Փորձ-Հարցարան. Խի՞ստ, Թո՞յլ, Թէ՞ Ըմբռնող Մայր Էք

1

Դպրոցէն վերադարձին, ձեր զաւակը կը մերժէ ուտել ձեր պատրաստած կերակուրը:

ա.- Կը յանդիմանէք եւ ուրիշ ընտրանք չէք տար:
բ.- Անմիջապէս պնակ մը գետնախնձոր կը տապկէք եւ կը դնէք առջեւը:
գ.- Կը համոզէք, որպէսզի քիչ մը ուտէ, խոստանալով ընթրիքին իր սիրած մէկ բանը պատրաստել:

2

Ձեր զաւակը ձախող վիճակացոյցով մը տուն կը մտնէ:

ա.- Վիրաւորական խօսքերով կ՛անարգէք զայն եւ կ՛արգիլէք տունէն դուրս ելլել:
բ.- Կը խոստովանիք, որ դուք ալ տկար աշակերտ էիք:
գ.- Կը նստիք եւ հետը կը զրուցէք` զանազան ելքերու մասին մտածելով եւ խոստումներ կատարելով` նիշերը բարելաւելու պարագային:

3

Դպրոց կանչուած էք, ձեր զաւկին գործած մէկ ծանր յանցանքին համար: Ձեր առաջին հակազդեցութիւնը կ՛ըլլայ`

ա.- Զարնել:
բ.- Յանցանքը ուրիշին վրայ նետել:
գ.- Սխալը սրբագրելու ձեւը գտնել:

4

Ձեր տասը տարեկան աղջնակը կ՛ուզէ շաբաթավերջը իր դասընկերուհիին տունը անցընել:

ա.- Կը մերժէք, քանի որ ընկերուհիին ընտանիքին մասին բաւարար տեղեկութիւն չունիք:
բ.- Կ՛արտօնէք` քանի մը խրատ տալով:
գ.- Նախ ընկերուհիին մօրը հետ կը խօսիք եւ ապա որոշում կու տաք:

5

Զաւակներու դաստիարակութեան գծով ձեր բարեկամուհիները`

ա.- Շատ խիստ եւ անզիջող կը գտնեն ձեզ:
բ.- Շատ թոյլ եւ տկար կը գտնեն ձեզ:
գ.- Տեւաբար ձեր կարծիքին կը դիմեն:

6

Ձեր զաւկին տարեդարձին առիթով`

ա.- Կը գնէք ձեր ճաշակով եւ պատկերացումով նուէր մը, քանի որ նուէր մը օգտակար եւ դաստիարակիչ պէտք է ըլլայ:
բ.- Կարծիքը կ՛առնէք եւ իր սիրածը կը նուիրէք:
գ.- Իր սիրածը կը նուիրէք, բայց գիրք մըն ալ կ՛առնէք եւ կը հետեւիք, որ անպայման կարդայ:

7

Ձեր կարծիքով, անկարգ պզտիկ մը ուղղելու լաւագոյն միջոցը

ա.- Պատիժն է:
բ.- Սխալին անտեսումն է:
գ.- Երկխօսութիւնն է:

ԱՐԴԻՒՆՔ

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «ա» է, քիչ մը բռնակալ մայր էք: Նոյնիսկ եթէ համոզուած էք, որ խիստ եւ անզիջող կեցուածքներով լաւագոյն կրթութիւնը կու տաք ձեր զաւկին, առնուազն պատճառաբանեցէք ձեր կեցուածքները, որպէսզի ատելութիւն եւ հակամարտութիւն չծագի ձեր զաւկին եւ ձեր միջեւ:

* * *

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «բ» է, տկար անհատականութեամբ եւ հարցերէն փախչող մայր էք: Դիւրին միջոցներուն կը դիմէք ձեր զաւակը կրթելու համար եւ դժբախտաբար լուծումները կարճ ժամանակի վրայ են եւ ոչ արդիւնաւէտ: Ժամանակն է, որ վերատեսութեան ենթարկէք ձեր ընթացքը:

* * *

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «գ» է, ձեր կարելին կ՛ընէք, որպէսզի լաւագոյն կրթութիւնը տաք ձեր զաւկին` անոր հետ վարուելով ընկերուհի-մօր մը պէս: Համոզուած էք, որ միայն երկխօսութեամբ կարելի է առողջ յարաբերութիւն հաստատել զաւկին հետ եւ քիչ-քիչ զայն պատրաստել կեանքին:

 

