ՄՈՎՍԷՍ ՔԷՕՇԷԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ – ՍԱՐԳՈՒՆԻ
Այնճարցիները միշտ երախտագիտութեամբ պիտի յիշեն Քէօշէեան ընտանիքին բարիքները:
Այնճարէն շատեր գաղթեցին զանազան պատճառներով, մանաւանդ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, տնտեսական եւ անապահով կացութեան պատճառով: Սակայն Մովսէս Քէօշէեանը այդ խումբին չէր պատկաներ: Անիկա ո՛չ տնտեսական, ո՛չ ալ ապահովական պատճառներով, այլ շատ կանուխ, նախքան պատերազմը, տասնամեակ մը առաջ, նետուեցաւ պանդխտութեան գիրկը, դէպի օտար անծանօթ ուղղութեամբ իր բախտը որոնելու:
– Քեռիս հերթապահ էր,- կը պատմէր Մովսէս, երբ որոշեցի գաղթել, բուռն կերպով ընդդիմացաւ եւ փորձեց համոզել հայրս, թէ` «ո՛ւր պիտի ղրկես այդ պատանին օտարութեան մէջ, դուն չկշտացա՞ր օտարութենէն»:
Հայրս հեգնանքով կը պատասխանէ.
– Դէ՛հ, ի՞նչ պիտի ըլլայ հոս մնալով, դուն պիտի միջնորդե՞ս, որ «սուճի» ըլլայ, այսինքն` պարտէզներու ջրբաշխ:
Հարկաւ հաց մը կը ճարէինք «սուճի» ըլլալով, բայց… Այնճարէն ոտքս վերցնելէն ետք ես գիտեմ` ո՛ւր կը հասնիմ:
Իր նպատակը ուրիշ էր: Արկածախնդրական կեանք կը սիրէր: Չէր բաւարարուեր միայն օրուան հացը ճարելով, այլ ճիգ պէտք է ընէր «տեղ» մը հասնելու համար, որպէսզի կարողանար օգտակար ըլլալ նաեւ իր շրջապատին, մանաւանդ իր սիրելի Այնճարին:
Այնճարէն գաղթողներէն քիչեր միայն կարողացան Քէօշէեան ընտանիքին պէս օժանդակել գիւղին:
Գրեթէ ամբողջ կէս դար տքնեցաւ օտարութեան մէջ. «տեղ» հասաւ, ապա վերադարձաւ հայրենի տուն, ուր այնքան կը ցանկար հաստատուիլ: Բայց կամքէ անկախ պատճառներով չկրցաւ վերջնականապէս հաստատուիլ իր սիրելի ծննդավայրը: Սակայն միշտ ընտանիքին հետ միասին, թէ՛ նիւթապէս եւ թէ ՛ բարոյապէս, անսակարկելիօրէն սատար հանդիսացաւ Այնճարին:
Վերջին անգամ, երբ եկաւ, առողջութիւնը սկսած էր վատթարանալ:
Է՜հ աշխարհ պտտեցայ, տեսայ մեծ ու փառաւոր ոստաններ, աշխատեցայ, տքնեցայ, լաւն ու գէշը ապրեցայ, բայց Այնճարի պէս չգտայ: Արդեօք քեռիս իրաւացի՞ էր. եթէ հոս մնայի, «սուճի» կ՛ըլլայի:
Եւ լիաթոք կը խնդար:
– Ո՜վ գիտէ, գուցէ առողջ կը մնայի:
Ապա կը տխրէր: Թերեւս կ՛ափսոսար առողջութիւնը:
– Իսկապէս չեմ ուզեր վերադառնալ բայց չոճուխները չեմ կրնար առանձին ձգել, պէտք է վերադառնամ… ապա հառաչանքով կ՛ըսէր.- կու գամ եւ ա՛լ չեմ երթար:
Ու գնաց…
Առողջութիւնը ծանրօրէն կը վատթարանայ եւ իսկոյն հիւանդանոց կը փոխադրուի: Գրեթէ մահաքունի վիճակի մէջ` առաջնորդը կ՛այցելէ իրեն:
– Ել, Մովսէս, ել տե՛ս` ո՛վ եկած է:
Սարգունին, առանց աչքերը բանալու, հազիւ լսելի ձայնով կը շշնջայ.
– Եկեղեցին հայկական ես աչքս գոց կը տեսնեմ:
Գնաց ու չեկաւ… այլեւս պիտի չգայ: Անիկա վերադարձաւ իր հոգիին ծննդավայրը` «Եկեղեցին հայկական»:
Մենք այլեւս պիտի չտեսնենք մեր սիրելի ընկերը, սակայն միշտ կարօտով պիտի յիշենք քեզ, սիրելի ընկեր: Մենք այլեւս քեզի հետ միասին լիաթոք պիտի չխնդանք, այլ միայն քու թողած քաղցր յիշատակներդ պիտի մէջբերենք ու դառնահամ «խնդանք:
Յիշատակդ անթառամ:
ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԸՆԿԵՐՆԵՐ