ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԼԵԶՈՒ, ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԼԵԶՈՒ

Համաշխարհայնացման ծիրին մէջ եւ սփիւռքեան գումարուած եւ գումարուող բացասականութիւններու պատճառով, կը զարգանան պարտուողականութենէ յառաջացող ազգային կեղծ տեսութիւններ:

Առաջինը կը վերաբերի տարբեր լեզուներով ազգային գրականութիւն զարգացնելու ընտրանքին: Ժամանակակից գրողը (եւ այս պարագային` մեզ հետաքրքրողը), հայ գրողը, կրնա՞յ հայ գրականութիւն մշակել հայերէնէ տարբեր լեզուով: Տարբեր լեզուներով մշակուած գրականութիւնը ինչպէ՞ս հայ գրականութիւն կրնայ ըլլալ:

Երկրորդը կը վերաբերի կաղ եւ աղճատուած լեզուով, հայ կամ օտար գրողի պարագային, գրականութիւն ստեղծելու յաւակնութեան: Գրականութիւնը կարելի՞ է անջատել լեզուական շնորհէ, ֆրանսացիները գրականութիւնը կը կոչեն նաեւ գեղեցիկ գիր, Les Belles Lettres: Գրականութիւնը լեզու է, առաւել` ոճ: Les Belles Lettres կը մշակուի՞ անգիտութեամբ, տգիտութեամբ եւ հրաժարումներու պատճառով գործածուող եւ կոյուղի բուրող լեզուով, այդ ըլլայ հայերէնի թէ այլ լեզուներու պարագային:

Տէր ունեցող լեզուները հսկողութեան տակ են: Բնական է, որ մարդիկ, մշակոյթներ եւ լեզուներ Ռոպենսոն Քրիւզոյի կղզիին վրայ չեն ապրիր: Նոյնիսկ առանձնութեան ու մեկուսացման պայմաններուն մէջ նաւաբեկեալ Ռոպենսոն կը գրէր, օրագրութիւն կը պահէր, լեզուին կենդանութեան կը ծառայէր: Ֆրանսական ակադեմիան ամէն տարի կը կազմէ ֆրանսացած բառերու ցանկը, որոնք կը մտնեն բառարան, բայց` իր հսկողութեամբ: Այսինքն նոր բառերը լեզուին մէջ անիշխանական կերպով չեն խուժեր: Չեն խուժեր այս կամ այն «հերոս»ին կամքով:

Ի՞նչ պատահած է եւ կը պատահի հայերէնի պարագային:

Ֆրանսական գրականութիւնը ֆրանսերէն լեզուով կը մշակուի: Հիւսիսային Ափրիկէի երկիրներէն արաբ գրողներ կան, որոնք կը գրեն ֆրանսերէն, իրենց գրականութիւնը կրնայ որակաւոր ըլլալ` իրենց ապահովելով վարկ եւ հռչակ, ծառայել իրենց ժողովուրդի ծանօթացման, հետապնդած նպատակներուն: Բայց իրենց ստեղծագործութիւնը կը պատկանի Ֆրանսայի, իրենցմով կը շարունակուի գաղութարար երկրի թափանցումը: Լիբանանցի Ամին Մախլուֆի գրականութիւնը ֆրանսական է: Նոյնն է պարագան բոլոր ժողովուրդներուն համար: Նաեւ` հայերուն, երբ անոնք կը գրեն ֆրանսերէն, անգլերէն, արաբերէն, ռուսերէն, թրքերէն, կամ այլ լեզուներով: Գրողի եւ իր արտադրութեան արժէքին գնահատումը տարբեր է: Ֆրանսերէն գրող Ամին Մախլուֆ երբ մրցանակ կը ստանայ, այդ կը ստանայ որպէս ֆրանսագիր գրող, որ կը հարստացնէ ֆրանսական գրականութիւնը: Իր հայրենակիցները կրնան հպարտ ըլլալ, բայց կտակուած ժառանգութիւնը կը պատկանի Ֆրանսայի:

Մեզի համար շատ սիրելի կրնայ ըլլալ Ուիլիըմ Սարոյեան, անոր գիրքերը թարգմանուած են հայերէնի, թարգմանական գրականութիւն: Ամերիկեան գրականութենէ թարգմանութիւն, այդքա՛ն: Այդ թարգմանութիւնները նոյն սիւնակին մէջ կը գտնուին ինչպէս Վիրժիլ Կէորկիուի «Քսանհինգերորդ ժամը» կամ Հոմերոսի «Ոդիսեւս»ը:

Գրասէրի յուզումը կամ ճակատագրէն հարուածուած հայուն սնապարծութիւնը գրական երկին պատկանելիութիւնը եւ հասցէն չեն ճշդեր, քանի որ գրական երկը կ՛իրականանայ լեզուով, որ ունի իր արտայայտչական ինքնատիպ կարողութիւնները, երանգները, շեշտը, երաժշտութիւնը: Այս տարրական ճշմարտութիւնը բաւարար չափով չենք ըսեր:

ԳՐՈՂԸ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՍՏԱՆԸ ԿԸ ՄՏՆԷ ՀԱՅԵՐԷՆՈՎ:

Գրականութիւնը արուեստ է եւ ստեղծագործութիւն: Այդ ստեղծագործութեան ընթացքին գրողը կը խաղայ լեզուին հետ, ինչպէս գեղանկարիչը իր վրձինին եւ երանգապնակի գոյներուն հետ: Վահան Թէքէեանի հնչեակներէն մէկուն բառերը առնել եւ քով-քովի դնելը բանաստեղծութիւն չ՛ըլլար:

Թատրոնի պարագային, ժողովրդական լեզու գործածել հասկցուելու կամ զուարճացնելու համար՝ չի նշանակեր փողոցը բեմ բերել: Թատերագիրները, նոյնիսկ երբ կատակերգութիւն կը գրեն, խնդուք կը յառաջացնեն իրենց գիւտերով եւ նրբութեամբ: Երբ Մոլիէրի կծծի եւ կասկածամիտ հերոսը իր ծառային կ՛ըսէ, «Ցոյց տո՛ւր ձեռքերդ / Ահաւասիկ /Միւսները / Ահաւասիկ», մթնոլորտ կը ստեղծէ եւ կը խնդանք: Պարզ եւ վսեմ: Իսկ եթէ ծիծաղ յառաջացնելու համար պէտք է ըսել-գրել, «Դուն տիրեկ ըլլաս, ես ելքէն պեզի/ Հովը փչէ տէ պլլըւիմ քեզի», ո՛չ գրականութիւն կ՛ընենք եւ ո՛չ ալ թատրոն, եւ կ՛արհամարհենք ընթերցողը կամ հանդիսատեսը:

Գրականութիւն մշակելու ազնիւ փորձութիւնը կրնայ ծլարձակել յուզումի եւ երեւակայութեան ալիքներուն վրայ, բայց կը կենսագործուի լեզուով մը, որ ինքնին կը ծնի եւ կը փայլատակէ երկին հետ:

Հայ գրողը, բանաստեղծը, թարգմանիչը, բեմադրիչը ԿԸ ՎԵՐԾԱՆԻՆ ԳԵՂԵՑԻԿԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ԼԵԶՈՒՈՎ:

Մենք կ՛ըսենք` ՈՍԿԵՂՆԻԿով, որ մեր մեծագոյն ժառանգութիւնն է:

Մեր անգիտութիւնը եւ աւեր գործող տեղատուութիւնները մեզ պիտի դատապարտե՞ն ըսելու`  այդ լեզուն մեծ ժառանգութիւնն ԷՐ…

Մարդորսութիւն, ներողամտութիւն, նուազագոյնով բաւարարուելու տեսակ մը քաղաքականութիւնը ՀԱԿԱԶԳԱՅԻՆ ընթացք են եւ պէտք չէ վարանիլ ճիշդ գնահատում ընելու: Եւ հակազգային ընթացքները դրօշի վերածելը ինքնահաստատման յոռեգոյն բացասականութիւնն է:

Եւ տեղատուութեան հետեւող պարտութիւնը յաղթանակ չէ:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ, 29 մարտ 2011

 

Share this Article
CATEGORIES