Տան Յարդարանք

Պատուհանի Եւ Դուռի
Յարդարանք

Ա.- Պատուհաններ

Խոշոր, լուսաւոր պատուհանի մը համար ատաղձագործին ապսպրել զանազան բաժանմունքներով փայտեայ շրջանակ մը: Բաժանմունքներուն մէջ կրնաք ցուցադրել փչուած ապակիէ (վեր սուֆլէ) պատրաստուած երկարավիզ, կլոր, ձուաձեւ ծաղկամաններ, ինչպէս նաեւ` շաքարաման, պտղաման եւ այլն…

Այս յարդարանքը կրնայ փոխարինել վարագոյրը:

* * *

Խոհանոցի պատուհան մը կարելի է գեղեցկացնել` անոր երկայնքին հաստատելով  ձեր ճաշակին ժապաւէններ, իսկ անոնց ծայրէն կախելով մեխակի գամով զարդարուած փոքրիկ նարինջներ, Զատկուան շրջանին` նախշուած հաւկիթներ…

Զարդարանքները կարելի է փոխել` ըստ տարուան եղանակին կամ զուգադիպող տօնին:

 

Բ.- Դուռեր

Պայման չէ, որ Կաղանդ ըլլայ, որպէսզի դուռերը զարդարենք:

Կարելի է տան ներքին դուռերուն բռնակները զարդարել պարզ եւ ճաշակաւոր ծոպերով, ինչպէս նկարը ցոյց կու տայ: Այդ ծոպերը կրնաք անձամբ շինել եւ կամ շուկայէն պատրաստ գնել: Նման ծոպեր կը վաճառուին նաեւ վարագոյրի աքսեսուարներ ծախող խանութներու մէջ:

* * *

Տան նախասենեակի դրան բռնակէն կարելի է կախել թելիս կտորով պատրաստուած սրտաձեւ բարձիկ մը, որուն չորս կողմը կը զարդարէք կարմիր գոյնի բուրդով, իսկ կեդրոնը կ՛ասեղնագործէք «Բարեւ», «Բարի գալուստ» կամ «Բարի եկաք» խօսքը:

 

 

Ստուգենք Մեր Գիտելիքները

Անուշահոտ

1

Երբ անուշահոտով պիտի օծուինք, զգուշանանք չափազանցութենէ: Դաստակը, ականջներուն բլթակներուն ետեւը, ծոծրակը, ծունկերուն ետեւը եւ արմուկներուն ծալքերը յարմարագոյն վայրերն են անուշահոտով օծելու: Պէտք չէ անուշահոտով օծել մազերը:

2

Տաքութիւնը եւ լոյսը անուշահոտերուն մեծագոյն թշնամիներն են: Անոնց սրուակները զետեղեցէք զով եւ մութ տեղ մը:

3

Նախընտրելի է գնել սփրէյ տեսակի սրուակները, որոնք աւելի լաւ եւ աւելի երկար կը պահեն անուշահոտը:

4

Յաճախ անուշահոտ փոխելու պարագային, նախընտրելի է փոքր սրուակներով, 50 միլլիլիթրնոց տեսակները գնել եւ դարակներուն վրայ մնացեալները չհինցնել:

5

Անուշահոտ չսփռել մարգարտեայ մանեակներու, սաթեն կամ մետաքսեայ կտորներու եւ ճերմակ գոյնի հագուստներու վրայ:

 

Մեր Առօրեան Դիւրացնող
Հնարներ

1

Ակռայի ցաւէն ժամանակաւոր ձերբազատելու համար ակռան ու լինտերը շփել ճզմուած հում սխտորով կամ կոճապղպեղով:

2

Ձեռքերուն վրայէն սոխի կամ սխտորի անախորժ հոտը չէզոքացնելու համար զանոնք շփել սուրճի մրուրով:

3

Նոյն հոտերը բերնէն չէզոքացնելու համար թարմ ազատքեղ ծամել:

4

Որպէսզի միսի շերտերը փափկանան, նախքան խորովելը կամ տապկելը` զանոնք 2 – 3 ժամ պահել քացախի մէջ:

5

Անձրեւի պատճառով թրջուած, թաց կօշիկները չորցնելու համար անոնց մէջ թերթ թխմեցէք: Թերթը կը ծծէ ջուրն ու խոնաւութիւնը եւ կ՛արգիլէ, որ կօշիկը ձեւափոխուի:

Թաց կօշիկը երբե՛ք արեւին չչորցնել:

6

Սխտորը դիւրին կեղուելու համար պճեղները պաղ ջուրի մէջ թրջել:

7

Պտուղի հիւթերը կարելի եղածին չափ արագ պէտք է սպառել: Զանոնք երբե՛ք բաց սափորներու մէջ չպահել, այլ` լեցնել կափարիչով օժտուած շիշերու մէջ: Այլապէս անոնք օդին հետ շփուելով` կը կորսնցնեն իրենց կենսանիւթերուն մէկ կարեւոր տոկոսը:

 

Խոհագիր

Բանջարեղէնով Լեցուած
Սմբուկ

Բաղադրութիւն

1 քկ. սմբուկ` երիզանման կեղուըուած
2 դդում` մանր խորանարդաձեւ կտրուած
1 միջակ սոխ` մանրուած
5-6 սունկ` մանր մանրուած
2 պճեղ սխտոր` մանրուած
1 միջակ լոլիկ` կեղւըուած եւ մանրուած
Աղ
1/4 թէյի դգալ սեւ փոշի պղպեղ
Ձէթ` սմբուկը տապկելու

Պատրաստութիւն

Դնել 1 ապուրի դգալ ձէթ տապակին մէջ, աւելցնել մանրուած դդումը, լոլիկը, սոխը, սխտորն ու սունկը եւ եփել: Ապա ցանել աղն ու սեւ պղպեղը:

Սմբուկը տապկել ձէթին մէջ, մինչեւ վարդագոյն դառնայ:

2 սմ. չափով ճեղք մը բանալ իւրաքանչիւր տապկուած սմբուկի մէջտեղը: Լեցնել իւրաքանչիւր սմբուկ միջուկով եւ զետեղել սմբուկը ամանի մը մէջ:

Զարդարել անանուխի տերեւներով եւ հիւրասիրել որպէս թեթեւ ախորժաբեր:

Գիտէ՞ք, Թէ…

Սմբուկին 85 առ հարիւրը ջուր է, կը պարունակէ Պէ. խումբի կենսանիւթեր, ազօթային նիւթեր, ինչպէս նաեւ` մելանկեն կոչուած նիւթը:

Տեւական օգտագործելով` կը բարելաւուի ճարպերու իւրացումը, արեան մէջ կը պակսի քոլեսթերոլի քանակը, կ՛աշխուժանայ ինսուլինի արտադրութիւնը` նպաստելով արեան մէջ շաքարի քանակի նուազեցումին:

Սմբուկը նաեւ կը նպաստէ ջրա-աղային փոխանակման բնականոնացման` շնորհիւ իր պարունակած փոթասիոմին, որ կարեւոր է փոտակրայի, յօդային եւ սրտանօթային հիւանդութիւններու ժամանակ:

Միւս կողմէ, սմբուկը կը պարունակէ սոլանին կոչուած նիւթը, որ թունաւոր է եւ կը չէզոքանայ միայն եփի ընթացքին: Ահա թէ ինչո՛ւ կարելի չէ սմբուկը հում ուտել:

Շոգեխաշուած կամ խաշուած սմբուկը կը պահպանէ իր բոլոր յատկութիւնները: Գնելու ժամանակ ընտրել պինդ, ծանր, մուգ գոյնի, սպիներէ զուրկ փայլուն տեսակները:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ձմրան Պարզ Գիշեր

Համբոյրիդ, գիշե՜ր, պատուհանս է բաց,
Թո՛ղ որ լիառատ ծծեմ` հեշտագին
Կաթը մեղմահոս լոյսիդ տարփանքին`
Ու զով շաղերուդ կախարդանքը թաց:

Պարզ, լուսածածան, հրաշալի՜ գիշեր,
Հոսէ՛ սրտիս մէջ դիւթանքիդ ալիք,
Ճերմակ երազիդ ցայտքերէն մեղրիկ
Պուտ պուտ կաթեցո՛ւր հոգւոյս սիրաջեր:

Կ՛ուզեմ որ դադրին ձայներն այս պատիր,
Ու նեկտարիդ դողն ըմպեմ ես անյագ.
Կ՛ուզեմ որ մեռնի՜ն տիւ ու ժամանակ`
Ու դաբիրներուդ իյնամ ծնրադիր:

Ու դաբիրներո՜ւդ իյնամ ծնրադիր,
Այս պաղատագին շարժուձեւիս մէջ,
Ու մինչ կ՛ողողեն զիս ցոլքերդ անշէջ,
Աչքերս ալ մոռնան տակաւ այս նատիր:

ՄԻՍԱՔ ՄԵԾԱՐԵՆՑ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

 

 

Share this Article
CATEGORIES