ՄԱ՞ՀԸ ՔԵԶ ՅԱՂԹԵՑ, ԹԷ՞ ԴՈՒՆ ՄԱՀՈՒԱՆ
Հայրի՛կ, եկո՛ւր` զրուցենք ինչպէս միշտ ու որոշենք վերջապէս, թէ մա՞հը քեզ յաղթեց, թէ՞ դուն մահուան…
Պատանի տարիքին Անթիլիասի դպրեվանքի դռները թակած, գիւղացի իմ հայրիկ, որքան քիչ ժամանակ էր քեզ պէտք, որ կոփուիս եւ կատարելապէս տիրապետես ոսկեղենիկ մեր լեզուին… ապա ինքնաշխատութեամբ շարունակես մուտք գործել մեր գրականութեան անդաստանները անծայրածիր: Գրելու տաղանդդ անզուսպ էր, ամօթխածութիւնդ ու համեստութիւնդ` չափազանց, ուստի որոշած էիր թղթակցիլ Յ. Արտազ անունով: Դարձար մշակ` իսկական ուսուցիչ, այնտեղ, ուր պէտք էր` գիւղ, շրջան թէ քաղաք… 53 տարի ծառայեցիր, սերմանեցիր, Արամ Ա. կաթողիկոսը քեզի շնորհեց «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշան, եւ կոչուեցար ուսուցչապետ… հազարաւոր աշակերտներէդ չեմ հանդիպած ոեւէ մէկուն, որ ակնածանքով չյիշէ քեզ… Հայրի՛կ, անոնց ակնածանքը վկայ, որ դո՛ւն յաղթեցիր մահուան…
Խե՜ղճ մահ, ի՞նչ տարիր քեզի հետ… հիւծուած, տժգոյն ու անշնչացած մարմին մը միայն, տարած օրդ անգամ տօն էր` լեզուի տօն` փետրուար 21…
Երկար ու ձիգ օր մըն էր, պր. Յակոբ, երբ ցաւերուդ տառապանքին մէջ անգամ ողջ շունչդ տուիր, կարծես վերջ դրիր գործունէութեանդ` շունչդ փոխանցելով մեզի` համայնքի բոլոր զաւակներուդ եւ հազարաւոր երախտապարտ աշակերտներուդ…
Ի՞նչ տարիր, խե՜ղճ մահ, սառած մարմին մը միայն, սակայն ձգեցիր բեղուն գործունէութեամբ ու անսակարկ նուիրումով լի վաթսուն տարիներու անմոռաց յիշատակներ, որոնք քանդակուած են ամբողջ համայնքի մը իւրաքանչիւր զաւակի, միութեան եւ կառոյցի յիշողութեան մէջ` դառնալով անոնց անցեալի պարծանքը, կեանքի ուղեկիցն ու ապագայի տեսլականը…
Դո՛ւն յաղթեցիր, հայրի՛կ, եւ ի զուր չէր, որ մահուան ոտնաձայնը զգալով` յաճախ կը կրկնէիր մեծն Սարոյեանի խօսքերը. «Գիտեմ` մահը բոլորին համար է, բայց կարծեցի զիս պիտի շրջանցէ»… Մահը շրջանցեց քեզ, հայրի՜կ, վկա՛յ օտար ափերու մէջ ապրող հասուն աշակերտներուդ եւ տարեկից ու աւելի փոքր ընկերներուդ հեկեկանքը, որոնք անտեսելով պատկառելի տարիքդ, մեզի ցաւակցելու փոխարէն, մենք կը մխիթարէինք զիրենք…
Որքա՜ն հպարտ եմ քեզմով, ՀԱՅՐԻ՛Կ, եւ նոյն հպարտութեամբ հեգնեցի անշնչացած մարմինդ տանող մահը ու կը շարունակեմ զգալ ներկայութիւնդ, շնչել ու ապրիլ քու շունչովդ` աչքիս առջեւ դէմքդ ժպտուն, հայեացքդ իմաստուն, ականջիս մէջ ձայնդ խրոխտ, դասերդ կրթիչ ու դաստիարակիչ, մտքերդ սուր, ճառերդ` սերունդներ կերտող, յիշողութեանս մէջ սիրտդ բարի ու գուրգուրացող, խօսքերդ իմաստուն եւ գործունէութիւնդ անխոնջ…
Միշտ մեզի հետ ես` դպրոցի մեր ուսուցիչ ու գործընկեր, ակումբի ղեկավար ու ընկեր, մեր տան ու համայնքի ՀԱՅՐԻ՜Կ…
ՆԱՅԻՐԻ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