50 Տարի Առաջ (1 մարտ, 1962)

Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի Ընտրութեան
Զ. Տարեդարձը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ արժանընտիր գահակալ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի ընտրութեան Զ. տարեդարձին առթիւ, 20 փետրուար 1962, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ կաթողիկոսարանի վեհարանի դահլիճին մէջ, ի ներկայութեան Տաճատ արքեպիսկոպոսին եւ միաբանութեան անդամներուն, ինչպէս նաեւ` դպրեվանուց ուսուցչական կազմին եւ ուսանողութեան:

Հանդիսութիւնը սկսաւ վեհափառին ձօնուած «Ի վեհ բարձանց» երգով, որմէ ետք յանուն դպրեվանուց ուսանողութեան` Յարութիւն սրկ. Թոփճեան կարդաց ուղերձ մը` շնորհաւորելով վեհափառը:

Ապա խանդավառ մթնոլորտի մէջ երգուեցաւ «Կիլիկիա»-ն, որմէ ետք յանուն միաբանութեան, թեմակալ առաջնորդներուն եւ ի մասնաւորի Բերիոյ թեմին` խօսք առաւ Տաճատ արք. Ուրֆալեան եւ անդրադառնալէ ետք ընտրութեան պարագաներուն, վեր առաւ Աթոռիս սրբազան հայրապետին արժանիքները` որպէս եկեղեցական գերագոյն պետի, որպէս ազգասէր, հայրենասէր եւ եկեղեցասէր առաջնորդի:

Հուսկ, ապա իր պատգամը տուաւ Զարեհ Ա. կաթողիկոս, որուն խօսքին ամփոփումը կու տանք ստորեւ.

Սիրելի միաբան եղբայրներ, սիրելի սաներ,

Ի սրտէ շնորհակալ եմ ձեր սրտաբուխ եւ ազնիւ արտայայտութիւններուն համար, որոնք վստահ եմ, կը բխին նոյնքան ազնիւ սրտերէ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս ընտրուելուս վեցերորդ տարեդարձը զիս կը լեցնէ անգամ մը եւս ցաւալի եւ ուրախալի յուշերով: Արդարեւ, վեց տարիներ առաջ օդը նուազ փոթորկալից էր, քան այսօր. սակայն փոթորիկ կար այս դահլիճէն ներս, մանաւանդ` սրտերէ եւ հոգիներէ ներս: Պիտի կատարուէր պատմական ընթացիկ դէպք մը` ընտրութեամբը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երանաշնորհ Գարեգին Ա. կաթողիկոսի յաջորդին: Բայց կատարուելիք այս ընտրութիւնը զգեցած էր, այս անգամ, բացառիկ հանգամանք եւ իմաստ, որովհետեւ այս Աթոռիս հակառակորդները կամ զայն անուանարկել ուզողները կը փափաքէին ընել այնպէս, որ ան դադրի ծառայելէ իր հոգեւոր կոչումին եւ  չկարենայ լրիւ կատարել իր պարտականութիւնները քրիստոնէական սուրբ կրօնին եւ հայ ժողովուրդին ծառայելու իր կոչումին մէջ:

Եթէ միայն նիւթական եւ տեսանելի դժուարութիւնները հաշուի առնէինք եւ մոռնայինք աստուածային օժանդակութիւնը, իմաստուն  գործ պիտի չըլլար յանձն առնել կաթողիկոսական պաշտօնը եւ արտասահմանի մեր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ այս Աթոռէն բաժին ինկող պարտականութեանց կատարումին ղեկավարութիւնը: Ու երբ կիլիկեան թեմերու Պատգամաւորական ժողովը իր ձայներու մեծամասնութիւնը կեդրոնացուց իմ վրայ, երբեք չխուսափեցայ կոչին դրական պատասխան տալէ` հակառակ ամէն տեսակ դժուարութեանց, անհասկացողութեանց, խոչընդոտներու եւ մինչեւ իսկ բացայայտ թշնամութեան` սիրելի անհատներէ կամ նոյնքան սիրելի կազմակերպութիւններէ ի յայտ բերուած:

Այժմ կ՛երեւակայեմ 1956 փետրուար 20-էն մինչեւ աշուն երկարող տաժանելի օրերը, որոնք լեցուն եղան ամէն տեսակի դժուարութիւններով: Ու կ՛ապրիմ դառն յիշատակովը ֆիզիքական ամայութեան, որ այս աթոռին ժամանակաւոր բաժինը եղաւ դպրեվանքի Պիքֆայա փոխադրութեամբը 1956-ի հոկտեմբերին: Ու մտքով կը տեսնեմ, որ այդ շրջանին Անթիլիասէն ներս հազիւ քանի մը ճրագներ կը պլպլային գիշերները: Ու գոհութիւն Աստուծոյ, որ մեզի հետ եղաւ մեր ամբողջ գործավարութեան ընթացքին, ահա յարաբերաբար կարճ ժամանակի մը մէջ այս Աթոռը կրկին պայծառացած է եւ ուրախութեամբ կը դիտեմ անոր բարգաւաճ վիճակը: Բազմապատկուեցաւ մեր միաբաններուն թիւը եւ արդէն քանի մը տարիէ ի վեր սկսած ենք պատասխանել այս Աթոռին ուղղուած կոչերուն` առաջնորդներ եւ հովիւներ տրամադրելով հայ համայնքներուն: Մեր միաբանները շինարար աշխատանքի լծուած են հեռաւոր Ամերիկայէն սկսեալ մինչեւ Պարսկաստան, ուր այս Աթոռին անունն իսկ անծանօթ էր տակաւին շատ մօտիկ անցեալին: Հաւանական է, որ աւելի հեռու տեղերէ ալ կանչուիք` ծառայելու եւ Հայ եկեղեցին կանգուն պահելու համար: Ու պիտի ընդառաջենք այդ հրաւէրներուն ոչ թէ կայսրութիւն հիմնելու, ոչ թէ թեմեր յափշտակելու, ու մանաւանդ` ոչ թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան հակադրելու համար. նման նպատակ չունեցանք ու պիտի չունենանք, այլ պարզապէս ծառայելու համար եւ ընելու այնպէս, որ արտասահմանի մէջ չեղծուի Հայաստանեայց եկեղեցւոյ նկարագիրը եւ հայ ժողովուրդը չունենայ իր մայր եկեղեցիէն ու կորստեան չդատապարտուի:

Մեր այս ոգին եւ ուղիղ դիրքը չէ հասկցուած դժբախտաբար ու մեզի կը վերագրուին մտայնութիւններ, որոնք նուազագոյնը ուղիղ չեն համեմատիր հայ ժողովուրդին, հայ եկեղեցւոյ հանդէպ մեր կեցուածքին հետ: Բայց մենք կ՛անգիտանանք այդ բոլորը եւ անտես պիտի առնենք բոլոր տեսակի անհասկացողութիւնները, ուրկէ եւ որքան որ սիրելի անձերէ կամ մարմիններէ բխին անոնք: Ու պիտի հասնինք հոգեւոր կարիքներուն մեր ժողովուրդին, որուն ծառայելը նկատած ենք միշտ մեր մեծագոյն փառքը եւ սուրբ Աւետարանի ճշմարտութեանց տարածումը յանձն առած ենք կաթողիկոսական պաշտօնի գծով որպէս մեր պարտականութեանց անդրանիկն ու սրբազնագոյնը: Կ՛ուզեմ, որ այս ոգիով լեցուիք բոլորդ, որպէսզի նման տարեդարձներ իմաստ ստանան ու դառնան  երջանիկ հանգրուաններ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ:

Կրկնակի ուրախ եմ, որ այս առաւօտ վեհարանի սրահը լեցուցիք ձեր տեսանելի  ներկայութեամբ ու մանաւանդ անգամ մը եւս զայն ողողեցիք ձեր հոգիներու խանդավառութեամբ եւ անուշ զգացումներով: Ի սրտէ կ՛աղօթեմ, որ Աստուծոյ օրհնութիւնը անպակաս ըլլայ մեր բոլոր գործերուն վրայէն, աճի ու բազմանայ մեր սիրելի միաբանութեան թիւը եւ կարենանք արդիւնաւորապէս ծառայել մեր Աստուծոյն, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ եւ հայոց ժողովուրդին: Ու, ինչպէս կը կրկնէի 1956-ի դժնդակ օրերուն, կ՛ըսեմ նոյնը եւ այսօր. «Եթէ Աստուած ի մեր յոյս է, ո՞վ իցէ մեզ հակառակ»:

Հանդիսութիւնը վերջացաւ հայրապետական մաղթանքով:

* * *

Յետմիջօրէին Լիբանանի բարեջան առաջնորդը` Խորէն արք. ընկերակցութեամբ Լիբանանի թեմի Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներուն անդամներուն, Անթիլիաս գալով` շնորհաւորեց վեհափառ հայրապետը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES