 դեկտեմբեր 2011-ին որդեգրուած էր Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ, իսկ 23 յունուար 2012-ին` ծերակոյտին կողմէ:
Օրինագիծը վիճարկելու համար ֆրանսացի 65 երեսփոխաններ եւ 76 ծերակուտականներ Սահմանադրական խորհուրդին դիմում մը ներկայացուցած էին: