Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի Տարեկան Համագումարին Եօթը Նոր Անդամներ Ընտրուեցան

Նախորդ շաբաթավերջին Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի կեդրոնատեղիին մէջ (Քասլիք) տեղի ունեցաւ ակումբին տարեկան համագումարը, որուն ընթացքին ընտրուեցան եօթը նոր անդամներ` իրենց պաշտօնավարութեան ժամանակը աւարտած եօթը անձերուն փոխարէն:

Նշենք, որ 14 անձեր իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած էին:

Նոր ընտրուած անդամներն են` Նեսիպ Հատտատ, Ռոժէ Ծովիկեան, Տըմիա Թարապայ, Ժաքլին Այյուպ, Քեմիլ Էտտէ, Ղանթուս Ժեմայէլ եւ Էլի Ասսաֆ:

Այս ընտրութիւններուն ներկայ գտնուեցաւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Էլի Շահին:

Ակումբի վարչութեան գումարելիք յաջորդ նիստին` յառաջիկայ երկուշաբթի, 5 մարտին, պիտի կատարուի պաշտօններու բաժանում:

 

Share this Article
CATEGORIES