Հարցազրոյց` Մտաւորական Պատմագէտ Եզակի Հայուհիի Մը Հետ. «Մենք Մեր Տեղը Եւ Դերը Պէտք Է Սահմանենք Միջինարեւելեան Քարտէսին Վրայ» «Ազդակ»-Ին Ըսաւ Փրոֆ. Սեդա Պարսումեան-Տատոյեան

Հակառակ իր ունեցած ազդեցութեանց գծով  յառաջացող մտահոգութեանց (յատկապէս` ներընտանեկան յարաբերութեանց «պաղեցման» իմաստով, երբ ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ  ժամերով կը կլանուի համացանցի ոլորտներուն մէջ…), համացանցը նաեւ ունի առաւելութիւններ, որոնցմէ ամէնէն հիմնականը աղբիւրագիտական ելեկտրոնային համայնագիտարան ըլլալն է:  Փաստօրէն, պատմագէտ-փիլիսոփայ, արուեստագէտ, մտաւորական եզակի հայուհի` փրոֆ. Սեդա Պարսումեան-Տատոյեանի հետ ունեցած մեր հարցազրոյցէն առաջ թէ ետք, իր մասին կատարած մեր պրպտումները եկան ամբողջացնելու այս մտաւորական հայուհիին մասին մեր տեղեկութիւնները: Կարծէք` երկրորդ ու միակողմանի հարցազրոյց կատարած ըլլայինք, երբ ելեկտրոնային իւրաքանչիւր պրպտումի մէջ  նորանոր տեղեկութիւններ կը նկատէինք անոր իրագործումներուն մասին:

Հայ ժողովուրդի տարագիր պատմութեան իրողութիւնը կրկնակի յանձնառութիւն կ՛առաջադրէ պատմագէտներու դերակատարութեան իմաստով: Իսկ ի՞նչ է պատմագէտին, յանձնառու հայ պատմաբան-պատմագէտին պարտականութիւնը, առաքելութիւնը, եթէ ոչ` դէպքերու սոսկ շարահիւսումէն ու պատմելէն անդին, վերլուծել, պրպտել ու յայտնաբերել պատմութեան խոր  ու մութ մանրամասնութեանց մէջ թաղուած  հայութեան իրագործումներն ու ներգործօն դերակատարութիւնը  շրջապատին մէջ: Ահա ա՛յս բնագաւառին մէջ է փրոֆ. Տատոյեանի հմտութիւնը:  Ան նոր ենթահող ու խորք տուաւ հայ արդի պատմագրութեան ուղեգիծին:

Մերօրեայ տեղայնացման  ու կեանքի առօրեայ հեւքին մէջ տուայտող հայ իրականութեան մէջ  հազուագիւտ է հանդիպիլ մէկէ  աւելի արժանիքներով օժտուած  ու բազմաթիւ (մտաւորական) իրագործումներ արձանագրած նման  տիպարի մը: Առաւել եւս հազուագիւտ է` հայ իգական իրականութեան մէջ  նման հայուհիի մը «երեւոյթ»-ը, ինչ  որ յաւելեալ պատճառ մըն է  մեզ իրեն հետ զրուցելու մղած խանդավառութեան…

Փրոֆ. Սեդա Պարսումեան-Տատոյեան սկզբունքով գեղանկարիչ է, մասնագիտացած`  Լոնտոն: Հետագային ան ստացած է  գիտութիւններու տոքթորի կոչումը`  փիլիսոփայական գիտութեանց մէջ: Դասաւանդած է  լիբանանեան (յատկապէս` Հայկազեան,  նախկին Լիբանանեան-ամերիկեան եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարաններուն մէջ 1986-2005):  2005-2012 ան հրաւիրուած է Հայագիտական նիւթեր դասաւանդելու Նիւ Եորքի Քոլումպիա  համալսարանի միջինարեւելեան ուսմանց   բաժինը եւ Նիւ Ռոշել-Նիւ Եորքի Սուրբ Ներսէս  ընծայարանը: Հայ-իսլամական փոխյարաբերութեանց մասին դասախօսելու հրաւիրուած է Շիքակոյի համալսարանին կողմէ, եւ անցեալ աշնան տարեշրջանին` Երեւանի  պետական համալսարանին մէջ, որպէս այցելու դասախօս: Զուգահեռաբար եւ բազմաթիւ անգամներ փրոֆ. Տատոյեան հրաւիրուած է  մասնակցելու եւ կամ դասախօսելու միջազգային գիտաժողովներու: Կը գրէ հայերէն ու  անգլերէն  լեզուներով: Հեղինակ է աւելի քան յիսուն լայն ուսումնասիրութեանց եւ եօթը գիրքերու. «Լիբանանահայ նկարչութիւնը ինքնութեան տագնապին լոյսին տակ» (Պէյրութ, 1984), «Էջեր արեւմտահայ մտածումէն» (Պէյրութ, 1987), Յովհաննէս Երզնկացի «Ի տաճկաց իմաստասիրաց գրոց քաղեալ բանք»-ին իսլամական աղբիւրները եւ փիլիսոփայական արձակը» (Պէյրութ, 1991), «The Fatimid Armenians: Cultural and Political Interactions in the Near East» (Leiden, Brill, 1997), «The Armenian Catholicosate from Cilicia to Antelias: An Introduction to the Political History» (Պէյրութ, 2003), «The Contribution of the Armenian Church to the Christian Witness in the Middle East» (Editor and co-author), (2001), «The Armenians in the Medieval Islamic World Seventh-Fourteenth Centuries: Paradigms of Cultural-Political Interactions». Three Volumes, Volume I, «The Arab Period in Arminya», (London & New York: Transaction Publishers, 2011):

Օգտուելով Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային գիտաժողովին մասնակցելու նպատակով Լիբանան կատարած իր կարճատեւ այցելութենէն` «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ  փրոֆ. Տատոյեանին հետ:

Ստորեւ` այդ շահեկան հարցազրոյցին հիմնական բաժինները:

«ԱԶԴԱԿ».- Ո՞րն է ձեր  նորագոյն աշխատութիւնը, գաղափար մը կրնա՞ք տալ  անոր նիւթերուն մասին:

ՓՐՈՖ. ՍԵԴԱ  ՏԱՏՈՅԵԱՆ.- Վերջին գործս  եռահատոր աշխատութիւն մըն է «Հայերը  միջնադարեան իսլամական աշխարհին մէջ փոխյարաբերութեան նախատիպարներ» խորագրով:  Անիկա լոյս տեսաւ 2011-ի հոկտեմբերին «Թրանզաքշըն» հրատարակչատան կողմէ, Նիւ Եորք եւ Լոնտոն: Յաջորդ երկու հատորները լոյս կը տեսնեն 2012-ին եւ 2013-ին: Ընդհանուր առմամբ, մեր պատմութեան սկիզբէն ի վեր, իբրեւ ժողովուրդ եւ անհատներ, գտնուած ենք եւ կը գտնուինք Մերձաւոր Արեւելքի կամ աւելի նոր արտայայտութեամբ` միջինարեւելեան  աշխարհին մէջ: Գործնականապէս, եօթներորդ  դարէն ի վեր արաբական, սելճուքեան, մոնկոլ-թաթարական, պարսկական եւ օսմանեան  տիրապետութիւնները իսլամական էին: Այսինքն գրեթէ 1400 տարիներէ ի վեր կը գտնուինք իսլամակա՛ն աշխարհին մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան երեք սահմանակից երկիրները իսլամ են, եւ ամէն կերպերով  եւ մակարդակներու վրայ յարաբերած եւ դեր ենք ունեցած եւ ունինք թէ՛ մշակոյթին, թէ՛ ընկերութեան եւ թէ՛ քաղաքական մեքենային մէջ: Ուրեմն պէտք է, որ մտածենք մեր կացութեան մասին: Մանաւանդ պէտք է, որ պատմականացնե՛նք կամ ընկերային գիտութեանց միջոցով գրաւոր պատմութեան վերածենք մեր զարգացումին կերպերը, կացութիւնը եւ գոյատեւումի պայմանները` իբրեւ ազգ եւ անհատներ, ա՛յս աշխարհին իւրայատուկ պայմաններուն մէջ: Ներկայիս, սակայն, ընդհանրապէս հայոց պատմութեան մեր ամբողջական եւ քննադատական հասկացողութիւնը, նաեւ հայ-իսլամական յարաբերութեանց պատմագրութեան մարզը կը գտնուին  ոչ այնքան արդիական վիճակի մէջ:

«Ա.».- Կրնա՞ք  յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցել ձեր վերջին գործին գլխաւոր թեմաներուն մասին:

Փ. Ս. Տ.- Ինչպէս նշեցի, աշխատութիւնս կը  բաղկանայ  երեք հատորներէ.

Հատոր առաջին. «Արաբական շրջանը Արմինիայի  մէջ. Է.-ԺԱ. դարեր»:

Հատոր երկրորդ. «Հայկական ռէալփոլիթիք  իսլամական աշխարհին մէջ. եւ տարանջատուող  նախատիպարներ. Կիլիկիոյ պարագան. ԺԱ.-ԺԴ. դարեր»:

Հատոր երրորդ. «Միջնադարեան   աշխարհաքաղաքացիութեան նախատիպարներ  եւ Երզնկա. Մարգարէն եւ իսլամը հայ  գրականութեան մէջ. ԺԳ.-ԺԴ. դարեր»:

Այս ընդարձակ աշխատութեան տեսական խարիսխը եւ մեթոտաբանութիւնը կը կազմեն  հինգ սկզբունքային մակարդակներ.

– Գոյութենական
– Էաբանական
– Իմացաբանական
– Փորձառական
– Վիճարկական-փաստարկական

«Ա.».- Յատկապէս հայ իրականութեան առնչուող  հիմնական ի՞նչ գաղափարներ արծարծուած են  ձեր աշխատութեան մէջ:

Փ. Ս. Տ.- Հայու գոյութիւնն ու գոյատեւումը  յատկապէս իսլամական աշխարհի մէջ:  Պատմափիլիսոփայական եւ ընկերային շրջանակներու մէջ առնուած` ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ,  ապա ըլլալ հայ` իսլամական  աշխարհին մէջ գիտակցօրէն եւ առանց բարդոյթի:

Այսօր եւ ամէն տեղ, առանց բացառութեան, հայ ըլլալ կը նշանակէ` կրել գոյութենական եւ մտաւոր մեծ  տագնապ մը, նախ հասկնալու, ապա` պահելու համար ինքնութիւնը խայտաբղէտ աշխարհաքաղաքի մը մէջ, միաժամանակ ըստ անոր պայմաններուն եւ  անոնց դէմ:

Այս կացութեան մէջ, ինծի եւ իմ սերունդիս տեսանկիւնէն, աւանդական եւ ընթացիկ հայոց պատմութեանց պատկերը հայու անցեալին եւ կացութեան մասին գոհացուցիչ չէ: Կան մեծ  պարապներ կամ բացեր:

«Ա.».- Ի՞նչ է ձեր  արժեւորումն ու տեսակէտը հայագիտական առումով:

Փ. Ս. Տ.- Հայերը ապրած են այս մեծ շրջանին մէջ`  իբրեւ հիմնական ու բնիկ տարրեր:  Միջնադարեան արաբ եւ այլ պատմաբաններու վկայութեամբ, եւ բնականաբար իրենց պարագային ալ գործօն եղած են այն օրէնքները, որոնք իշխած  են  (այդ) մեծ շրջանին եւ ժողովուրդներուն ալ վրայ:

Սակայն չէ պարզուած այս իրողութիւնը` թէ՛ միջնադարեան եւ թէ՛ արդի հայ պատմագրութեան մէջ:

Հայագիտութիւնը մաս կը կազմէ նաեւ միջինարեւելեան գիտութեանց, որ առանց մեր նպաստին` պակասաւոր է:

«Ա.».- Սկզբնական շրջանին ուսանած էք գեղանկարչութիւն եւ արուեստագէտ նկարիչ ալ էք:  Ուրկէ՞ ուր ձեր այս հետաքրքրութիւնը`  նկարչութեան արուեստէն դէպի պատմափիլիսոփայական   մարզ:

Փ. Ս. Տ.- Մանկութենէս ի վեր իմ ծրագիրս էր մտնել արուեստի մարզ` թէ՛ իբրեւ նկարիչ եւ թէ՛ իբրեւ արուեստաբան: Այն երկու տարիներուն, երբ ես Հայկազեան համալսարան (այն ատեն` քոլեճ) էի, սկսայ հետեւիլ տնօրէնին` տոքթ. Ճոն Մարգարեանի փիլիսոփայութեան դասերուն մեծ հետաքրքրութեամբ: Ըստ երեւոյթին, ինքն ալ փիլիսոփայական «խմորումներ» նկատած էր  մէջս, եւ քաջալերեց զիս, որ մասնագիտանամ այս մարզին մէջ եւս, նկարչութեան կողքին: Նաեւ օգնեց ինծի, որ անցնիմ «Պի. Սի. Տապըլիու» (այժմ` «Լիպանիզ Ամերիքըն եունիվըրսիթի»): Այսպէս, գծուեցաւ իմ կրթական եւ հետագային մտաւորական ասպարէզիս ուղղութիւնը: Հայագիտութեան անցայ ուրիշ բարեբաստիկ «միջամտութեամբ» մը. երբ «Պի. Սի. Տապըլիու»-ի մէջ կը պատրաստէի աւարտաճառս,  երջանկայիշատակ Գարեգին վարդապետը (հետագային` կաթողիկոս) թելադրեց, որ վերցնեմ Եզնիկ Կողբացիի չարի փիլիսոփայութիւնը: Իսկ  Ամերիկեան համալսարանին մէջ մագիստրոսի աստիճանի ճառիս նիւթը եղաւ Դաւիթ Անյաղթի  փիլիսոփայութեան սահմանումը: Տոքթորականի թեզս էր Յովհաննէս Երզնկացիի փիլիսոփայութեան իսլամական աղբիւրները (հրատարակուած` 1991-ին): Մինչ այդ, սակայն, հասցուցած էի (արեւելահայ արտայայտութեամբ) գրել «Լիբանանահայ նկարչութիւնը ինքնութեան տագնապին լոյսին տակ» (1984) եւ «Էջեր արեւմտահայ մտածումէն» (1987):

«Ա.».- Ձեր աշխատութեան մէջ, յատկապէս`  Եգիպտոսի պարագային, անդրադարձած էք  ծագումով հայ իսլամներու, «իսլամ հայերու»: Կրնա՞ք յիշել օրինակ մը, այդ շրջանի գլխաւոր տիպարներէն:

Փ. Ս. Տ.- Օրինակ` Պատր էլ Ժամալի նշանաւոր  ֆաթիմական վեզիրը, որ 1074-1094 եղաւ Եգիպտոսի եւ Ֆաթիմական կայսրութեան գրեթէ բացարձակ իշխանապետը: Իր անձնական հայկական բանակով, որ իրեն հետ Սուրիայէն եկած էր, սկսաւ ֆաթիմական կանոնաւոր բանակին գերազանցապէս հայկական բնոյթը: Իր եւ իր յաջորդներուն հովանաւորութեան տակ եգիպտահայ գաղութը կը հաշուէր 100 հազար հայեր, որոնք բիւզանդական գրաւումներու եւ սելճուքեան թափանցումներու պատճառով  ապահովութիւն կը փնտռէին շրջանին մէջ:

«Ա.».- Ձեր պրպտումներուն մէջ առաւելաբար ի՞նչ լեզուով  աղբիւրներէ օգտուեցաք:

Փ. Ս. Տ.- Բնականաբար հայ բնագիրներուն եւ արեւմտեան աղբիւրներու կողքին, յատկապէս  արաբական աղբիւրները մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն հայագիտութեան համար եւ կը կազմեն ուսումնասիրութեանս կարեւոր մասը:  Պէտք է լայնցնել եւ խորացնել մեր քննական  գիտութիւնն ու մտածողութիւնը (ընդհանուր  հայկական առումով, Ա.): Անհրաժեշտ է ձեռնարկել  ինքնաճանաչումի եւ ինքնաներկայացումի նոր ծրագիրի կազմաւորումին եւ կատարել համապատասխան աշխատանք ու պրպտումներ:  Նաեւ պէտք է զարգացնել մօտեցումի նոր ու թարմ անկիւններ, չափանիշներ ու  արդիական քննադատական մեթոտաբանութիւն: Այսինքն պէտք է քայլ պահել պատմագիտական  նոր տեսութեանց եւ գործընթացներու հետ եւ ի հարկին` որդեգրել եւ օգտագործել զանոնք ի նպաստ մեր  մտաւորական աշխատանքին ու զարգացումին:  Ուրիշ խօսքով, պէտք ունինք նոր տեսանկիւններու եւ գործիքներու` հասնելու համար տարբեր եւ աւելի իրական հասկացողութեանց` հայոց պատմութեան եւ հայ փորձառութեան մասին, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ: Այլապէս տխուր է կացութիւնը: Ինչպէս գիտենք,  գիտական նոր տեսութիւններու եւ գործիքներու յայտնութենէն ետք, ինչպէս` Այնշթայնի տեսութեան կամ Հապըլ աստղադիտակին, բնագիտութիւնը եւ  տիեզերքի գիտութիւնները նոյնը չեն այլեւս:

«Ա.».- Վստահաբար իգական տիպարներ ալ կան ձեր ուսումնասիրութեան մէջ, օրինակ մը կրնա՞ք  յիշել: Այս առումով, ինչպէ՞ս կ՛արժեւորէք ժամանակակից  հայուհիի կամ հայ կնոջական ներկայութիւնը, դերակատարութիւնը:

Փ. Ս. Տ.- Կան անհատ տիպարներ, որոնք ներգործօն դեր ունեցած են եւ կ՛ունենան: Սակայն հաւաքական իմաստով, առաւելաբար ընկերային-բարեսիրական գործունէութեամբ  ու արեւելութեամբ կը յատկանշուին հայ կիները եւ կնոջական կազմակերպութիւնները: Չկան հայ քաղաքական, պատմափիլիսոփայական եւ յառաջդիմական տեսլականներով  կնոջական  շարժումներ ու կազմակերպութիւններ… Իսկ պրպտումներուս մէջ հանդիպած ու անդրադարձած եմ անհատական կերպարներու, ինչպէս` իսլամացուած հայ ստրուկ աղջկան մը, որ իր ամուսնին հետ եղած է հիմնադիրը Մեմլուքեան թագաւորութեան, Եգիպտոսի մէջ, ծանօթ է  «Շաժարաթ ալ-Տուրր» (մարգարիտի ծառ) անունով: Արաբական աղբիւրներուն մէջ կան բազմաթիւ քրոնիկներ, որոնց հերոսները հայեր են եւ պատմուած դէպքերը ուղղակի կերպով կը փաստեն հայ տարրին զանգուածային եւ գործօն ներկայութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի ամբողջ տարածքին:

«Ա.».- Վերջին խօսք ի՞նչ ունիք ըսելիք:

Փ. Ս. Տ.- Ժամանակն է, որ մենք մեր տեղը եւ դերը սահմանենք միջինարեւելեան քարտէսին վրայ…

 

«ՖԱԹԻՄԵԱՆ ՀԱՅԵՐՈՒ ԵՐԵՒՈՅԹԸ» (The Fatimid Armenians – Cultural and Political Interaction in the Near East, Islamic History and Civilization Series (Leiden: E. J. Brill, 1997).

Այս ուսումնասիրութիւնը բացառիկ քննարկում մըն է Ֆաթիմեան շրջանին Եգիպտոսի հայերու պատմութեան:

Նախապէս Եգիպտոսի մէջ հայերու առկայութիւնը  կը նկատուէր միայն սահմանափակ եւ քրիստոնեայ ներկայութիւն: Հիմա մենք դէմ յանդիման կու գանք ոչ միայն երկու «տիպ»-ի  հայերու` առաքելական եւ իսլամացած, այլ արաբական եւ միջինարեւելեան պատմութեանց մէջ ծանօթ «Հայկական դարաշրջանի» մը,  Ֆաթիմական կայսրութեան մէջ, 1070-ականներէն մինչեւ ԺԲ. դարու վերջաւորութիւնը:

Հիմա, ո՞վ  կ`ըսէ, թէ պատմութիւնը «անշարժ»  նիւթ է: ՀԱՆԻ Ն.  ԹԱՔԼԱ

«Նախաօսմանեան շրջանի ղպտի-արաբ քրիստոնէութեան» մասին գիտաժողով,     սեպտեմբեր 1994, Պիրմինկհամ, Անգլիա:

Հարցազրոյցը վարեց`
ՍԻԼՎԱ ՓԱՆՈՅԵԱՆ – ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES