2014-Ի Մոնտիալի Զտումի Մրցաշարք. Ասիոյ Գօտի. Այսօր Անկիւնադարձային Օր Մը` Լիբանանի Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Համար

Լիբանանի մարզիչը Թէօ Պոքեր (աջին) եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մարզիչը` Ապտալլա Մըսֆեր (Լուսանկարը տրամադրեց`Ղ ՖՈՒԱՏ ՍԱՊՊԱՂ)
Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր պիտի կատարուին Գ. հանգրուանի վերջին ճակատումները:
Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը այսօր ժամը 14:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) Ապու Տապիի մէջ հիւրը պիտի ըլլայ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ «Նըհիան» մարզադաշտին մէջ, որ կը պատկանի Ուահտէ խումբին եւ կրնայ հիւրընկալել 10,200 հանդիսատես: Հակառակ անոր որ հիւր կազմը կը ստանայ տոմսերուն 20 առ հարիւրը, սակայն այս անգամ պատահեցաւ հակառակը եւ Լիբանան ստացաւ տոմսերուն 80 առ հարիւրը:
Հակառակ անոր որ հիւրընկալ կազմը ամբողջութեամբ կորսնցուցած է Դ. հանգրուան հասնելու իր յոյսերը, սակայն անիկա կրնայ խանգարել Լիբանանի հաշիւը, եթէ անակնկալ մը ստեղծէ:
Հարաւային Քորէայի ետին 2-րդ դիրքը գրաւող Լիբանան (10 կէտով) յաղթանակի կամ հաւասարութեան պարագային պիտի ապահովէ Դ. հանգրուանի իր տոմսը` իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով: Հետեւաբար, անիկա պիտի ըլլայ անկիւնադարձային օր մը` Լիբանանի համար:
Նոյնիսկ պարտուելու պարագային, Լիբանան կրնայ դուրս չմնալ, այն պայմանով սակայն, որ միեւնոյն ժամանակ ալ Հարաւային Քորէա պէտք է յաղթէ Քուէյթի եւ կամ հաւասարութիւն մը արձանագրէ:
Երէկ, Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբի գերմանացի մարզիչ Թէօ Պոքեր ըսաւ, որ ինք վստահ է, որ իր մարզիկները զինք յուսախաբ պիտի չընեն եւ ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայեն դաշտին տիրոջմէն երեք կէտը խլելու համար:
«Վեց ամիս առաջ ոչ ոք կը յուսար, որ Լիբանանի խումբը այս հանգրուանին հասնի: Ասիկա տեղի ունեցաւ, որովհետեւ մարզիկները լաւապէս գործադրեցին իրենց տրուած ցուցմունքները եւ հասան այս հանգրուանին», ըսաւ գերմանացին` իր կատարած երէկուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:
Օրուան իրաւարարները պիտի ըլլան աւստրալիացիներ: Փիթըր Կրին գլխաւոր իրաւարարն է, իսկ կազմի իրաւարարները` Հաքան Անազ եւ Ճէյմս Մեթիու Կրիմ (Աւստրալիա): Չորրորդ իրաւարարը պիտի ըլլայ Թէյմուր Ֆայսալուին (Խըրխըզիստան): Իսկ իրաւարարներուն հսկող իրաւարարը պիտի ըլլայ Մասուտ Ինայաթ (Իրան):
Այսօրուան այս մրցումին Լիբանան շատ հաւանաբար դաշտ ներկայանայ հետեւեալ կազմով.
Ապպաս Հասան (Զիատ Սամատ) – Ռամեզ Տիուպ, Պիլալ Շէյխ Նաժժարին, Եուսեֆ Մոհամետ, Ուալիտ Իսմայիլ -Հայսամ Ֆաղուր, Ապպաս Աթուէ, Հասան Մաաթուք, Մոհամետ Շամըս – Մահմուտ Ալի, Ահմետ Զըրիք եւ Աքրամ Մաղրըպի:
Նշենք, որ մրցումէն անմիջապէս ետք, լիբանանեան պատուիրակութիւնը միտըլ-իսթ օդանաւային ընկերութեան օդանաւով պիտի վերադառնայ Լիբանան: Կ՛ակնկալուի, որ անիկա Պէյրութի միջազգային օդակայան ժամանէ ժամը 23:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):
Այսօրուան այս մրցումը ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռուի հետեւեալ կայաններէն` Էլ. Պի. Սի. (տեղական թէ արբանեակային), Ապու Տապի Ռիատիէ-1, Տուպայ Ռիատիէ-1 եւ Ժեզիրէ Ռիատիէ Կլոպըլ:

