Գաղութէ – Գաղութ

Ռուսիա

Սիպիլ Առաջին Հանդիսացաւ Մոսկուայի
«Արմենիա» Երաժշտական Մրցումին

Պոլսահայ երգչուհի Սիպիլ արժանացաւ առաջնութեան մրցանակին  Մոսկուայի մէջ «Արմենիա» երաժշտական 7-րդ մրցանքին` «Սիպիլ» կոչուած իր անդրանիկ ձայնապնակով:

Ան հրաւիրուեցաւ Մոսկուա, որպէսզի ներկայ գտնուի մրցանակաբաշխութեան հանդէսին եւ անձամբ ստանայ իր պարգեւը: Մրցանակաբաշխութեան հանդէսը տեղի պիտի ունենայ 7 ապրիլին, Մոսկուայի «Ռուսիա» թատերասրահին մէջ, եւ հանդիսութիւնը պիտի հեռասփռուի նաեւ Հայաստանի «Հ-1» հեռատեսիլի կայանէն: Մրցումը  կազմակերպուած է Հայաստանի եւ Ռուսիոյ մշակութային նախարարութեանց, Մոսկուայի մէջ Հայաստանի դեսպանատան եւ Հայաստանի «Հ-1» հեռատեսիլի կայանին կողմէ, «Արմենիա փրոտաքշըն» կազմակերպութեան միջնորդութեամբ:

Սիպիլ «Կախարդական ձայն» ճիւղին մէջ կրցած է ստանալ 13,000 քուէարկողներէն 9317 հոգիին քուէն:

Սիպիլ, որ արդէն կը պատրաստուէր մարտ 24-ին ու 31-ին Լոս Անճելըսի ու Նիւ Եորքի մէջ երկու համերգներու, այժմ նաեւ Մոսկուա պիտի այցելէ:

 

ԻՐԱՆ

Ատրպատական Ձեռնարկներ

* 15 փետրուարին Թաւրիզի Ազգ. առաջնորդարանի «Հ. Ոսկանեան» սրահին մէջ նշուեցաւ Վարդանանց տօնը: Բացման խօսքով Լուսիկ Դանշեան անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին, յատկապէս` նոր սերունդի մասնակցութեան:

Օրուան բանախօս, Թաւրիզի հայկական վարժարաններու ընդհանուր տնօրէն Արմինէ Վահրամեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Վարդանանց տօնի այժմէական իմաստին` ընդգծելով հայրենասիրութեան եւ դաւաճանութեան հակադիր երեւոյթները:

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Գրիգոր ծ. վրդ. Չիֆթճեան խօսեցաւ Վարդանի այժմու բանակէն` մեր ազգային հասարակական կեանքէն չհեռանալու մասին:

Նշենք, որ Ուրմիոյ մէջ եւս տեղի ունեցան դպրոցական ձեռնարկներ` նշելու Վարդանանց տօնը:

* 16 փետրուարին Թաւրիզի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Գրիգոր ծ. վրդ. Չիֆթճեան իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ վկաներու քաջութեան եւ անոնց արեամբ նահատակութեան իմաստին եւ անոնց դերակատարութեան` քրիստոնեայ հաւատացեալի կեանքին մէջ:

Յայտնենք, որ Ուրմիոյ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ եւս մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ նշուեցաւ Վարդանանց տօնը:

 

Յունաստան

Ցվեթանա Փասքալեւայի «Ղարաբաղի Վէրքերը»
Խորագրով Ժապաւէններու Ցուցադրութիւնը

* «Հայկական ամիս» տօնակատարութիւններու շրջագիծին մէջ, 19 փետրուարին Հայկական մշակութային կեդրոնի «Տէր Զաքարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ղարաբաղի վէրքերը» վաւերագրական տեսերիզի ցուցադրութիւնը:

Նախքան ցուցադրութիւնը` ժապաւէնի հեղինակ, պուլկարացի լրագրող Ցվեթանա Փասքալեւա ամփոփ կերպով ներկայացուց իր առաքելութեան իմաստն ու կարեւորութիւնը: Ան վերջին երկու տասնամեակներուն իր աշխատանքի կիզակէտը ընտրած էր Ղարաբաղը, որուն ընթացքին վիրաւորուած, հալածուած եւ նիւթական կեղեքումներու ենթարկուած է ազերիներու կողմէ:

Ներկայացուեցան երեք ամփոփ փաստագրական տեսերիզներ, իւրաքանչիւրը` իր իւրօրինակ նիւթով եւ պատգամով:

Առաջին բաժինով ներկայացուեցան 1991-ին, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք ազերիներու յարձակումները Արցախի խաղաղ ժողովուրդի վրայ:

Երկրորդ մասով ներկայացուեցան ազերիներու օդային յարձակումները մանկապարտէզներու, հիւանդանոցներու եւ բազմայարկ շինութիւններու վրայ:

Իսկ երրորդ տեսանիւթով ներկայացուեցաւ Արցախի ինքնապաշտպան զօրամիաւորումներու գործունէութիւնը, կազմաւորումը եւ ի գին ամէն բանի` պաշտպանութիւնը հայրենի հողի:

* Համակազմակերպութեամբ ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբին եւ ՌԱԿ-ի Հայ իրաւանց խորհուրդին, 22 փետրուարին Աթէնքի Ռազմական թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի ազատագրութեան պայքարին նուիրուած պուլկարացի լրագրող Ցվեթանա Փասքալեւայի վաւերագրական ժապաւէններու ցուցադրութիւնը:

Բացումը կատարեց ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Խաչիկ Ապարեան, որ ջերմօրէն ողջունեց Ց. Փասքալեւայի ներկայութիւնը` դիտել տալով, թէ անոր ժապաւէնները առաջին խօսուն վաւերագրականները հանդիսացան, որ համայն մարդկութիւնը դէմ յանդիման բերին Ղարաբաղի մէջ ազերիական բռնութիւններուն, տեղահանութիւններուն հետ եւ ապացուցեցին ղարաբաղցիներու պայքարին ճշմարտացիութիւնը:

Ցվեթանա Փասքալեւա խօսք առնելով` անդրադարձաւ պատերազմի տարիներուն, նշելով, թէ ինք առաջին անգամ Ղարաբաղ հասած էր 1991-ին` իմանալով Ազրպէյճանի կողմէ տեղացի ժողովուրդի բռնի տեղահանութիւններու մասին: Ղարաբաղի ազատագրութեան տարիներուն ինք ժողովուրդին մօտ գտնուեցաւ, բնակավայրերու մէջ, հիւանդանոցներու եւ խրամատներու մէջ, նկարահանելով ամէն ինչ, օգնելով երեխաներուն, կիներուն եւ տարեցներուն, որոնք ծանր պայմաններու դիմադրեցին այդ օրերուն:

Ցվեթանա Փասքալեւայի ղարաբաղեան պատերազմի ընթացքին նկարահանած ֆիլմերը, որպէս վաւերագրական նիւթեր,  առաջին անգամ ներկայացուեցան ռուսական եւ միջազգային բեմերու վրայ` համայն մարդկութիւնը տեղեակ պահելով Արցախի մէջ կատարուած իրողութեան մասին:

Սկաւառակներու ընդհանուր շարքէն, որ կը կրէ «Ղարաբաղի վէրքերը» խորագիրը, ցուցադրուեցան երեք ժապաւէն, յունարէնի թարգմանուած ենթախորագիրներով:

Շարժանկարի շարքին եօթն մասերը կը ներկայացնեն հակամարտութիւն` ըստ ժամանակագրութեան եւ ռազմավարական փուլերու:

Երկրորդ ժապաւէնը «Իմ թանկագին ողջեր ու մեռածներ» բաժինն էր, ուր բեմադրիչը կը պատմէր հայ զինուորներու եւ կամաւորներու կողմէ իրագործուած ռազմական գործողութիւններու, հերոս դարձած երիտասարդ ռազմիկներու մասին: Ան կը ներկայացնէր նաեւ ծերերու եւ երեխաներու,  որբերու եւ այրիներու կեանքը` պատերազմի դժուար տարիներուն:

Երրորդ ժապաւէնը «Ղարաբաղի վէրքեր» բաժինն էր, որ կ՛անդրադառնար հայկական փոքրաթիւ ջոկատներէն ազգային բանակի կազմաւորման եւ ապագայի յուսատու օրերուն:

 

Եգիպտոս

Դեսպան Մելքոնեանի Դասախօսութիւնը
Գահիրէի Համալսարանին Մէջ

22 փետրուարին Գահիրէի համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` նուիրուած Հայաստանի եւ Եգիպտոսի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20-ամեակին:

Ձեռնարկի սկզբնաւորութեան ելոյթ ունեցան բանասիրութեան բաժանմունքէն փրոֆ. Մոթազ Սայիտ Ապտալլա եւ Հայագիտական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի տնօրէն, փրոֆ. Մահմուտ Ալաուի:

Օրուան բանախօսն էր Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Մելքոնեան, որ ներկայացուց հայ-եգիպտական յարաբերութիւններուն անցած ուղին եւ զարգացման հեռանկարները: Ան նշեց, որ 1992-ին երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն եւ մայրաքաղաքներու մէջ դեսպանութիւններու հիմնադրումէն ետք հայ-եգիպտական համագործակցութիւնը նոր որակ մը ստեղծած է: Ան ընդգծեց, որ հայ ժողովուրդը երբեք չի մոռնար, որ Ցեղասպանութենէն ազատած հազարաւոր հայ ընտանիքներ ապաստան գտան արաբական երկիրներու մէջ, որոնց շարքին` Եգիպտոս: Դեսպանը շեշտեց, որ եգիպտացի ժողովուրդին հոգատար վերաբերմունքի շնորհիւ` հայերը կրցան ընտելանալ նոր միջավայրին հետ` իրենց աւանդը բերելով այդ հիւրընկալ երկրի հասարակական կեանքին, միաժամանակ պահպանելով հայկական ուրոյն ազգային դիմագիծը:

Արմէն Մելքոնեան անդրադարձաւ նաեւ Խորհրդային Միութեան փլուզման շրջանին Հայաստանի ունեցած մարտահրաւէրներուն` Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ պարտադրուած պատերազմին, շրջափակման, տնտեսական կացութեան եւ անոնց հետեւանքներու յաղթահարման ուղղուած ջանքերուն, խօսեցաւ անկախութեան տարիներուն ժողովրդավարական եւ տնտեսական բարեփոխումներու եւ այլ ձեռքբերումներու մասին:

Աւարտին, որպէս գնահատանք Գահիրէի համալսարանի Հայագիտական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի գործունէութեան, տնօրէնին նուիրեց հայ-եգիպտական դիւանագիտական յարաբերութիւններուն 20-ամեակը խորհրդանշող յուշանուէր մը:

 

Ֆրանսա

Իսի-Լէ-Մուլինոյի
Հայ Մշակոյթի Նոր Տան Բացումը

5 փետրուարին Իսի-լէ-Մուլինոյի «Աւընիւ Պուրկեն»-ի մէջ տեղի ունեցաւ բացում` նորակառոյց Մշակոյթի տան:

Հանդիսութեան բացումը կատարեց Իսիի Մշակոյթի տան տնօրէն Արա Պարպարեան: Ան նախ երախտագիտութիւն յայտնեց  23 յունուարին Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումի քրէականացման օրէնքին թեր քուէարկող երեսփոխաններուն եւ ծերակուտականներուն եւ ֆրանսացի քաղաքական այն բոլոր անձնաւորութիւններուն, որոնք հաւատարմօրէն թիկունք կը կանգնին Հայ դատին: Ան բացատրեց, որ նորակառոյց  մշակոյթի տան առաքելութիւնը երիտասարդութիւնը խթանել եւ համախմբել է զանազան աշխատանքներու շուրջ եւ գործակցութիւն հաստատել քաղաքապետութեան մշակութային, ընկերային ձեռնարկներուն հետ:

ՀՅ Դաշնակցութեան անունով խօսք առաւ Շարլ Փափազեան, որ պատմական ակնարկ մը նետեց առաջին հայ գաղթավայրերուն` հաստատուած գործատուներու շրջաններուն մէջ, ուր օտարութենէն հեռանալու համար միասին գտնուելու, խմբուելու նպատակով ծնունդ առին մշակոյթի տուները:

Ֆրանսահայ Կապոյտ խաչի Իսիի մասնաճիւղին անունով խօսք առաւ Անն-Մարի Տեմիրճեան, որ յիշեց Կապոյտ խաչին վարչական ժողովներուն ընթացքը եւ հպարտութեամբ յայտնեց, որ նորակառոյց կեդրոնին խոհանոցի կահաւորման եւ տեղաւորման աշխատանքները կատարած են  կապոյտ խաչուհիները:

«Նոր Սերունդ»-ին անունով խօսք առաւ Վազգէն Աւետիսեան, որ յայտնեց, թէ մշակոյթի տուները կեանք կերտող կեդրոններ են:

Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեան հաստատեց, որ մշակոյթի տուները ծնողներու հանդէպ յարգանք ջամբելու եւ սերունդներու յիշողութիւնը պահպանելու առաքելութիւնը ունին:

Քաղաքապետ-երեսփոխան Անտրէ Սանթինի շնորհաւորեց նորակառոյց արդիական կեդրոնը, որ զարկ պիտի տայ արդի մշակոյթի զարգացման:

 

Մինսք

Գիրքի Միջազգային
Ցուցահանդէս-Տօնավաճառ

8-12 փետրուարին Պիելոռուսիոյ ցուցահանդէսային ազգային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ գիրքի 19-րդ միջազգային ցուցահանդէս-տօնավաճառը, որուն ընթացքին ներկայացուեցան Հայաստանի մէջ հրատարակուած գիրքեր, ամսագրեր, ալպոմներ եւ այլ տպագիր նիւթեր:

Հայկական տաղաւարի շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ 11 փետրուարին: Ներկայացուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տպագրուած 600-է աւելի օրինակներ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Պիելոռուսիոյ Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արմէն Խաչատուրեան, պիելոռուս բանաստեղծ Տրանքօ-Մաիսեուկ: Սրահին մէջ ներկայացուեցաւ նաեւ հայ գրատպութեան 500-ամեակի եւ Երեւանը համաշխարհային գիրքի մայրաքաղաք ճանչնալու կապակցութեամբ նկարահանուած ժապաւէն մը: Պիելոռուսիոյ հայազգի երեխաներուն ներկայացուեցաւ մանկական պատկերազարդ գրականութիւն:

Տեղի ունեցաւ հանդիպում` Պիելոռուսիոյ մէջ գտնուող «Անիւ» հայկական ամսագրի խմբագրատան աշխատակիցներուն հետ: Կազմակերպուեցան շնորհահանդէսներ, կլոր սեղաններ, երկխօսութիւններ, նաեւ հաստատուեցան ստեղծագործական նոր կապեր եւ գործնական համաձայնութիւններ: Ներկայացուեցաւ նաեւ «Լիտոպեդիա» հայերէն ելեկտրոնային բանասիրութեան հանրագիտարանը, որ կը բովանդակէ գրականութեան եւ լեզուի  վերաբերող տեղեկութիւններ:

 

Միացեալ Նահանգներ

ՀՕՄ-ի «Արազ» Մասնաճիւղի
20-Ամեակի Նշում

4 փետրուարին Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Պըրպենքի «Արազ» մասնաճիւղի 20-ամեակին նուիրուած ճաշկերոյթը:

Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւ Արտակ քհնյ. Տեմիրճեան շնորհաւորեց ՀՕՄ-ի առաքելութեան իրականացման նպաստող բոլոր նուիրեալները:

Օրուան հանդիսավար Մարօ Քէշիշեան անդրադարձաւ ՀՕՄ-ի հիմնադիր,  դաշնակցական ականաւոր գործիչ Ակնունիի խիզախ քայլին: Ան պատմական ակնարկ մը նետեց մասնաճիւղին հիմնադրութեան դրդապատճառներուն եւ անոր արձանագրած յաջողութիւններուն եւ ուրախութեամբ յայտարարեց Պըրպենքի մէջ հայ կեդրոն մը ունենալու իրողութիւնը, որ մէկ յարկի տակ պիտի համախմբէ շրջանի երիտասարդութիւնն ու ուղեկից կազմակերպութիւնները:

Մասնաճիւղի վարչութեան անունով Սեդա Մարթիր ներկայացուց ՀՕՄ-ի գործունէութիւնը:

ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան անունով Նայիրի Տէրտէրեան վեր առաւ ՀՕՄ-ի առաքելութիւնը` ընդգծելով անոր որդեգրած ծրագիրները, յատկապէս` հայրենիքի, Արցախի ու Ջաւախքի մէջ:

Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

«Թումանճեան» Երիտասարդական Կեդրոնին
25-Ամեակն Ու Վերաբացման Հանդիսութիւնը

Կազմակերպութեամբ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներուն եւ հոգաբարձութեան, նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, 12 փետրուարին տեղի ունեցաւ վերանորոգուած «Թումանճեան» երիտասարդական կեդրոնի 25-ամեակին ու վերաբացման նուիրուած հանդիսութիւնը:

Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց հոգաբարձութեան ատենապետուհի Գոհարիկ Կապրիէլ:

Մոնթեպելլոյի քաղաքապետութեան կողմէ հռչակագիր մը փոխանցուեցաւ բարերար Ճորճ Թումանճեանի, որմէ ետք առաջնորդ սրբազանը փոխանցեց իր օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքը:

«Սարգիս Պօղոսեան Հիմնադրամ»-էն
Յատկացումներ`
Ազգային Վարժարաններուն

Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եւ Ազգային վարչութիւնը հաղորդեցին, թէ Ազգ. առաջնորդարանի յարկին տակ հաստատուած «Սարգիս Պօղոսեան հիմնադրամ»-ի հասոյթէն,  2011-2012 տարեշրջանին համար հազարական տոլարի յատկացում կը կատարուի ազգային վարժարաններուն եւ Ֆրեզնոյի Չարլզ Քէյեան համագաղութային վարժարանին:

Այս հիմնադրամը հաստատուած է հանգուցեալ բարերար Սարգիս Պօղոսեանի կողմէ` ի յիշատակ իր կնոջ ու զաւակներուն: Ըստ բարերարի փափաքին, այս հիմնադրամի դրամատնային հասոյթէն հաւասար կերպով յատկացումներ կը կատարուին ազգային վարժարաններուն:

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES