Ֆութպոլի Միջազգային Բարեկամական Մրցումի Մը Ընթացքին Հայաստան Պարտութեամբ Սկսաւ 2012 Տարին

Երէկ յետմիջօրէին, Լիմասոլի մէջ (Կիպրոս) տեղի ունեցած ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Սերպիայէն: Այսպիսով, հայրենի կազմը 2012 տարին սկսաւ պարտութեամբ:

Սերպիա իր առաջին կոլը նշանակեց 15-րդ վայրկեանին` շնորհիւ Քուզմանովիչի, ապա 31-րդ վայրկեանին Իվանովիչ արդիւնքը բարձրացուց երկուքի:

Նշենք սակայն, որ Հայաստանի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան մեծամասնութեամբ դաշտ ներկայացուց իր պահեստի մարզիկները:

Կը կարծուի, որ այսօր Քանատայի դէմ տեղի ունենալիք բարեկամական մրցումին դաշտ ներկայանայ Արազ Օզպիլիս, ինչպէս նաեւ Եուրա Մովսիսեան, Հենրիխ Մխիթարեան, Ռոման Պերեզովսքի եւ Սարգիս Յովսէփեան:

Այսօրուան մրցումը պիտի սկսի ժամը 19:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:

Երէկուան մրցումին Հայաստան դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով.

Գրիգոր Մելիքսէթեան, Ռոպերթ Արզումանեան, Գագիկ Տաղպաշեան, Յովհաննէս Համբարձումեան (Ղուկաս Պօղոսեան, 60-րդ), Վարազդատ Հարոյեան (Անդրանիկ Ոսկանեան 75-րդ), Գէորգ Ղազարեան, Էտկար Մալաքեան (Վալթեր Պօղոսեան, 68-րդ), Կարլեն Մկրտչեան, Մասիս Ոսկանեան (Դաւիթ Մանոյեան, 46-րդ), Արթուր Եուզպաշեան եւ Արթուր Սարգիսով (Կամօ Յովհաննիսեան, 46-րդ):

 

Share this Article
CATEGORIES