«ԱԶԴԱԿ»-ի 85-Ամեակ. «ԱԶԴԱԿ»` Ութսունհինգ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Լիբանանահայ Գաղութին Կազմաւորումը Եւ «ԱԶԴԱԿ»-ի Ծննդոցը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Հայրենի բնօրրանէն տեղահան եղած եւ Ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ ժողովուրդին վերապրող մնացորդացը, առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտէն ետք վերադարձաւ Կիլիկիա եւ հայկական գաւառներ: Բայց շատ չանցած, Թուրքիոյ մէջ բարձրացած քեմալական շարժումէն եւ ֆրանսացիներուն կողմէ Կիլիկիոյ պարպումէն ետք, մօտաւորապէս 200 հազար հայեր կրկին անգամ լքեցին իրենց տունն ու տեղը եւ արաբական հիւրընկալ երկիրներուն, եւ գլխաւորաբար Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ ապաստան գտան:

1921 դեկտեմբերէն սկսեալ Լիբանան հասած հայութեան մեծագոյն մասը Պէյրութի մէջ հապճեպօրէն հիմնուած փայտաշէն ու թիթեղաշէն վրանաքաղաքներու` քէմփերու մէջ տեղաւորուեցաւ: Մինչեւ 1923, հայ գաղթականները Պէյրութի նաւահանգիստը հասնելով օրըստօրէ ստուարացուցին գաղութը: Այդ օրերուն եւ նոյնիսկ հետագայ տարիներուն ընթացքին շատեր երջանիկ վերադարձի յոյսով կ՛ապրէին: Վերադարձը կ՛ուշանար, մինչ նորանոր վրանաքաղաքներ կը հիմնուէին կեդրոնական վրանաքաղաքին շուրջը:

Գլխաւոր վրանաքաղաքը հիմնուեցաւ Պէյրութի Մըտաուարի շրջանի ծովափին, հանրակառքի (ելեկտրական) ընկերութեան կեդրոնին արեւելեան կողմը, տեղացի Թիան ընտանիքին պատկանող ընդարձակ հողին վրայ: Վրանաքաղաքին սահմանները հասան մինչեւ Քարանթինա: Առաջին մեծ քէմփը կ՛ընդգրկէր Մարաշ, Իսկենտերուն եւ Նոր քէմփերը. հոն կեդրոնացան 1300 ընտանիքներ, մօտաւորապէս եօթը հազար հոգի: Երկրորդ քէմփը` Ատանա եւ Կէօվտէրէ, ուր տեղաւորուեցան 850 ընտանիքներ` շուրջ հինգ հազար հոգի: Քարանթինան կ՛ընդգրկէր Լափաշ, Եոզկաթ, Հասանպէյլի, Էյպէզ եւ Խարնի քէմփերը, ուր տեղաւորուեցան հազար ընտանիքներ: Մասլախ քէմփին մէջ տեղաւորուեցաւ ութսուն ընտանիք: Մատամայի քէմփին մէջ` հարիւր ընտանիք: Մատամայի քէմփին անմիջական շրջակայքը` հարիւր ընտանիք: Նահրի եւ Սին էլ Ֆիլի քէմփերուն մէջ` երկու հարիւր ընտանիք: Ռըմէյլի քէմփին մէջ` քառասուն ընտանիք եւ Ռաս Պէյրութի քէմփին մէջ քսանհինգ ընտանիք կայք հաստատեց:

Քէմփերը տախտակի եւ փայտի կտորներէ, կազի հին թիթեղներէ, տուփերէ, թուղթէ, քուրջերէ եւ գոյնզգոյն կտաւներէ շինուած մթին ու խեղճուկրակ ցածլիկ հիւղակներ էին. ձմեռը` ցուրտ ու խոնաւ, ամառը` սաստիկ տաք: Ամէն կողմ` տիղմ ու աղբակոյտ աղտոտութիւն ու հիւանդութիւններ: Կողք-կողքի խռնուած կ՛ապրէին մարաշցին, ֆնտըճագցին, զէյթունցին, ատանացին, այնթապցին, եոզկաթցին, սսեցին, հասանպէյլեցին, լափաշցին, էյպէզցին, թոմարզացին, հաճընցին, խարբերդցին ու արաբկիրցին: Իւրաքանչիւրը` իրեն յատուկ բարքերով, նիստ ու կացով, սովորութիւններով եւ տարազներով. տիրապետող լեզուն թրքերէնն էր: Այսպիսի համակեցութեան մը հետեւանք էին անհասկացողութիւնը, ծեծուըտուքը, գողութիւնը, անբարոյութիւնն ու ոճիրը:

Տեղական լեզուին եւ պայմաններուն անծանօթ, մարդիկ կը պայքարէին կտոր մը հացի ի խնդիր. ամէն կողմ` թշուառութիւն եւ չքաւորութիւն: Փոքրիկներ` բոկոտն եւ գրեթէ ցնցոտիներ հագած, կը վխտային ցեխոտ փողոցներուն մէջ եւ աղբակոյտերուն շուրջ: Ձմրան թոքատապը բազմաթիւ զոհեր կը խլէր, տրուած ըլլալով, որ հիւղակները խոնաւ էին, վատառողջ եւ ամէն տեղէն ջուր կը կաթկթէր: Մանուկները սնունդի պակասէ կը տառապէին: Ժանտախտն ու վարակիչ հիւանդութիւնները անպակաս էին: Շատեր ալ զոհ կ՛երթային ցուրտին եւ անօթութեան:

Պէյրութէն դուրս, հայկական փոքրիկ գաղթօճախներ հաստատուեցան նաեւ Թրիփոլիի, Ժունիէի, Զահլէի, Ռայաքի, Պաալպէքի եւ Սայտայի, ինչպէս նաեւ այլ գիւղերու մէջ: 1923-ին Լիբանանի հայութեան թիւը հասաւ քսան հազարի:

Միաժամանակ ամերիկեան նպաստամատոյց ընկերութեան եւ այլ որբահաւաք բարեսիրական հաստատութիւններու կողմէ մօտաւորապէս 11-12 հազար հայ որբեր հաւաքուեցան Լիբանանի մէջ: Անոնք պատսպարուեցան գլխաւորաբար Նահր Իպրահիմի, Ժըպէյլի, Մաամըլթէյնի, Ղազիրի, Ժունիէի, Անթիլիասի եւ Սայտայի մէջ:

Պէյրութի վրանաքաղաքին մէջ առաջին դպրոցը բացուեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցի ընկերութենէն ձեռք բերուած հսկայ վրանի մը տակ: Սուրբ Նշան եկեղեցին Երուսաղէմի պատրիարքութեան պատկանող հոգետուն էր, որ կը ծառայէր դէպի Երուսաղէմ ուխտագնացներու իբրեւ իջեւան: Գաղթականներ մեծ քէմփին մէջ հիմնեցին փայտաշէն ու թիթեղաշէն Սուրբ Խաչ եկեղեցին:

* * *

Գաղթական ժողովուրդին պարզած աննախանձելի այս վիճակին մէջ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէն, մեկնելով այն իրողութենէն, որ գաղութը զրկուած էր հայրենիքէ, ընտանեկան դաստիարակութենէն, ազգային աւանդութիւններէ եւ տարտղնուած էր օտարութեան մէջ, իր առջեւ դրաւ օրկան մը ունենալու անհրաժեշտութիւնը: Այսպիսով, 1924 մարտին ծնունդ առաւ Լիբանանի հայութեան առաջին հայերէն թերթը` «Փիւնիկ», իբրեւ օրկան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին: «Փիւնիկ» հետագային անուանափոխուեցաւ եւ եղաւ «Նոր Փիւնիկ»: 1924-էն 1926 եռօրեայ, յետոյ դարձաւ երկօրեայ: Նիւթական դժուարութեան պատճառով «Նոր Փիւնիկ»-ի հրատարակութիւնը դադրեցաւ 1927 փետրուարին, եւ լիբանանահայութիւնն ու սուրիահայութիւնը զրկուեցան հանրային կարծիքի արտայայտութեան միակ միջոցէն:

Լիբանանի գաղթական հայութիւնը ի վիճակի չէր մեծածախս մամուլ մը պահելու: Սակայն, մամուլի անհրաժեշտութիւնը հրատապ խնդիր էր. բան մը, որ աւելի կը շեշտուէր եւ ստիպողական կը դառնար, մանաւանդ որ Մեծ եղեռնէն վերապրողներուն բռնագաղթը կը շարունակուէր: Թերթը միակ միջոցն էր ժողովուրդը իրարու մօտեցնելու, հաղորդակցութեան մէջ դնելու, շփումներ ստեղծելու, ընդհանուր զարգացում ջամբելու եւ գաղթական հայութիւնը ծանօթացնելու նոր միջավայրին ու շրջապատին, կեանքին ու կացութեան, պաշտպանելու ժողովուրդին շահերը եւ վառ պահելու հայրենասիրութեան հուրը:

* * *

«Նոր  Փիւնիկ»-ի դադրեցումէն ետք, Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, «Փիւնիկ»-ի եւ «Նոր փիւնիկ»-ի խմբագրական կազմի անդամ եւ վարչական գործերու պատասխանատու Հայկ Պալեան, խորապէս գիտակից մամուլի անհրաժեշտութեան, իր սեփական միջոցներով եւ յաղթահարելով բոլոր դժուարութիւնները, նախաձեռնեց նոր թերթի մը հրատարակութեան: Ծանր եւ պատասխանատու արկածախնդրութիւն մը, որ արժանացաւ մօտիկ քանի մը ընկերներու քաջալերանքին ու զօրակցութեան: Իր կարգին Կեդրոնական կոմիտէն գործնական աջակցութիւն շնորհեց Հայկ Պալեանի:

Հայկ Պալեան ծնած էր 1897-ին, Չորք Մարզպան: 1911-էն 1915 յաճախած էր Տարսոնի Ամերիկեան քոլեճը: Բռնագաղթի հետեւանքով ընտանիքին հետ փոխադրուած էր Ճսըր Շուղուր, ուր աշխատած էր իբրեւ տուրքերու հաւաքման պաշտօնեայ:

Առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտէն ետք վերադարձած էր ծննդավայր, եւ ուսումը շարունակած էր Տարսոնի քոլեճին մէջ, զոր աւարտած էր 1920-ին:

Իբրեւ ուսուցիչ պաշտօնավարած էր Չորք Մարզպանի Ազգային քոլեճին մէջ: Կիլիկիոյ պարպումի օրերուն մասնակցած էր Չորք Մարզպանի պաշտպանութեան կռիւներուն եւ վիրաւորուած սրունքէն:

Այնուհետեւ անցած էր Ալեքսանտրէթ, իսկ աւելի ուշ` Նահր Իպրահիմի եւ Ժըպէյլի որբանոցները, ուր գործած էր իբրեւ ուսուցիչ եւ դաստիարակ: Մալարիայի պատճառով 1923-ին Նահր Իպրահիմի որբանոցը փակուեցաւ եւ Հայկ Պալեան մեծ որբերուն հետ փոխադրուած էր Ժըպէյլ, ուր ստանձնած էր աշակերտական «Տուն» ամսաթերթին խմբագրութիւնը: Ժըպէյլէն յետոյ ալ փոխադրուած էր Պէյրութ:

Հայկ Պալեան Կեդրոնական կոմիտէէն գնեց «Նոր Փիւնիկ»-ի քանի մը սնտուկ հաշուող տառերը, քանի մը կտոր հինցած տպագրական գոյքերը եւ ձեռքի տպագրական փոքր մեքենան, եւ Ժողովրդային տան վարի յարկը, ձկնարանի փողոցին վրայ, աստիճաններու տակ գտնուող փոքրիկ խանութը խմբագրատուն-տպարանի վերածելով, շաբաթ, 5 մարտ 1927-ին ձեռնարկեց «Ազդակ»-ի հրատարակութեան` չորս էջով, իբրեւ եռօրեայ, որ պիտի հրատարակուէր չորեքշաբթի եւ շաբաթ օրերը: Գինը` երեք ղուրուշ, իսկ տարեկան բաժանորդագին` 60 ղուրուշ ոսկեդրամ, վեցամսեայ` 35 ղուրուշ ոսկեդրամ: Արտասահմանի մէջ տարեկան չորս տոլար, վեցամսեայ 2.30 տոլար, իսկ Իրաքի եւ Պարսկաստանի մէջ` տարեկան մէկ անգլիական ոսկի: Մէկ շաբաթ ետք, 12 մարտին հատավաճառը եղաւ երեքուկէս ղուրուշ: Թերթին հասցէն էր`

Aztag
Journal armenien
B. P. 587
Beyrouth Syrie

 

«Ազդակ»-ի առաջին թիւով լոյս տեսած խմբագրականը, «Մեր ուղին» խորագիրով, լաւագոյնս կ՛արտայայտէ թերթին հաւատոյ հանգանակը:

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Եթէ ճիշդ է որ իւրաքանչիւր օգտակար ձեռնարկ անհրաժեշտ պահանջքէ մը կը ծնի` «Ազդակ»-ի հրատարակութիւնը պէտք է ողջունուի խանդավառութեամբ:

Եւ եթէ վաւերական պիտի համարենք մեր ժամանակաշրջանի այն մտածողութիւնը` որ ազգերու քաղաքակրթութիւնը կը չափուի անոնց ունեցած մամուլով, եւ հաստատենք ազգային մեր յաւակնութիւնները այդ մարզին մէջ` իրաւունք ունինք համոզուելու, որ սուրիահայութիւնը չի կրնար մնալ առանց մամուլի:

Մեր պայմաններուն մէջ ապրող ժողովուրդի մը համար, մամուլի կենսական նշանակութիւնը շեշտել` կրկնել պիտի ըլլար այս ուղղութեամբ գրուածները Հայ լրագրութեան մէջ: Միայն անհրաժեշտ է շեշտել այն պարագան, որ սուրիահայութիւնը արտասահմանի մէջ այն միակ հոծ գաղութն է, որ վերջին օրերս մնացած էր առանց թերթի:

Ամերիկահայութիւնը, որ քանակով մեր գաղութը չանցնիր, մօտ մէկ տասնեակ թերթեր կը հաշուէ իր մէջ: Նոյնն է պատկերը մեզմէ շատ աւելի փոքրաթիւ գաղութներու մէջ, Յունաստան, Ֆրանսա, Եգիպտոս եւ այլն: Բոլորն ալ ունին իրենց օրաթերթերը, հանդէսները եւ զանազան ձեւի հրատարակութիւնները:

Այսօր, ոչ ոք կրնայ ժխտել, որ շնորհիւ հայ մամուլին է, որ ամերիկահայութիւնը կրցած է պահել իր ազգային դիմագիծը: Այլապէս առանց այդ մամուլին եւ զանոնք հովանաւորող հոսանքներուն, դժուար թէ ճանչնայինք այսօր ամերիկահայ գաղութին դէմքը:

Պեսարապիոյ եւ Լեհաստանի հոծ գաղութները, այլեւս պատմութեան կը պատկանին: Նոյն վտանգն է կեցած մեր դիմաց իր ահաւոր մերկութեամբը: Բոլոր գաղութները իրենց արժանի պատասխանը տուած են այս հարցին:

Ինչո՞վ բացատրել սուրիահայ հակապատկերը:

Ինչպէ՞ս պատասխանել քոյր գաղութներու հեգնանքին:

Արդեօք թերթ արժեցնող ուժե՞րն է որ կը պակսին, թէ մեր հոծ գաղութը չէ հասած գիտակցութեան որոշ աստիճանի մը, եւ կը մնայ որակով վար բոլոր այլ գաղութներէն:

Ո՛չ մին, ո՛չ միւսը:

Առաջին կէտին նպաստաւոր պատասխանը տուած է մօտիկ անցեալը: Իսկ երկրորդը որոշ արդարացումներու կը կարօտի:

Սուրիահայութիւնը շատ հետաքրքրութեամբ թերթ կը կարդայ. այդ փաստ մըն է ժողովուրդի մարդոց համար:

Ունի՞նք ընթերցող հասարակութիւնը: Պահանջքը բոլորին շրթներուն վրայ է:

– Ահա՛ ձեռնարկը:

Առանց մեծ խոստումներու, բայց իր դերին խոր գիտակցութեամբ, «Ազդակ» կ՛իջնէ Հայ լրագրական ասպարէզը:

Հայ գիրովն ու մամուլով սկսաւ մեր ժողովուրդի վերածնութիւնը, նոյն միջոցները պիտի մնան կրկին գլխաւոր ազդակները վերջնական յաղթանակին համար:

Ցրուած չորս ծագերուն, ենթակայ շատ շատերու հալածանքին, մեր ժողովուրդը ճակատագրական օրեր կ՛ապրի:

Եթէ ժամանակին պայքարը ազգային գիտակցութեան զարթնումին շուրջ էր, այսօր այդ պայքարը` գոյութեան, լինել չլինելու շուրջ կը դառնայ: Բոլոր գաղութներու մէջ, մեր խլեակները կաթիլ մը ջուր են, կոչուած կուլ երթալու անյատակ ովկիանոսին` անհամեմատ աւելի ուժեղ ազգերու ծոցին մէջ:

Գոյութեան պայքարի ամենաուժեղ զէնքը, փորձութեան այս օրերուն հայոց լեզուն է, որուն պահպանման եւ սերունդներու փոխանցման գլխաւոր խողովակը մամուլը պիտի մնայ: Անոր միջոցաւ է որ հայրենազուրկ հայութիւնը պիտի ապրի իր անցեալը, պիտի ոգեկոչէ հին արժէքները, պիտի խանդավառուի ապագայի հեռանկարով: Իր կոչումին գիտակից մամուլն է, որ սատար հանդիսանալով բոլոր օգտակար ձեռնարկներուն, քննադատելով մեր կեանքի վատ արտայայտութիւնները, պիտի կերտէ մեր գոյութեան պայքարին յենարանները:

Զուգընթաց այս բոլորին եւ անհրաժեշտ մամուլը պիտի բարձրացնէ Հայ մարդու ինկած տրամադրութիւնները, պիտի վերականգնէ` խորտակուած հաւատքը, պիտի ցոյց տալ, որ ժամանակաւոր է խաւարը` որ կը ծածկէ հայրենի հորիզոնները: Եւ անխուսափելիօրէն պիտի ստեղծուի այն հանգրուանը, ուր այս խաչեալ ժողովուրդը պիտի երթայ վար դնել, դարերու իր տառապանքն ու բեռը:

«Ազդակ»-ը պիտի ձգտի արժեցնել մամուլի իսկական դերը, զոհելով անհատական շահը հասարակական շահուն:

Անկախ ըլլալով հանդերձ որեւէ կազմակերպութենէ, անոր հրատարակիչները պարծանք պիտի սեպեն շեշտելու, որ պիտի տանին այն գիծը, որ անցնող եւ ներկայ ազատատենչ սերունդինն է եղած:

Ընդհանուր, համահայկական ըմբռնումով, մեր ձգտումը պիտի ըլլայ` խորացնել անկախութեան գաղափարը, քարոզել զոհողութեան ոգին, վառ պահել հայրենիքի սէրը հոգիներուն մէջ:

Իբրեւ գաղութի պիտի աշխատինք ուժ տալ սուրիահայութեան ազգային կազմակերպութեան գործին, ցոյց տալ որ ոչ մէկ դէպք յաջողած է կասեցնել ազգերու յառաջդիմութեան անիւը: Հեռու ամբոխային տրամաբանութենէ, գիտակից մեր ժողովուրդի եւ յոռի կողմերուն, այնուամենայնիւ կը մնանք լաւատես, սուրիահայութեան ազգային կազմակերպութեան գործին վերաբերմամբ:

«Ազդակ»-ը, պիտի ձգտի հայելին ըլլալ բովանդակ սուրիահայ կեանքին:

Անվերապահ պիտի ըլլալ մեր աջակցութիւնը, բոլոր անոնց եւ այն գործերուն վերաբերմամբ` որ կոչուած են օգտակար հանդիսանալ մեր ժողովուրդին: Անխնայ պիտի ըլլանք նաեւ բոլոր անոնց եւ այն գործերուն վերաբերմամբ` որ նպատակ կ՛ունենան վրդովել գաղութին կեանքը:

Պարզ եւ որոշ է մեր ուղին:

Իտէալը ամուր է մեր հոգիներուն խորը:

Ճամբայ կ՛իյնանք աւիւնով եւ հաւատքով:

Իսկ հաւատքը մեծագոյն երաշխիքն է յաջողութեան:

***

«Ազդակ»-ի շուրջ համախմբուեցան խումբ մը մտաւորականներ ու աշխատակիցներ: Տոքթոր Բ. Գուլաքեան եւ Արամ Սահակեան Հայկ Պալեանի գլխաւոր աջակիցները եղան: Արամ Սահակեան ստանձնեց խմբագրական աշխատանքին գլխաւոր բաժինը եւ առանց ակնկալութեան ու նիւթական վարձատրութեան զօրավիգ հանդիսացաւ թերթին: Սկզբնական շրջանի գլխաւոր աշխատակիցները եղան տոքթոր Սուրէն Սիլվա, Սիրան Զարիֆեան-Մարգարեան, Լութէր, Էլլէն Բիւզանդ, Սեպուհ Ստեփանեան, Ղազար Չարըգ, Նորայր, Յակոբ Սիմոնի, Ազատ եւ Տիգրան Փիրանեան: Թերթը թղթակցութիւններ կը ստանար Հալէպէն, Դամասկոսէն, Թրիփոլիէն, Պաղեստինէն, Եգիպտոսէն, Լաթաքիայէն եւ Մուսա լեռէն:

Անհրապոյր, փոքր, խոնաւ եւ փոշիներու մէջ կորսուած խմբագրատուն-տպարանին մէջ աշխատանքը կը սկսէր առտուան ժամը հինգին եւ կը տեւէր մինչեւ գիշերուան ժամը ինը: Գրաշարներ օրն ի բուն տառերը կը շարէին, իրարու քով բերելով բառերը եւ տողերը կը կազմէին, տողերը յետոյ սիւնակներու կը վերածուէին եւ էջը կը կազմուէր: Գրաշարներէն Յովնան Գալայճեան յետոյ գրաշարապետ եղաւ: Յաճախ խմբագիրներ եւս կ՛օգնէին գրաշարներուն, ապահովելու համար թերթին լոյս ընծայումը:

«Ազդակ» տպագրական մամուլ չունէր: Շարուածքը խմբագրատունէն տպարան կը փոխադրուէր բեռնակիրի մը կռնակը: Կը պատահէր որ փոխադրութեան ընթացքին ամբողջ էջ մը գետին թափէր. այդ պարագային աշխատակիցները մինչեւ լոյս պէտք է նստէին, գիրերը կարգի դնէին, նորէն շարէին եւ կրկին բեռցնէին բեռնակիրին կռնակը:

«Ազդակ» կը տպուէր «Ուաթան» թերթի տպարանին մէջ: Նոյն տպարանին մէջ կը տպուէին նաեւ տեղական այլ թերթեր: Տպարանատէրը նախապատուութիւնը կու տար արաբերէն թերթերուն, որոնց տպագրութենէն ետք կը սկսէր «Ազդակ»-ի տպագրութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES