Կիրակի, 4 Մարտ 2012-Ին` Ճատրակի Տարիքային Մրցաշարք` ՀՄԸՄ Պէյրութի Ակումբին Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային ճատրակի յանձնախումբին եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, կիրակի, 4 մարտ 2012-ին, ՀՄԸՄ Պէյրութի ակումբին մէջ (Զոքաք Պլաթ) տեղի պիտի ունենայ ճատրակի տարիքային մրցաշարք մը` 8, 10, 12 եւ 14 տարեկանէն վար դասակարգերուն մէջ:

Սկզբունքով, այս մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ աւելի կանուխ, սակայն Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին ընտրութիւններուն յետաձգումին պատճառով այս մրցաշարքը եւս յետաձգուեցաւ:

Մասնակցութեան սակ ճշդուած է տասը հազար լիբանանեան ոսկի: Մասնակցողները բնականաբար կէսօրուան ճաշի հիւրը պիտի ըլլան ՀՄԸՄ Պէյրութի:

Դիւրացնելու համար կազմակերպիչ ակումբին աշխատանքները, բոլոր անոնք, որոնք պիտի մասնակցին այս մրցաշարքին, կիրակի առաւօտեան ժամը 9:30-ին պէտք է ներկայ ըլլան ՀՄԸՄ Պէյրութի ակումբ, որպէսզի կարելի ըլլայ Ա. հանգրուանի (ընդամէնը` 6 հանգրուան) մրցումներուն յայտագիրը շուտ հրապարակել եւ մրցաշարքը աւարտել կանուխ:

Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմակերպած այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերել, պէտք է հեռաձայնեն հետեւեալ պատասխանատուներէն մէկուն Վրէժ Աբրահամեան` 03-336205 եւ Էլի Հուլիշեան` 03-705210:

Share this Article
CATEGORIES