«Թուրքիա Պիտի Չմոռնայ Խոջալուի Ցեղասպանութիւնը Եւ Թոյլ Պիտի Չտայ, Որ Անիկա Մոռցուի» Կ՛Ըսէ Էրտողան
«Թէ. Ռէ. Թէ. Հապեր» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Թուրքիա պիտի չմոռնայ եւ թոյլ պիտի չտայ, որ այսպէս կոչուած «Խոջալուի ցեղասպանութիւնը» մոռցուի:
«Անցեալ կիրակի Թուրքիոյ մէջ Խոջալուի ցեղասպանութեան առնչութեամբ շարք մը նախաձեռնութիւններ կազմակերպուեցան, եւ այդ միջոցով մենք մեր բողոքը արտայայտեցինք Խոջալուի ցեղասպանութեան դէմ: Թուրքիա պիտի չմոռնայ Խոջալուի ցեղասպանութիւնը եւ թոյլ պիտի չտայ, որ անիկա մոռցուի: Մենք, ինչպէս միշտ, այդ հարցին մէջ Ազրպէյճանին պիտի աջակցինք», ըսած է ան:
Էրտողան աւելցուցած է, որ Ազրպէյճանի ժողովուրդը պէտք է գիտնայ, որ թուրք ժողովուրդը միշտ պիտի սգայ «Խոջալուի մէջ սպաննուած անմեղ ազրպէյճանցիներուն համար»:
CATEGORIES Հայկական